Հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ ՍՕ Խաչի  Շրջանային Վարչութեան կազմակերպուած էր գնահատանքի հաւաք մը Սուրիոյ մէջ ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի գնդապետ Արկատի Տօնոյեանին ի պատիւ, Շաբաթ, 6 Ապրիլ 2024-ի կէսօրին, ՍՕ Խաչի «Գոհարիկ Համալեան» սրահէն ներս:
ՍՕ Խաչի  Շրջանային Վարչութիւնը այս հաւաքով կը միտէր մտերմիկ եւ զուարթ մթնոլորտի մէջ ողջերթ մը կազմակերպել՝ երախտագիտութիւն յայտնելու գնդապետին մարդասիրական իր աշխատանքին համար:
Յանուն ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան հաւաքին բացումը կատարեց ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան: Ան ողջունեց օրուան հիւրը՝ գնդապետ Արկատի Տօնոյեանը, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեանը, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՍՕԽ-Ազգ.Պատսպարանի եւ Առողջապահական յանձնախումբերու ընկերուհիները, դարմանատան տնօրէնուհին, մնայուն բժիշկը, նախկին Շրջանային վարչութեանց ատենապետները եւ գրասենեակներու պաշտօնէութիւնը:
Գէորգեան յայտնեց, որ այս հաւաքը անգամ մը եւս կու գայ տէր կանգնիլ մեր պարտականութեան եւ մեծարել իւրայատուկ նուիրումով տարիներ շարունակ Հայաստանէն մինչեւ Սուրիա  դժուար ասպարէզի երախտաւոր մը, որ եկած էր իր աշխատանքը կիսելու մեզի հետ եւ իր յաջողութիւնները դարձնելու մեր հպարտութիւնը:
Ան գնահատեց նաեւ մարդասիրական առաքելութեան խումբի իւրաքանչիւր անդամ, որ մասնակցութիւն բերաւ վտանգաւոր եւ սպառիչ ականազերծման աշխատանքին: Շնորհակալութիւն յայտնեց մարդասիրական առաքելութեան ճամբով գնդապետին բերած մեծ ներդրումին եւ յաջողութիւն մաղթեց իր ապագայ նուաճումներուն եւ պատասխանատու աշխատանքին: Ապա ՍՕ Խաչին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց յարգարժան մեծարեալին։
Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած յիշեալ միջոցառումը հրաշալի պատեհութիւն ստեղծեց ծանօթանալու վաստակաշատ գնդապետին անցած ուղիին, որ յաղթական կանգնած էր ՍՕԽ-ի ընտանիքին առջեւ, արժեւորած ըլլալով իրեն վստահուած պարտականութիւնը, պաշտօնն ու կոչումը: Տակաւին խաչուհիները ուրախ էին, որովհետեւ հաւաքուած էին յարգանքի խօսքեր արտասանելու մարդու մը՝ որ հեղինակաւոր ներկայութեամբ քաջարի եւ խիզախ անձ մը ըլլալով հանդերձ, համեստութիւնը իր խառնուածքին գլխաւոր առաքինութիւններէն մէկը ըրած էր ու անոր շնորհիւ կրցած էր հաւասարէ հաւասար խօսիլ ե՛ւ պատսպարանի փոքրիկին հետ ե՛ւ բարձրաստիճան զիննուորականին միշտ պահելով աննախատեսելի սահմանագիծը ուրկէ անդին կը սկսէր գնդապետի պատասխանատու հանգամանքը:
ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան պատմականին անդրադառնալէ ետք, իր սրտի խօսքը ուղղեց Հռիփ Կանանեան, որ ներկայացուց գնդապետին կեանքին կարեւոր փուլերը եւ իւրայատկութիւնները, մատնանշելով անոր աշխատանքին նկատառելի բարեսիրական երեւոյթները, գլխաւոր դրամագլուխ ունենալով իր տաղանդն ու աշխատանքը, պրպտող մարդու միտքը, իր նկարագիրը, որուն կ’ուղեկցէր իր քաջութիւնը, յանդգնութիւնն ու պարկեշտութիւնը: Կանանեան դիտել տուաւ, որ Արկատին մեր առօեային թարգմանը եւ յուշարարը եղաւ իր զուարթախոհութեամբ, երբ անպաճոյճ ոճով ներկայացուց իր կապուածութիւնը հայ համայնքին, յատկապէս՝ Հալէպահայութեան: Անսպառ եռանդով շարունակեց գործել շուրջ տասը տարի պատերազմական պայմաններու մէջ ապրող Հալէպի ժողովուրդին համար եւ մարդասիրական օժանդակութիւններով իր բաժինը բերաւ , զայն համարելով բարոյական պարտք հանդէպ՝ Սուրիոյ պետութեան ցուցաբերած գուրգուրանքին հայ ժողովուրդին նկատմամբ Մեծ Եղեռնէն մինչեւ այսօր:
Յաջորդաբար խօսք առին Շրջ.Վարչութեան նախկին ատենապետ Սեդա Կէրկէրեան եւ ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան։ Կէրկէրեան շնորհաւորանքներ ուղղեց մեծարեալին՝ անոր մարդասիրական եւ համագաղութային գործին նշանակութեան, անցած ուղիին համար, յուսալով որ գնդապետը կ’արձագանգէ մեր ժողովուրդի կարեւոր ակնկալութիւններուն: Ապա Ամպարճեան մատնանշեց թէ մարդասիրական առաքելութեան խմբակները կոթողական իրենց գործով 2019-ին հիմը դրին Հայաստան-Սուրիա փոխգործակցութեան, որ շարունակուեցաւ իրենց հրաշալի զինուորներուն եւ բժիշկներուն շնորհիւ։ Անոնք յանդգնօրէն կատարեցին ծափահարութեան արժանի գործեր, ձեռք բերելով գովելի նուաճումներ: Ան աւելցնելով ըսաւ, որ գնդապետ Արկատին ոչ միայն հմուտ դիւանագէտ մը եւ զինուորական մըն է, այլեւ մտաւորական պատրաստութեան տէր անձ մը, որ գովելի նուաճումներ արձանագրեց Սուրիոյ մէջ:
Մեծարեալ գնդապետը ամփոփ գիծերու մէջ բացատրեց, թէ ի՛նչ է հայ ժողովուրդին համար Սփիւռքը, երկրին հաւատարմութիւնը, Ազգ.-Պետութիւն փոխյարաբերութիւնները եւ կապերու ամրապնդումը: Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն՝ խոստանալով նոր աւիւնով շարունակել իր պարտականութիւնները:
Հաւաքը մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց ներկաներուն մօտ, որոնք ծափողջոյններով գնահատեցին թափուած քրտինքը եւ կատարուած պատասխանատու աշխատանքը այն մարդուն, որ գիտցաւ քայլ պահել ժամանակին հետ եւ յաղթահարել խոչընդոտները, հաւատալով թէ մեր ժողովուրդին դեսպանն է Արկատին հայ ըլլալու վարկով:
Յարգենք մեր բոլոր նուիրեալները, որպէսզի բեղմնաւորուի մեր գործունէութեան անդաստանը:
ՍՕ Խաչի 
Շրջանային Վարչութիւն