Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսէն, Լաթաքիայէն, Քեսապէն եւ Հալէպէն երիտասարդներ ի մի բերած լրագրական սեմինարը առիթ հանդիսացաւ գիտելիքներու փոխանցման ու կարծիքներու փոխանակման։

Արդարեւ, Հիմնուելով ՆՍՕՏՏ Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետին 2024-ը «Մարդուժի Պատրաստութեան Տարի» հռչակելու կոնդակին վրայ, «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ 12 Ապրիլ 2024-ին տեղի ունեցաւ երիտասարդ լրագրողներու միօրեայ սեմինար, Հալէպի Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ կից «Ն.Աղբալեան» սրահէն ներս։

Սեմինարին բացումը կատարեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, ներկայութեամբ Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներուն, «Գանձասար»-ի խմբագիրին եւ վարչութեան անդամներուն։

Սեմինարը սկսաւ սրբազան հօր «Տէրունական» եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց» աղօթքներով։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան, որ անդրադարձաւ մամուլի մարզին մէջ աշխատանքով, փորձառութեամբ եւ նման սեմինարներով հմտութիւն ձեռք բերելու, մտածողութիւն զարգացնելու կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ գրելու վարժութեան եւ ներկայ ժամանակներուն տեղեկատուական դաշտին մէջ մասնագիտական մօտեցում ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան, աւելցնելով որ նման հանդիպումներ առիթ են նաեւ երիտասարդներու աշխարհահայեացքին ծանօթանալու եւ անոնց կարծիքը լսելու։ Ապա հրաւիրեց սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը տալու սեմինարի աշխատանքներուն։

Սրբազան հայրը նախ գնահատեց կազմակերպող մարմինը, ապա խրախուսեց սեմինարի մասնակիցները եւ մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի «Ժամանակը Օգտագործեցէ՛ք» խօսքը, յորդորեց ժամանակը օգտագործելով, ինքնազարգացման հետամուտ ըլլալ՝ հասնելու լաւագոյնին։ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ գիրք ընթերցելու կարեւորութեան նաեւ, վերյիշելով վախճանեալ Գարեգին կաթողիկոսին օրինակը, որ հակառակ բազմազբաղ ըլլալուն, գիր-գրականութեան նուիրուած ու բազում գիրքեր հրատարակած է։ Սրբազանը յորդորեց մամլոյ աշխատանքներուն մէջ առաջնորդուիլ ազգային արժէքներով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ ըլլալ յանդուգն եւ իմաստուն։

Սեմինարին օրակարգը կ՚ընդգրկէր դասախօսութիւններ, որոնց հիմնական նպատակն էր մասնակիցներուն լրագրական գիտելիքները հարստացնել, թերթի աշխատակցութեան վարժեցնել, անոնց քննական մտածողութիւնը խթանել եւ աշխատանքային խմբակներով գործնական վարժութիւններ թելադրել։

Առաջին դասախօսութեամբ Քեսապէն ժամանած դոկտ. Շողիկ Աշըգեան ներկայացուց «Դաշնակցական մտածողութիւնը լրատուութեան եւ հրապարակագրութեան մէջ» նիւթը։ Դասախօսը վերլուծեց Դաշնակցական սերունդներու գաղափարական եւ քաղաքական ուղին, անոր արտացոլացումը մամուլին մէջ, ապա անդրադարձաւ երիտասարդ սերունդի դերին, ինչպէս նաեւ համահայկական մեր հարցերը մէկ ամբողջութեան մէջ դիտելու անհրաժեշտութեան, առանց բաժանումի սեպեր խրելու հայութեան տարբեր հատուածներուն մէջ։

Յաջորդ դասախօսն էր Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Սիւզի Խշուաճեան, որ ներկայացուց «Լեզուական հարցեր լրագրութեան մէջ» նիւթը։ Դասախօսը մասնակիցներուն օրինակներով բացատրեց լեզուական եւ քերականական կարգ մը կանոններ, որոնք անհրաժեշտ են լրագրողի լեզուն անթերի պահելու համար։

Ճաշի դադարէն ետք, «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան ներկայացուց «Լրագրութեան տեսակները եւ հարցազրոյց վարելու արուեստը» նիւթը։ Դասախօսը անդրադարձաւ լրագրութեան տեսակներուն, իւրաքանչիւրին մասին օրինակներ տուաւ եւ տպագիր թէ առցանց հարթակներու վրայ հարցազրոյց վարելու հիմնական սկզբունքներուն անդրադարձաւ։

Այնուհետեւ Ռաֆֆի Քէշիշեան պատկերներով, օգտագործման տոկոսներով եւ իւրաքանչիւրին ընծայած կարելիութիւններով անդրադարձաւ «Մամուլ եւ առցանց հարթակներ» նիւթին։

Ապա «Գանձասար» երիտասարդական խմբակէն Սելա Պազարպաշեան, Համազասպ Շաքարեան եւ Անի Պօղիկեան պաստառի վրայ ներկայացուցին ՀՅԴ մամլոյ ընտանիքը։ Համակարգչային ձեւաւորումը պատրաստած էր նոյն խմբակէն Կիթառ Աւընեանը։

Իւրաքանչիւր դասախօսութեան աւարտին մասնակիցները, բաժնուած 4 խումբերու, գործնական աշխատանքներ կատարեցին ու ներկայացուցին արդիւնքը։

Երեկոյեան մասնակիցները այցելեցին Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ուր Տէր Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան եկեղեցւոյ աւելի քան 550 տարուան պատմութեան ու վերանորոգութեան անդրադարձաւ։

Վերջին դասախօսն էր սուրիական պատկերասփիւռի հաղորդավար, վաստակաւոր լրագրող
Ֆուատ Իզմիրլի, որ նախ մասնակիցներուն հետ այցելեց եկեղեցի, մոմ վառեց ու յիշատակի խմբանկար մը ունեցաւ, ապա ներկայացուց «Ապատեղեկատուութիւն եւ տեղեկատուական պատերազմ» նիւթը։ Դասախօսը լուսարձակի տակ առաւ լրագրողին յանձնառութիւնները, յատկապէս պատերազմի օրերուն, եւ պատմեց Սուրիոյ պատերազմի տարիներու իր փորձառութենէն, մանաւանդ բախումնային գիծերու վրայ նկարահանման դրուագներէն։

Սեմինարի աւարտին Պօղիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ դասախօսներուն, աւելցնելով որ նման հանդիպումներ շարունակական բնոյթ պիտի ունենան։

Ապա Պատկան Մարմնին կողմէ Ներսէս Պարսումեան իր ուրախութիւնը յայտնեց մասնակիցներու աջալուրջ մասնակցութեան, առաջարկներուն եւ գործնական աշխատանքներուն համար, շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսներուն եւ «Գանձասար»-ի վարչութեան, որ կազմակերպչական աշխատանքները յանձն առաւ ու բծախնդրութեամբ իրագործեց։

Աւարտին մասնակիցներուն բաշխուեցան հարցաթերթիկներ, ուր անոնք իրենց կարծիքը յայտնեցին սեմինարին շուրջ եւ առաջարկներ ներկայացուցին։
Սեմինարը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 8։00-ին։

Գարոլին Քիւրքլեան