1.- Ի՛նչ կ’ուզէք՝ անուանեցէք
Եղբա՛յր, ի՛նչ կ’ուզէք՝ անուանեցէք, սնահաւատութիւն, սնոտիապաշտութիւն… Ուրիշ բառ կա՞յ չեղածն ու չըլլալիքը իբրեւ եղած ընդունելու հաւատքին համար։  Բայց կայ այդ հաւատքը, ու անկէ ձերբազատիլ հնարաւոր չէ։ Մեզի հաւատացուցած էին, որ նոր քոյրիկները ծովէն կը բերեն, եւ ես աչքով տեսածի պէս, այդպէս իրակա՛ն, տեսայ, թէ ի՛նչպէս հայրս իշուկին պախուրցէն բռնած՝ մտաւ մեր բակը, իշուկին վրայ՝ Լուսին քոյրիկս…
– Ծովէն բերի,- ըսաւ հայրս։
Աչքիս առջեւ է պատկերը։
Հիմա դուն կը ծիծաղիս, ես ալ կը ծիծաղիմ։ Բայց չէ՞ որ տեսայ, տեսայ աչքով տեսածի պէս։
Կ’ըսէին նաեւ, որ մանչուկները կը բերէին Քորքենց ձիթենիի փչակէն։ Հսկայ ձիթենի մըն էր։ Փչակին մէջ կիներ երբեմն մոմ կը վառէին, ադար կը կապէին ծառի ճիւղերուն։ Կ’ըսէին, թէ անոնք մանչ զաւակ կը խնդրեն։
 Ես ալ կ’ուզէի, քոյրերս ալ կ’ուզէին, որ Քորքենց ձիթենին մեզի աղբարիկ մը տայ։
Օր մը պահմտոցիկ խաղալու ատեն՝ Շամբոն մտեր էր փչակին մէջ։ Գտայ ու լաւ մը տփոցեցի։
– Ի՞նչ գործ ունիս աղբարիկիս քով,- ըսի։
Իմ ալ աղբարիկս այդտեղէն պիտի գայ,- պատասխանեց Շամբոն լալագին։
Հեքիաթը մեզի հետ էր ամէն տեղ։
2.- Աճուճ-Պաճուճները
Ի հարկէ, գիւղի տղաքս ժամանակ կը գտնէինք մեզմէ բացի, մեզմէ դուրս այլ էակներով ալ հետաքրքրուելու։ Աղջիկները փսփսուքով բաներ մը կը պատմէին տունը՝ պահարաններուն, օժիտի սնտուկին ու մառանին մէջ իրենց այն տնեցիներուն մասին, զորս «մեզմէ լաւերը» կը կոչէին։ Մանչերը  աւելի հետաքրքրուած էին խոր անտառներուն մէջ, ծմակ տեղերը մեծ բազմութեամբ ապրող աճուճ-պաճուճներով, որոնք մէկ թիզ հասակ ու եօթը թիզ մօրուք կ’ունենան եղեր։ Կը պատմէին, թէ ասոնք պիտի տիրեն աշխարհին, եւ ատիկա պիտի ըլլայ աշխարհին վերջը։  Ասոնք պճլիկ բաներ էին, ու մեր երեւակայութեամբ՝ ծառի ցoղունին վրայ վեր ու վար ընող մրջիւններէն շատ չէին տարբերեր։   Ասոնցմէ չէինք վախնար։ Թփուտներուն տակ կը փնտռէինք աճուճ-պաճուճները։
Ճանոն պարսատիկով կարմրալանջ թռչուն մը վիրաւորեր էր։ Թռչունը ինկեր էր թփուտին մէջ։ Ուր կ’ուզես իյնայ՝ որսորդը պիտի վազէ անոր ետեւէն։ Մտաւ Ճանոն թփուտին մէջ, սողաց ու գնաց։ «Գտա՞ր» կը կանչէինք բացատէն։ «Հիմա» կը պատասխանէր ան մութ տեղերէն։
Ու մէյ մըն ալ ճչալ եւ պոռալ սկսաւ.
