Դժուար է պատկերացնել մարդկութեան զարգացումը եւ մարդու կեանքը առանց երաժշտութեան։
Երաժշտութիւնը մարդու ուղեկիցն է կեանքի բոլոր հանգրուաններուն մէջ, ան հոգիի լեզուն է, որ կը միաւորէ տարբեր մարդիկ, ազգեր ու մեր դէմ կը բանայ զգացումներու եւ միտքերու ամբողջ աշխարհ մը՝ ի յայտ բերելու նոր ուժեր, կեանքը դիտելու նոր երանգներով եւ նոր գոյներով։

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ին, հովանաւորութեամբ ՀԲԸ Միութեան Սուրիոյ Շրջանակային Յանձնաժողովին, ելոյթ ունեցաւ ՀԵ Ընկերակցութեան «Կոմիտաս»-ի անուան սենեկային նուագախումբը, ղեկավարութեամբ Բժ. Սարգիս Իսկէնեանի։

Ելոյթին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց ներկայացուցիչ Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս Տատաղլեանը, Հայ Աւետարանական համայնքի ներկայացուցիչ Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, ՀՀ գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ Մարդասիրական Խումբի Գնդապետ Արկադիա Տօնոյեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ Լիւսի Իսկէնեան, Ժիրայր Ռէիսեանն ու Փիէռ Մրճանէն, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգային Վարչութեան, հոգեւոր հայրերու, հալէպահայ մշակութային, հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները եւ երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը։
Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերէն ետք, մէկ ու կէս ժամ տեւողութեամբ խումբը որպէս մէկ շունչ ու մէկ հոգի եկաւ, հանդիսատեսին հրամցնելով բարձրորակ երաժշտական ընտրանի մը։

Առողջ սերնդափոխութեան ակնառու քայլ մըն էր ՀԵ Ընկերակցութեան «Արամ Խաչատուրեան»-ի անուան աշակերտական նուագախումբին մասնակցութիւնը, ղեկավարութեամբ Դաւիթ Մելքոնեանի։

Անոնք հակառակ իրենց մատղաշ տարիքին, իրենց վարպետութեամբ եւ գեղեցիկ կատարումով հմայեցին ներկաները։
Ելոյթի աւարտին սուրիացի մտաւորական եւ գրագէտ «Խէյր Ատտին Ալասատի»-ի մրցանակի ներկայացուցիչները բեմ բարձրանալով 2024_ի հայ մշակոյթի վաւերագրութեան մրցանակը յանձնեցին «Կոմիտաս»-ի անուան սենեկային նուագախումբին։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան առաջնորդ Տ. Մակար Արք. Աշգարեանը, որ իր խօսքը սկսաւ Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան աւետիսով, ապա յայտնեց թէ երաժշտութեան ազնուական լեզուով եւ Աստուածային տրուած թրթռացումներով, մեր կեանքի մարտահրաւէրներէն պահ մը վերացած, փոխադրուեցանք տարբեր աշխարհ մը, ուր երաժշտութիւնը իր բուժիչ յատկութիւններով եւ ներգործող զօրութեամբ թեթեւցուց մեր հոգիները։
Սրբազան Հայրը ըսաւ որ «Կոմիտաս»-ի անուան լարային նուագախումբը յաջողեցաւ զինք պահ մը վերացնելով Քրիստոսի ներկայութեան մէջ փոխադրել անցնելով Աւագ շաբթուան հանգրուաններէն, ինչպէս նաեւ ըսաւ թէ անոնք յաջողեցան կենդանացնել մեր ճաշակը, կեանքի նկատմամբ մեր կառչածութիւնը եւ այդ զգացողութիւնը՝ արժեւորելու գեղեցիկն ու Աստուածայինը։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց տեսնելով նոր սերունդի նուրբ եւ գեղեցիկ մասնակցութիւնը որը քաջալերանք է մեր բոլորին ապագան փայլուն տեսնելու, յաջող հորիզոնը տեսնելու, այն յոյսով որ գիշերուան թանձր խաւարէն ետք առաւօտեան արեւը պիտի ծագի եւ լուսաւորէ մեր կեանքը։
Այս ուրախ առիթով Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց ՀԲԸ Միութիւնը, ՀԵ Ընկերակցութինը, նուագախումբի անդամները եւ Բժ. Սարգիս Իսկէնեանը։ Սրբազան Հայրը շեշտեց որ մենք որպէս քրիստոնեաներ եւ որպէս հայեր կոչուած ենք մեզի տրուած շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն ընդմէջէն մեր ներդրումը, լուման եւ պտուղը բերել մեր միջավայրին, ընկերութեան, շրջապատին, ծննդավայրին եւ հայրենիքին նկատմամբ եւ մեր Աստուածատուր հարստութիւնը կիսուիլ ուրիշներուն հետ։
Աւարտին Սրբազան հայրը «Պահպանիչ» – ով փակեց երեկոն։

Շաբաթ, 6 Ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած համերգին ներկայ էր Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, որ խօսք առնելով էական համարեց երաժշտութեան դերը մեր կեանքին մէջ եւ գնահատեց նուագախումբն ու գեղ.ղեկավարը տարուած բծախնդիր աշխատանքին առիթով։