«Գանձասար» Բացառիկ 2024-ի հրատարակութեան առիթով, թերթի խմբագիր Զարմիկ ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան հերթաբար այցելեց համայնքապետներուն՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, հատորէն օրինակ մը նուիրեց անոնց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց օրհնութեան խօսքերով Բացառիկին բովանդակութեան մասնակցութեան համար։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուեցան մամլոյ առնչուող հարցեր, խօսուեցաւ «Գանձասար» Բացառիկին մաս կազմող գրիչներուն եւ հրամցուած նիւթերուն շուրջ ընդհանրապէս։

Համայնքապետները կարեւոր համարեցին «Գանձասար»-ի դերակատարութիւնը համայնքի ազգային եւ հոգեմտաւոր կեանքէն ներս, գնահատեցին Բացառիկի հրատարակութիւնը երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Բացառիկի պատրաստութեան նպաստող բոլոր գրողները, խմբագրակազմն ու վարչութիւնը եւ մաղթեցին որ երիտասարդ գրիչներու պատրաստութեան աշխատանքը նոր թափով շարունակուի։