– Մամա՜, աճուճ-պաճուճները վարտիքիս մէջ մտան, հասէ՜ք, կը խայթեն զիս։
Վազեցինք, մտանք թփուտին մէջ, ոտքերէն քաշելով հանեցինք դուրս, քաշեցինք  իջեցուցինք կարճ տաբատը, որ լեցուն մրջիւն է։ Փտուկ փայտին մէջ բոյն դրած մրջիւնները լեցուած էին տղուն վարտիքին մէջ։
– Չէ՜, ասոնք չէին, աճուճ-պաճուճներն էին,- կը պնդէր Ճանոն։
3.- Ծովանոյշը
Զրոյց կայ, թէ մեր Գարատուրանի ծովուն մէջ ծովանոյշ կայ, մարմնի վարի մասը՝ ձուկ, վերի մասը՝ գեղեցիկ աղջիկ։ Ան իբրեւ թէ լոգանք կ’ընէ Հոտած Ջուր կոչուող ծովածոցին մէջ, ուր ուժգնօրէն կը փլթփլթայ ստործովեայ աղբիւրը։ Լոգանքէն ետք կու գայ, մեր նեղ ծովածոցին մէջ, Չափարո կոչուած քարին վրայ պոչը կը ծալլէ, կը նստի ու մազերը կը սանրէ։
Շատեր կը պնդէին, որ տեսած են ծովու աղջիկը։ Վարի թաղէն Սիանոս Սուլեանը անոնցմէ մէկն էր:
– Ան ձեռքով բարեւեց ու մտաւ ծովը,- կը պատմէր,- մազերը կը սանրէր:
Խելքը գլուխ այս մարդիկ չէին քաշուեր իրենց տեսածը պատմելէն։
Վահան Պապուկենց բակին մէջ զրոյց բացուած էր. խնդալով ծիծաղելով կը խօսէին ծովանոյշը տեսած մարդոց միամտութեան վրայ։ Վահան Պապուկը յանկարծ պոռաց.
– Ի՛նչ կը ծիծաղիք մարդոց վրայ, ծովանոյշը կայ, ե՛ս տեսայ։
– Ի՜նչ,- զարմացած ըսաւ Ռահէլ Նանարը,- Վահան, մա՛րդս, ի՞նչ կ’ըսես…: Ուրեմն ամէն Շաբաթ իրիկուն մինչեւ Կիրակի առտու դուն ծով կ’երթաս ձո՞ւկ որսալու, թէ ծովու աղջկան հետ ժամանակ անցընելու, հը՞…։
Վահան Պապուկին ալ գաղտնիքը մէջտեղ ելաւ։ Փնթփնթաց, տռտռաց, կնկան խէթ-խէթ նայեցաւ ու ելաւ պարտէզ գնաց։
4.- Արվանտը կլլեց
Մեծ ու պզտիկ կը հաւատային, թէ աւերակ սրբավայրերուն մէջ կայ ոգեղէն մարդ մը՝ երկար մօրուքով, սպիտակ մօրուքով Կիղիցիկ Պապուկը։  Քեսապցիք կիղիցիկ կը կոչեն լքուած ու աւերակուած նախկին եկեղեցիները, որ հիմա ուխտատեղիներ են։ Հոն ուխտեր կ’ընեն, միսով-սիսեռով ուխտապուր կամ կիղիցիկապուր կը պատրաստեն, հաւաքական ճաշ կ’ընեն, բայց կիղիցիկի տարածքէն ոչ մէկ բան տուն կը տանին, ոչ մէկ բան, կօշիկն ալ կը թօթուեն ու այդպէս կ’ելլեն կիղիցիկէն դուրս։ Կիղիցիկ Պապուկը կը պատժէ։ Իբր յանցագործը գիշերը շնչահեղձութիւն կ’ունենայ, գէշ երազներ կը տեսնէ, Կիղիցիկ Պապուկը իրեն կ’երեւի ու կը հրամայէ աւանդը ետ տեղը տանիլ։
Կիղիցիկներու շրջապատին մէջ անպայման հնութիւններ ալ կ’երեւին, նաեւ հին աղբիւր մը կամ ջրհոր մը։ Կը հաւատացնէին, թէ այդ տեղերը արվանտը կ’ապրի։ Մեծերը կը զգուշացնէին մեզ, որ ճախճախուտներուն մէջ չմտնենք, ջրհորներուն չմօտենանք, աղբիւրի խորշէն ներս չսողոսկինք. «Մի՛ մօտենաք այդ կողմերը,- կ’ըսէին,- արվանտը կը կլլէ ձեզ»։ Բոլոր գիւղերուն մէջ ալ արվանտի մասին զրոյցներ կային, տեղ մը ան թռչող օձ էր, ուրիշ տեղ՝ եղջերաւոր օձ, մէկ խօսքով՝ իրականութեան եւ հեքիաթի միջեւ գտնուող ահարկու արարած մը։ Աշխարհի վրայ միայն քեսապցիները վիշապին արվանտ կ’ըսեն։ Կը հաւատան, որ արվանտը Գանձի  պահակն է, իսկ ի՞նչ է Գանձը… ջուրի ա՞կը, մօտիկ գտնուող հնավա՞յրը, աւերակուած սրբատեղի՞ն, թէ՞…հնչուն հարստութիւն մը։
Գանձագողեր կը հետեն արվանտը, այսինքն՝ կը փնտռեն դէպի գանձ տանող անոր հետքերը: Վերջերս անոնք զինուած են ստորգետնեայ մետաղական իրերը ազդաձայնով գտնող գործիքով ու ամէն տեղ աւեր կը գործեն։ Անոնք խորանի պատէն վար գլորած էին Գարատուրանի Ս. Գէորգի 18-րդ դարու արձանագրութեան քարը, խորունկ փոս մը բացած էին Արամոյի Ս. Գէորգի մկրտարանին առջեւ ու վտանգած՝ պատմական եկեղեցին։
Հաւատք կայ, որ Կիղիցիկ Պապուկը արվանտի միջոցով ծանրօրէն կը պատժէ խաչագողերը, մինչեւ իսկ անոնց սերունդները չեն ազատիր պատիժէն։ Ի դէպ, ուրիշ տեղ Սուրբը կը սպաննէ վիշապը. յիշեցէ՛ք Ս. Գէորգի սրբանկարը: Քեսապի մէջ Կիղիցիկ Պապուկն ու արվանտը կը գործակցին Գանձը պահելու պահպանելու գործին մէջ։ 23 Յուլիս 1974-ին Գարատուրանի վերի թաղի կիղիցիկին մօտիկ ջրհորին մէջ արկած կը պատահի, 11 հոգի կ’իյնան շարժիչի արտանետած կազով թունաւորուած ջրհորին մէջ. հինգը կը մահանան։ Ոմանք կը հաւատան, որ այստեղ չարիքի մը մատը կար, թաղեցիներ բարկացուցած էին Կիղիցիկ Պապուկը, զայրացուցած էին արվանտը։ Այդ մեծ ցնցումին առջեւ մարդիկ ափ ի բերան կը փսփսային.
