Առաջին գրադարանը որ տեսեր եմ, Հալէպի Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութեան գրադարանն էր եւ Երիտասարդականի գրադարանը: Արդէն երկուքը նոյն փողոցին՝ Թիլէլի վրայ կը գտնուէին, առաջինը՝ Հոգետունին մէջ, երկրորդը՝ ուղղակի փողոցին վրայ գտնուող ակումբէն ներս: Մինչեւ օրս կը յիշեմ մուտքը, բակը իր խաղաղութեամբ եւ Հալէպի դեղին քարերով սալայատակուած, իսկ ձախին՝ գրադարանը, ուր Միհրանն ու Այտան կ’աշխատէին Կիրակի օրերը:
Կը յիշեմ որ այլ միութիւններ եւս գրադարաններ ունէին, ինչպէս Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը: Դպրոցներն ալ ունէին իրենց անհամեմատօրէն փոքր գրադարանները, աւելի «պատշաճ» գիրքերով, մինչ միւսներուն մէջ ամէն տեսակի, կամ գրեթէ ամէն ոճի գիրք կարելի էր գտնել:
Այս գրադարանները տեղադրուած կ’ըլլային ընդհանրապէս միութեան յարկաբաժինէն ներս ժողովի սենեակը, որ Կիրակի օրերը կը ծառայէր որպէս գրադարան, ուր մարդիկ կու գային գիրքեր փոխ առնելու, շաբաթական վճարումով: Փոքր, թերեւս տան մը սենեակէն քիչ մը աւելի մեծ, չորս պատերուն դարաններ, որոնց վրայ գիրքերը շարուած կ’ըլլային զօրքի մը կանոնաւորութեամբ, ընդհանրապէս սեւ կամ սրճագոյն կազմով:
Այսօր եթէ պատանի մը մտնէ այդ օրերու գրադարաններէն մէկն ու մէկը, _ թէեւ անոնք, եթէ տակաւին կան, վստահ եմ որ վերայարդարումի ենթարկուած պիտի ըլլան _ թերեւս շատ մութ եւ շատ փոշոտ գտնէ: Ինծի եւ իմ հասակակիցներուն համար սակայն խորհրդաւոր վայրեր էին անոնք, ուր արտօնուած էինք մտնել, եւ ուր գաղտնիքներու բացայայտումը, գիրքերուն ընդմէջէն, սքանչելի արկածախնդրութիւն էր մեզի համար: Այդ գրադարանները ունէին իրենց հաստափոր մատեան-ցանկերը, եւ ունէին աւելի փոքր տետրեր, ուր կ’արձանագրուէին փոխ առնուած գիրքերուն եւ զանոնք փոխ առնողներուն անունները, առնելու եւ վերադարձնելու թուականներով: Մեզի կը տրուէր փոքր կտրօն մը, որուն վրայ արձանագրուած առնելու թուականին համեմատ, գիրքը վերադարձնելու օրը կը վճարէինք շաբաթավճարը:
Երանելի օրեր էին, երբ ամէն մէկս մէկ կամ աւելի գիրքեր շալկած, գրադարան կ’երթայինք նոր գիրքեր առնելու: Մեր տխրութիւնը անչափելի կ’ըլլար, եթէ գիրք մը ուզէինք, բայց գրադարանավարը «առնուած է» ըսէր: Պատիժի պէս բան մըն էր այդ «առնուած է»-ն. ստիպուած կա՛մ ձեռնունայն տուն պիտի վերադառնայինք, կա՛մ այլ ընտրութիւն մը կատարէինք. բայց այդ այլընտրանքը չէր ունենար մեր փափաքած գիրքին աղուորութիւնը:
Քանի մը անգամ պատժուելէ ետք «առնուած է»-ով, սկսեր էի թղթիկի մը վրայ քանի մը գիրքերու անուններ գրել, հոգ տանելով որ բոլորն ալ ինծի համար առաջնահերթ ըլլան. այդ ձեւով եթէ առաջին գիրքը չկար, երկրորդը չկար, երրորդ-չորրորդը անպայման պիտի ըլլային …։
Բայց կային տուներ, որոնք հանրային գրադարանի մը չափ գիրքեր ունէին, մէկ տարբերութեամբ սակայն՝ այնտեղ գիրքերը հաւաքուած էին ըստ հաւաքողին նախընտրութիւններուն: Այսինքն՝ եթէ տան մը մէջ «Շիրակ»-ի հաւաքածոն գտնէիր, կը նշանակէր թէ այդ ընտանիքը ռամկավար էր կամ համակիր, իսկ «Բագին»-ի հաւաքածոներուն տէրերը կա՛մ շատ գրականասէր էին, կամ՝ դաշնակցական:
Այս վերջիններուն տուներուն մէջ անպայմա՛ն կարելի էր գտնել նաեւ Ռուբէնի «Հայ Յեղափոխականի մը Յուշերը» շարքը, կազմուած կամ ոչ:
Կը յիշեմ որ Պէյրութ գացեր էի եւ զարմիկիս տունը իջեւաներ: Այդ օրերուն քերթուածներս նոր սկսեր էին երեւիլ «Բագին»-ի էջերուն: Մեծ ուրախութեամբ խմբագրատունէն բեռնաւորուած վերադարձայ եւ հպարտութեամբ
տնեցիներուն ցոյց տուի գրութիւններս:
_Դուն դրամ կը վճարես, չէ՞, որ գրածներդ տպեն,_ հարցուց տան տիկինը:
_Խորքին մէջ իրե՛նք պէտք է ինծի վճարեն,_ ըսի խնդալով, բայց խորապէս ցնցուած այս հարցումէն:
Եւ անմիջապէս նայուածքս դարձուցի իրենց փոքրիկ գրադարանին, ուր բազմեր էին «Դրօշակ»-ի գեղեցկօրէն կազմուած հատորները եւ «Հայ Յեղափոխականի Մը Յուշերը»:
_Ասոնք դո՞ւն գներ ես,_ հարցուցի աղջկան,_ գիտէի՛ որ ընտանիքը այնքան ալ մօտ չէ ընթերցումին. թերեւս իրենցմէ մէկը գիրքի սիրահար է, բայց ես լուր չունիմ:
_ Այո՛,_ ըսաւ,_ երբ նորոգեցինք տունը եւ նոր կահոյք բերինք, Համազգայինի գրադարանէն գնեցի այս երկու շարքերը:
_ Կարդացի՞ր:
_ Չէ՜ … գնեցի, որովհետեւ վերի դարանին վրայ աղուոր կ’երեւին այսպէս կազմուած եւ կարմիր …։
Ամերիկացի հեղինակուհի մը, որուն անունը կը վրիպի միտքէս, հետեւողութեամբ ժողովրդական խօսքին՝ «Ըսէ՛ ընկերդ, ըսեմ թէ ո՛վ ես», կ’ըսէ՝ «Ցո՛յց տուր գրադարան մը եւ քեզի ըսեմ թէ ինչ տեսակ մարդիկ են անոր տէրերը»:
Բայց այնքան ալ ճիշդ չէ ասիկա կարծես, որովհետեւ ահա կեցեր եմ գրադարանի մը առջեւ, որուն միա՛յն երկու դարաններուն վրայ շքեղ գիրքեր ցուցադրուած են, բայց որոնց տէրերը ո՛չ մէկ  հետաքրքրութիւն ունին գիրքի կամ ընթերցումի հանդէպ:
Բայց ուրիշ, եւ ինծի համար ՇԱՏ կարեւոր գրադարան մը եւս կայ _ թէեւ գրախանութ, բայց շատ աւելի գրադարանի նման հարազատ, փոշոտ եւ հարուստ _ որ իր օրերուն Հալէպի «տեսարժան վայր»-երէն մէկը կը կազմէր _ ինչպէս տիկին Փառանձեմը _ թէեւ տակաւին չէինք գիտեր ատիկա: Մի՛շտ մեր աչքին առաջ էր՝ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ դէմ դիմաց, եւ չէինք գիտեր թէ իրապէ՛ս տեսարժան էր …
