Թատրոնը արուեստի այն ճիւղն է, որ դերասանին ճամբով մեր կեանքը բեմ կը հանէ իր պարզ ու բարդ պատկերներով։ Ան կը համարուի ամենագեղեցիկ գործիքը, որուն միջոցաւ կարելի է ներթափանցել հանդիսատեսին ներաշխարհը ու
նոյնացնել զայն կերպարին հետ։

Թատերական արուեստը պատուաբեր գործ է ու կարեւոր՝ համայնքի մշակութային կեանքի գունաւորման համար։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Շաբաթ 16 Մարտ 2024-ին, Լաթաքիոյ Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան հրաւէրով բեմ բարձրացաւ Քէսապի Համազգայինի «Համօ Օհանեան» մասնաճիւղի թատերախումբը «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութեամբ։

Ձեռնարկին ներկայ էին թեմի Ազգ. երեսփոխանական ժողովի Լաթաքիոյ ներկայացուցիչ Աւօ Կարպուշեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Կարօ Մանճիկեան, Յարաբերական Մարմնի անդամ Յարութ Գաբրիէլեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան եւ Լաթաքիոյ մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու թատերասէր հանդիսականներ։

Բացման խօսք արտասանեց Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Սարին Կիրակոսեան-Գէորգեան, շեշտելով որ Հայ թատրոնը մշակութային հարստութիւն է, հոգեւոր արժէք, ինքնութիւն եւ դաստիարակութիւն, այլ խօսքով՝ ազգի մը մշակոյթին անխափան ղօղանջը, իսկ Համազգայինը հայկական երգն ու պարը, բանաստեղծին խօսքն ու թատրոնը, մեր ազգային ոգին ու համահայկական իտէալները նրբագեղ բանուածքով կը զօդէ ու կը հրամցնէ՝ մշակութային եւ կրթական բազմաթիւ ծրագրերու ընդմէջէն։

Ապա ըսաւ, որ Ալեքսանդր Սարուխանի «Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» կատակերգութիւնը 25 տարի առաջ ներկայացուած է Քէսապի «Սարդարապատ» պատմական բեմին վրայ, եւ այսօր տարբեր տարիքի տաղանդաւոր, թատերասէր անդամներ, քով քովի գալով կրկին ներկայացուցին զայն՝ բեմադրիչ Նայիրի Կարճիկեան-Մելքոնեանի եւ անդամներուն ծով զոհողութեամբ։

Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց երկրիս վսեմաշուք նախագահ Տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ-Ասատին, որուն հովանիին ներքեւ կը վայելենք լիիրաւ քաղաքացիի իրաւունքներ, իսկ մշակութային մեր կեանքը միշտ ծաղկելու կարելիութիւններով կ՚օժտուի։

Ապա բեմ բարձրացաւ թատերախումբը եւ ներկայացուց խաղարկութիւնը՝ բարձր տրամադրութիւն ստեղծելով հանդիսատեսին մօտ։ Վերջինս գնահատեց տարուած աշխատանքը ներկայ կենցաղային ծանր պայմաններուն մէջ ու գնահատեց համազգայնականները, որոնք բեմ բարձրանալով կենդանի կը պահեն թատերական արուեստը։

Նայիրի Կարապետեան