– Մեղայ, թի գիւտիս արվանտը պլղից զիրենք (Մեղայ, կարծես արվանտը կլլեց զանոնք)։
Ահա եւ այսպիսի բաներ ալ կան իրականութեան մէջ։
5.- Աստղային գնդիկները
Նանարը,_ բոլոր տարեց կիները նանար կը կոչէինք,_ ամռան գիշերները կը հաւաքէր մեզ՝ իր թոռներն ու անոնց տարեկիցները, տանիքը փռուած օթոցներուն վրայ: Գիշեր ատեն տան տանիքէն դիտելու արժանի միակ բանը երկինքն էր։ Մեր պատառ մը երկինքին չափ աստղալից երկինք ես երբեք տեսած չունիմ։ Երկու լեռներու միջեւ ինկած այդ խոր կիրճին վրայ երկինքը կը բանար իր բոլոր գաղտնիքները։  Նանարը կը բացատրէր աստղերուն ու աստղաբոյլերուն  ձեւն ու կու տար անունները՝ Կանգուն Կշեռք, Եօթը Աղբրտիք, Գողի Ճամբան, Մեծ Ծափիկ, Փոքր Ծափիկ, Լուսաստղը։ Մեր պատմութեան դասագիրքէն գիտէինք, որ Գողի ճամբան կը կոչուէր Յարդգողի Ճանապարհ։ Մեծ Ծափիկն ու Փոքր Ծափիկը մեծ ու փոքր արջերն էին: Մեր բարբառով ծափը տապակն է։
_ Նանա՛ր, ի՞նչ է ատոր անունը։
_ Մատով ցոյց մի՛ տաք, աստղը կը մարի,_ կը բացատրէր Նանարը՝ մեր մատիկը վար հրելով։
Կը հաւատայինք, որ ամէն ծնունդի աստղ մը կ’աւելնայ, ու մենք կը փորձէինք մեր աստղը գտնել երկինքին վրայ:
Ասուպ մը կը թռէր ու կ’անհետէր լեռան ետին։
_ Աստուած ողորմի,_ կ’ըսէր Նանարը,_ մէկը մահացաւ:
_ Ո՞ւր ինկաւ,_ կը հարցնէինք մտահոգ:
_ Պաշորտի գերեզմանատունը,_ ըսաւ անգամ մը:
_ Ի՞նչ եղաւ:
_ Փշրուեցաւ գնդիկ եղաւ, ի՛նչ պիտի ըլլայ:
Այն ատեն գնդիկը մեր ամէնէն սիրելի խաղալիքն էր, բայց բոլորիս չէր վիճակուեր առատ գոյնզգոյն գնդիկներ գնել շուկայէն։ Մերը, շատ անգամ, գետահունէն կամ ծովափէն հաւաքուած խումպապիկն էր, կըս-կլոր, ողորկ ու դիմացկուն քարը:
Կէսօրին, երբ մեծերը միջօրէի մրափը կը քաշէին, Վարդանն ու ես որոշեցինք երթալ Պաշորտ՝ գնդիկ հաւաքելու։ Վերի կածանը բռնեցինք ու բարձրացանք լեռնանցքն ի վեր։ Գիտէինք, որ այդ կածանը Պաշորտ կը տանի։
Մեր դէմը ելաւ վերի թաղի Ստեփան ամմոն.