Գիրքերը այնքան շատ էին, որ գետինները դիզուած էին եւ միայն պարոն Կիւլէսէրը կրնար անոնց մէջէն ճամբայ գտնել դէպի խորքերը, ուրկէ հազուագիւտ գիրք մը ուզեր էր մէկը այդ պահուն:
Ընդհանրապէս իր գրասեղանին ետին, գիրքի մը վրայ հակած, երբեմն պարոն Կիւլէսէրը դրան առջեւ կ’ըլլար՝ կորաքամակ եւ ժպտուն, հանդարտօրէն բարեւելով անցնող-դարձողները:
Իր խանութը, հակառակ քիչ մը թափթփած եւ անկանոն ըլլալուն, հանդարտիկ եւ խաղաղ կղզի մը ըլլար կարծես, ուրկէ մտնողը անմիջապէս կ’իյնար գիրքերու աշխարհին կախարդանքին տակ:
Նախ ծնողքիս հետ, ապա մինակս յաճախ գացեր եմ Կիւլէսէրին խանութը գիրք մը գնելու եւ մի՛շտ հոնկէ դուրս ելեր եմ լիովին գոհացած, յագեցած, առած գիրքս կարդալէս առաջ իսկ: Կիւլէսէրին խանութը իսկապէ՛ս գրադարան էր եւ ոչ՝ խանութ …
Իսկ այսօր կը տեսնեմ, հին մամուլը թերթելով, թէ Կիւլէսէր Տէմիրճեան նաեւ թերթերու աշխատակցեր է, ինչպէս օրինակ 26 Դեկտեմբեր 1927-ին Գահիրէի «Լուսաղբիւր»-ին մէջ գրած մէկ յօդուածը, «Կեդրոնական Վարժարան Հալէպի Մէջ» խորագրով, ուր շատ հետաքրքրական նշում մը կ’ընէ.
«Վերոգրեալ երեք կարեւոր վարժարաններէն միայն Կիլիկիոյ գաղթականաց վարժարանները ընդունած են երկսեռ դաստիարակութեան ձեւը»:
Վերոգրեալ վարժարանները կը թուէ՝ Ազգային վարժարաններ եւ Կիլիկեան վարժարաններ:
Գրադարաններու մասին նաեւ … վէպեր գրուած են, բազմաթիւ, անհամար վէպեր, գրաւիչ խորագրերով՝ The Invisible Library, The midnight Library, Library of the Unwritten, The Woman in the Library, The Lions of Fifth Avenue, The Paris Library, The Library of Lost and Found եւ դեռ շատ ու շա՜տ վէպեր:
Ըսեմ նաեւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգին Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ
– Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանին մէջ տեղադրուած է գիրք ծախելու համար նոր գործիք մը, ուրկէ աշակերտները կրնան գնել իրենց արտադասարանային ընթերցումներուն համար թելադրուած գիրքերը:
Կը կարծենք, թէ ասիկա իր նախընթացը չունեցող երեւոյթ մըն է եւ արդիւնք՝ դպրոցին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անխոնջ ճիգերուն, ընթերցանութիւնը հաճելի եւ ցանկալի ընծայելու համար:
Այսօր, հակառակ թուայնացումին, բազմաթիւ գրադարաններ կը շարունակեն պահել իրենց գոյութիւնը – այս ահաւոր սղաճի օրերուն՝ աւելի եւս – եւ անոնց գրադարանավարները մեծ ճիգ կը թափեն պատանիներն ու երիտասարդները գրաւելու համար զանազան նորարարական ձեւերով: Յաճախ կը յաջողին նաեւ:
Մարուշ Երամեան