_ Ո՞ւր կ’երթաք այդպէս, տղա՛ք,_ հարցուց։
_ Նանարը ըսաւ, որ աստղը ինկաւ Պաշորտ, փշրուեցաւ գնդիկ եղաւ, կ’երթանք հաւաքելու։
_ Վա՜հ, ուշ մնացեր էք, բոլոր գնդիկները ես հաւաքեցի տուն տարի,_ ըսաւ, համոզեց տարաւ տուն: Բակի թթենիին տակ, հինգ քար ու սալուկ կը խաղային Ստեփան ամմոյին հինգ թէ վեց աղջիկները. անոնք գնդիկն ի՜նչ ընէին…։ Ստեփան ամմոն հինգական գնդիկ դրաւ մեր ափերուն մէջ ու ճամբեց։
Այսպէս, եւ մենք ունեցանք մեր աստղային գնդիկները։
Ստեփան ամմոն չքանդեց մեր հեքիաթը:
6.- Բարի ճամբայ քեզի
Լսեցինք, թէ Քերոբ պապուկը նոր ակռայ հաներ է: Ծոռները հատիկ եփեցին, ակռահատիկ սարքեցին, ու ամէն մարդ գնաց Քերոբ պապուկին նոր ելած ակռան շնորհաւորելու:
Հալէպէն ատամնաբոյժ մըն ալ եկաւ ակռատեսի:
Ըսաւ՝ լինտը մաշեր է, լնտոսկրը՝ ցցուեր:
Ոչ ոք հաւատաց: Բոլորը գիտէին, որ Քերոբ պապուկը նոր ակռայ հաներ է:
104 տարեկանին մահացաւ: «Օրհնեալ մահ է», ըսին: Ո՛չ ախ, ո՛չ վախ: Գիւղի մարդիկ իրարու ձայն տուին, մէկ-երկու հոգի գնաց դագաղ շինելու, միւսերը  ելան գերեզմանոց՝ փոսը փորելու։ Հազար ու մէկ բան կար պատմելիք Քերոբ պապուկի մասին, որ տեսեր էր 1896-ի հնչակեաններու ձերբակալութիւնը, 1909-ի Թալանտը, Տարագրութիւնն ու տունդարձը, ինչեր ու ինչեր։  Մեռելի մասին լաւն ալ կը խօսին, գէշն ալ: Այս մարդուն մասին գէշ բան պատմել դժուար էր: Օր մը ելեր է Շուշանին առջեւ՝ ըսեր. «Աղջի՛կ, առ զիս, թէ չէ կը փախցնեմ»: «Պէտք չկայ,_ ըսեր է Շուշանը, շէնքով-շնորհքով թող ըլլայ, ուզնկաններդ իրիկունը մեր տուն ղրկէ»։ Իրենց կեանքն ալ շէնքով-շնորհքով լեցուն եղած էր։
Վարի թաղէն խումբ մը դագաղը ուսամբարձ բերին կամաց-կամաց;  Ետեւէն սեւազգեստ կիները կու գային։ Շուշան նանարը պարելով կու գար։ Քեսապցիները կորուստի մը վրայ կատարուող ողբին պարել կ’ըսեն:
_ Աճապարեցիր, կտրի՛ճ Քերոբս,_ կը պարէր Շուշան նանարը,_ տակաւին երէկ կացինը առած՝ չոր կաղնին տապալեցիր, փայտս պատրաստեցիր… Բարի ճամբայ քեզի, Քերոբս, բարի ճամբայ…
7.- Մրջնակապ
Վարդի Դանիէլեանին Մրջիւնը բոյն ունէր բակին մէջ: Միշտ ալ հոն եղած էր: Սեւ, կարճոտն մրջիւններ էին։  Տեսնելու բան էր անոնց երթուդարձը իրենց բացած մաս-մաքուր արահետին վրայ։ Մէկը ցորենի հատիկը գրկած կը վերադառնար մրջնաբոյն, միւսը արագ-արագ կ’ուղղուէր դէպի մառան, դէպի մեր ցորենի ամբարը: Պահ մը կը կենային դէմ-դիմաց, մէկը կարծես կը հասկցնէր, թէ «Գնա՛, դեռ շատ կայ», միւսը կ’ըսէր «Թեթեւ երթաս, շուտ դառնաս»։
Մեր այցելուները պահ մը կը կենային մրջիւններու ճամբուն առջեւ, ապա մեծ քայլ մը առնելով կ’անցնէին վրայէն, զգուշանալով որ մէկը չմնայ ոտքի տակ: «Մեղք ունի, ան ալ տան հոգ ունի» կը մտածէին: Բարի մէկուն ակնարկելով կ’ըսէին. «Մրջիւնի վրայ չի կոխեր»։ Ո՞վ կը կոխէր որ…
_ Օրհնածնե՛ր, կալն ու արտը ձգած հիմա ի՞մ ամբարս գտաք,_ կը բողոքէր մայրս:
Կալի, հունձքի ատեն էր. ամէն տեղ հատ ու հատիկ կար։  Լաւլաւ ծերունին ճամբուն վրայ շալակէ ինկած հասկերը կը հաւաքէր, կը փշրէր ափին մէջ, փչելով կ’երնէր ու ափի ցորենը կը դնէր քարի մը վրան։
_ Այս ալ թռչուններուն ու մրջիւններուն համար թող ըլլայ,_ կ’ըսէր։ 
Գարուն աղբրկինը մօրս խորհուրդ տուաւ, որ Լէյլիկ Ճրճիին դիմենք. ան մրջիւնի ճամբան կը կապէ, սա ըսել էր՝ մրջիւնները ուրիշ կողմ, դէպի արտ ու կալ  կը մղէ։ 
Վազելով իջանք գացինք.
_ Պապո՛ւկ, մրջիւնը մեր ամբարի ցորենը կը գողնայ, ճամբանին փակէ՛:  
Ճրճի պապուկը հանեց կարմիր գլխարկը, դրաւ ծունկին վրայ, գիրք մը հանեց բարձին տակէն ու դրաւ գլխարկին վրայ, աչքերը փակեց ու աղօթքի պէս բաներ մը մրմնջեց: 
_ Գացէ՛ք, մեր թութը եղեր է, կուշտ թութ մը կերէ՛ք, յետոյ տուն դարձէ՛ք,_ ըսաւ ու գիրքը դրաւ բարձին տակ, գլխարկն ալ՝ գլուխին:
Տուն հասանք, որ Սառիկ աղբրկինը վլվլուք փրցուցեր էր մեր բակին մէջ: Վրան գլուխը թաց ու ցեխ էր: Հերթական կռիւ ըրած էր վարի թաղի Տղայ Սակային հետ, որ ամէն օր կու գար աղբիւրի գուռին մէջ հաւաքուած ջուրը կ’առնէր կը տանէր, Սառիկին ածուն անջուր կը ձգէր: Ասիկա ըլլալիք բան չէր Սառիկ աղբրկինին համար, ըստ իրեն՝ Սական իրաւունք չունէր մեր աղբիւրէն ջուր առնելու, հը՞, վարի գուբերուն ջուրը իրեն չի՞ բաւեր…։  Այս անգամ Տղայ Սական բարկացեր էր, բռներ էր Սառիկի օձիքէն, պառկեցուցեր առուակին մէջ, գուռին մէկ դոյլ ջուրն ալ վրան թափեր…
_ Ոտքերը կոտրին՝ չհասնի մեր աղբիւրին,_ կ’անիծէր Սառիկ աղբրկինը։
Լէյլիկ Ճրճիին մրջնակապը աւելի արդար կը թուէր մեզի, քան Սառիկ աղբրկինին անէծքը։ 
8.- Գայլկապ
Այդ օր, առաջին ու վերջին անգամ  ըլլալով, մեր Զէյթուն կովն ալ նախիրին հետ լեռ ղրկեցինք։ Ան միշտ տնամերձ խոպաններուն մէջ կ’արածէր։
Իրիկուան՝ նախիրը վերադարձաւ, բայց մեր Զէյթունը չեկաւ։ 
_ Օտար կով է, նախիրէն դուրս ելած ու մէկ կողմ հեռացած ըլլալու է,_ ըսին նախրապան տղաքը։
Արդէն ուշ էր։ Մութը պառկած էր հովիտներուն մէջ ու  քունը, կամաց-կամաց, կը տանէր դէպի լեռնային կածանները։ Ելանք տանիք ու ականջ տուինք։  Բառաչ մը պարբերաբար կ’արձագանգէր լեռան մէջ, բայց ոչ ոք կը հասկնար, թէ ո՛ր ձորէն, ո՛ր բլուրին ետեւէն։ Յայտնապէս տան ճամբան կորսնցուցած կովու բառաչ էր։
Ըսին՝ ինչ կ’ըլլայ, ինչ չ’ըլլար, Տիկին Եւան գայլկապ թող հանգուցէ։ 
Վազեցի վերի թաղ, դասընկերոջս՝ Վահագին ըսի, որ մեր կովը լեռը մնացած է, մայրդ թող գայլին բերանը կապէ։
Տիկին Եւան գիրք մը բացաւ, վարդարանը սեղմեց ափերուն մէջ, աչքերը փակեց, խաչակնքեց, թել մը դերձան հանգոյց ըրաւ ու զետեղեց գիրքին մէջ։ 
Վահագն ու ես կը պատկերացնէինք, որ հիմա երախները բացած գայլերը քարացած մնացած են մեր կովուն շուրջ։ Վահագ կը վստահեցնէր, թէ կովը առտուն կը գտնուի, շուտով հորթուկ կը բերէ, ու ոսկի դալը միասին կը վայելենք։
Առտու կանուխ մեր աչքն ու ականջը լեռան էին, երբ վերի թաղէն Յովսէփ ամմոն Զէյթունը առջեւը ձգած մեր ճամբան դարձաւ։ Կովը բակ մըտնելուն պէս փռշտաց հատ մը ու գնաց կեցաւ թթենիին տակ՝ յանցանքի մէջ բռնուած մեզմէ մէկուն պէս։ Յովսէփ ամմոն կը բողոքէր, որ կովը մտեր է իր արտին մէջ, կերեր պառկեր է, քուրձ մը ցորենի վնաս տուեր է իրեն։
_ Հատուցում կը պահանջեմ,_ կ’ըսէր։
Վարի թաղէն Գրգուր ամմոն ալ հասաւ:
_ Յովսէ՛փ,_ ըսաւ,_ բան մը ըսէ՛, որ հաւատանք, արտերը արդէն հասուն են,  կով մը երկու քիլո ցորեն ալ ուտէ, անմարսողութենէ կը տառապի, չի կրնար որոճալ, կը պառկի կը մնայ… Յետոյ ես այդ արտդ գիտեմ, ամբողջ արտէն քուրձ մը ցորեն, որ ըսել է հարիւր քիլո,  չես կրնար հանել։
_ Ես իմ վնասս գիտեմ, քուրձ մը ցորեն… Գայլին բերանը կապելու տեղ ձեր կովուն բերանը կապել տայիք,_ կը հեգնէր ամմո Յովսէփը։
9.- Յոբելեարը
Համաստեղի (ծն. 1895) ծննդեան 70-ամեակին  հանդիսութիւններու շարք մը սկսած էր Սփիւռքի մէջ։ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակէն անմիջապէս ետք խորհուրդ մըն ալ ունէր այս յոբելեանը։ Մեզի համար  կորուսեալ գիւղն ու հայրենին ոգեղինացնող գրողն էր Համաստեղը իր «Գիւղը» եւ «Անձրեւը» պատմուածքներու ժողովածոներով եւ յաջորդող գործերով։
Ուրիշ բան ալ կար։ Ուզած էին մեծ գրողը պատուել իր կենդանութեան, երբ մենք սովոր էինք եւ ենք մեր հատուածական ածուին «մեծ»-երը միայն մեծարելու դիտաւորութեան։
1966-ի դպրոցական վերամուտին էր։ Այնճարի  մէջ  հանդիսութիւն մը կազմակերպուեցաւ տղոց գիշերօթիկնոցի բակին մէջ։ Բակը լեփ-լեցուն էր հանդիսականներով։ Օրուան բանախօսն էր մուսալեռցի-այնճարցի Եդուարդ Պոյաճեանը (ծն. 1915)։ Կ’ըսէին, թէ ան ալ գիւղագիր մըն է։ Ես արտասանեցի Համաստեղի՝ Հայաստանի լեռներուն սրնգահարի երգը՝ «Ես չոպանն եմ Հայաստանի լեռներուն, չոպան ու պան, զանգ ու զնգան լեռներուն»։ Պոյաճեանը ոտքի էր, ամպիոնի ետին։ Վերէն կը նայէր ինծի։  Թուաց, որ գաճաճի տեղ դրաւ զիս այդ հսկան, ո՛չ ժպիտ ունէր, ո՛չ ալ դժգոհութեան նշան, կամ ես այդքան վարէն չկրցայ նկատել։
Հանդիսութենէն կարճ ժամանակ մը ետք, 13 Հոկտեմբեր 1966-ին, մահացաւ Եդուարդ Պոյաճեանը։ Համաստեղի կրտսեր գրչակիցը մահացաւ։   Թաղումին գացինք. Այնճարի գերեզմանատունն էր։ Հոն ըսին՝ սա Անդրանիկ Ծառուկեանն է, սա Պօղոս Սնապեանը, սա… սա…։ Փնտռեցինք Պոյաճեանի «Տոմար տարագրի» գիրքը. շատեր կարդացին. հոն կը պատմէր մուսալեռցիներու այս նոր կայքին՝ Այնճարի ծննդոցին մասին, լուցկիի տուփի նմանող տուներ, համանման ցեխոտ փողոցներ, ճախճախուտներ, մահտարաժամ, հայրենաբաղձութիւն, լուտանք եւ օղի…։ Սեդրաք կը մտածէր. «Հայաստանի իշխանաւորը Սատանան ըլլար, անոր պիտի պաղատէր, որ ընդունի զինք եւ տանի երկիր»։
Բոլորս ակնդէտ կը սպասէինք Համաստեղի յոբելենական  եզրափակիչ հանդիսութեան, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենար Պէյրութի մէջ։ Համաստեղ ներկայ պիտի ըլլար։ Պէյրութ հասնէր՝ Այնճար չելլէր, չէր ըլլար։
Բայց ատկէ առաջ կարգը Նիւ-Եորքին էր։ 26 Նոյեմբերին 1966, Համաստեղ ներկայ էր, բեմ հրաւիրուեցաւ  ու հոն ալ ինկաւ իր կրտսեր գրչակիցին ետեւէն։ Բեմին վրայ։ Յոբելեարը բեմին վրայ մահացաւ։
Լիբանանի մէջ ծրագրուած եզրափակիչ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ առանց յոբելեարին, 12 Փետրուար 1967-ին։
Մեր ժողովուրդը ուզած էր իր կենդանութեան պատուել մեծ հեղինակը։
10.- Պարոն Արուքեանը
Կաշիէ գունաթափ պայուսակը անութին տակ սեղմած, միւս թեւն ալ տիկնոջ տուած՝ կը մտնէր դպրոցի դարպասէն ներս։ Պարոն Սամուէլ Արուքեան ըսին։ Ատիս Ապապայէն եկած էին, ինք՝ նախկին տնօրէն, ուսուցչապետ, թարգմանիչ, գրող, վեց թէ եօթ լեզուներու գիտակ։  Մեզի աշխարհագրութիւն եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն կը դասաւանդէր, ուրիշ դասարանի մը՝ հանրահաշիւ, ուրիշ տեղ մը՝ բնագիտութիւն. ամենագէտ մարդ էր։
Աշակերտը ամէն տեղ նոյնն է։ Պարոն Արուքեանը դասանիւթէն  դուրս հանելու համար կը բաւէր ըսել ՝ Մեծ Եղեռն, Ամերիկա, կուսակցութիւն։ Մէկն ու մէկը։ Մենք գոց գիտէինք իր անցեալը, մանաւանդ Մեծ Եղեռնի տարիներուն ապրած իր ոդիսականը, քիւրտերուն քով իր ծառայութիւնը, հայութեան վերադառնալու իր խիզախութիւնը: Յետագային երբ կարդացինք Արամ Հայկազի «Չորս Տարի Քիւրտիստանի Լեռներուն Մէջ» գիրքը՝ հերոսներուն մէջ պարոն Արուքեանը կը փնտռէինք։
_ Ինծի չհարցուցին ի՛նչ յարանուանութեան ու կուսակցութեան պատկանիլս, զիս խոշտանգեցին իմ հայ ըլլալուս համար,- կ’ըսէր։
Գիտէինք նաեւ ամերիկաբնակ իր երկու զաւակներուն մասին, բայց Պարոն Արուքեան ո՛չ զաւակներուն պէտք կը զգար, ո՛չ ալ անոնց տոլարներուն. Ամերիկան իրեն համար գերեզման մըն էր, գերեզման, կը հասկնա՞ք…
_ Առանց հայերէնի՝ ի՜նչ հայ,- կը բացագանչէր։
Տիկին Տիգրանուհին զբօսանքին կը մօտենար մեզի, կը դիմէր ըսելով.
_ Երուանդ, Յակոբ, ա՛ղուորներս, դասարանին մէջ Պարոն Արուքեանին Եղեռնի, Ամերիկայի եւ կուսակցութիւններու մասին հարցում չընէք, գիտէք ինչ կ’ըլլայ…
Ու կը մեղքնայինք հրեշտակի նմանող այդ կնոջ՝ Տիկին Տիգրանուհիին։
Վիճակը վատթարացաւ։ Պաշտօնի վրայ պահել հնարաւոր չէր։ Պէյրութի մէջ Օթէլ Լիւսք տեղափոխեցին։ Յատուկ բաժին տրամադրուած էր իրենց կեցութեան համար։ Երուանդ ու ես պարբերաբար կ’այցելէինք իրենց։  Պարոն Արուքեան նարտիի սեղանին առջեւ նստած կ’ըլլար ու քարերը հոս ու հոն կը տեղափոխէր, որո՞ւ հետ կը խաղար, ի՞նչ քայլ կ’առնէր՝ գիտէ՞ր արդեօք։  Չէր ճանչնար մեզ։ Կը նստէինք դիմացը ու հերթաբար մեր քարն ալ կը տեղափոխէինք իրմէ ետք։  Լռութիւն։ Քարերու շրխկոցէն բացի։
Վաչէն ու Վահէն ամէն օր կապի մէջ էին իրենց մօր հետ։ Կ’ուզէին, որ վայրկեան առաջ պապան ու մաման իրենց քով ըլլային։
Թուղթերը իրենց լրումին հասան. մեկնումի պահն էր։
Կաշիէ գունաթափ պայուսակը անութին տակ սեղմած, միւս թեւն ալ տիկնոջ տուած՝ Պարոն Արուքեանը Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ, բարձրացաւ օդանաւին սանդղակէն, ու հոն, դուռին առջեւ, պահ մը  միտքը պայծառացաւ, զգաց ու հասկցաւ, որ ասիկա՝ ա՛յս դուռը,  Ամերիկայի դուռն է, որ դաւադրաբար զինք ներս կը քաշէ։
Ամերիկայի դուռը։
Մեր՝ աշակերտներուս մէջ տարածուեցաւ զրոյց մը, թէ Պարոն Արուքեան յանկարծամահ եղաւ  հոն. կաշիէ գունաթափ պայուսակը անութին տակ սեղմած, միւս թեւն ալ տիկնոջ տուած ինկաւ հոն՝ Ամերիկայի դուռին մէջ։
Երեւի կ’ուզէինք, որ այդպիսի աւարտ ունենայ այս հայուն աւանդավէպը։
11.- Թաղուած տապանաքարը
_ Գիտե՞ս, թէ որո՛ւն գերեզմանին վրայ կոխած ես,-  հարցուց ուղեկիցս։
Նայեցայ գետին. սովորական բակ էր. հարթ-հաւասար բակն էր մզկիթի վերածուած նախկին եկեղեցւոյ մը, զոր կ’այցելէի։ Ո՛չ հողվրտիք կ’երեւէր, ո՛չ ալ տապանագիր։
Ուղեկիցիս քանի մը բառէն արդէն հասկցայ: Ես կանգնած էի խիզախ քահանայի մը գերեզմանին վրայ: Լսած ու կարդացած էի անոր մասին:
Գերեզմանները պահողը ողջերն են, կը մտածէի, ողջերը այստեղ չեն, ա՛լ ի՜նչ գերեզման։ Մենք լքած ենք մեր մեռելները։ Մենք տա՛կաւին կը լքենք մեր մեռելները։
_ Ի՞նչ կ’ուզէիր, որ ընէին, եկեղեցին մզկիթի վերածելէ ետք այդ սրբաքարն ալ պիտի փշրէին, դէն շպրտէին,- ըսի ուղեկիցիս։
_ Կը սխալիս,- ըսաւ,_ անոնք չըրին, ես ըրի:
Նայեցայ ծուռ-ծուռ:
_ Այստեղ ճամբայ կը բացուէր, փորող մեքենային վարորդը զիս յարգող մարդ էր, խնդրեցի, որ մէկ-երկու թի հող լեցնէ մզկիթի բակին մէջ, որպէսզի շտկուի, կոկ ու հարթ երեւի։ Ես ալ օգնեցի շտկելու գործին։
_ Եւ դուն թաղեցիր տապանաքարը։
_ Ճիշդ այդպէս։ Վաղ թէ ուշ՝  պիտի փշրէին, թափէին։ Հիմա հոն է, վարը. դարեր կ’անցնին, հնագէտներ օր մը այստեղ պեղումներ կ’ընեն, տապանաքարը կ’երեւի, մեր երկաթագիրերը լոյս աշխարհ կու գան։
_ Թերթերը հնագիտական յայտնագործումի մը մասին հրապարակումներ կ’ընեն,- կը պատասխանեմ քմծիծաղով։
Կը ծիծաղիմ մեր խեղճութեան վրայ։
Յետոյ՝ յանցաւոր կը զգամ:
12.- Չար աչքէ հեռու
Հայերէն վիմագիր արձանագրութիւններ կը փնտռէի Գնիէ գիւղին մէջ։ Գիւղը 1906-ին ամբողջապէս լատինացած էր, ու իտալացի լատին հայրերը գիւղէն ջնջեր էին ամէն ինչ, որ հայկական էր՝ Ս. Կիպրիանոս եկեղեցին, հին գերեզմանատունը, դպրոցը, ամէն ինչ։ Բայց Յարութիւն Տէր Ղազարեանի «Հայկական Կիլիկիա» գիրքէն տեղեակ էի, որ աղբիւրի արձանագրութիւնները մնացած են:  Տեղեակ էի նաեւ, որ քաղաքապետ Ուէյս Հաննա Շէյխը՝ գիւղի վերջին հայուն՝ իշխան Հաննէի դաւանափոխ  որդին, արձանագրութիւնները կը տեղադրէ աղբիւրին նոր կառոյցի պատին, ով գիտէ, թերեւս  վերջին հայուն, իր հօր՝ իշխան Հաննէի յիշատակին համար։
Տեսայ աղբիւրը. գետնափոր փոքրիկ կառոյց մը, որուն վար տանող կողպուած դռան բարաւորին վրայ կը կարդացուէր Ուէյսի  արաբերէն արձանագրութիւնը: Ջրհան շարժիչով ջուրը կը տեղափոխուէր գիւղ։ Հայերէն արձանագրութիւնները չգտայ։ Արեւելեան կողմը փայտի ու խեշերանքի հսկայ կոյտ մը կար։
Գիւղի պատմութեան գիտակ մարդը իրաւաբան Իսկենտէր Մեսրոպն էր՝ գիւղի լատինացման մէջ դեր ունեցած կարնեցի Մեսրոպ քհն. Նազլեանի ծոռը: Ինք ալ լատին էր, բայց իր հայ ինքնութիւնը վերագտնելու համար ամէն ճիգ կ’ընէր։ Նստասենեակի սեղանին ապակիին տակ կ’երեւէին հայկական հին դրամներ, մետալներ, դրօշներ։ Զաւակներուն հայախօս հարս գտնելու եւ ընտանիքին մէջ հայախօսութիւնը վերապրեցնելու իր դիտաւորութիւնը չէր թաքցներ. բայց կը թաքցնէր հայերէն արձանագրութիւնները.
_ Չկայ այդպէս բան,-  կ’ըսէր։
Կը կասկածէի իր անկեղծութեան վրայ։ Մեսրոպ Իսկենտէր բանէ մը կը վախնար, իսկ ես յամառօրէն կ’երթայի ետեւէն։ Ինչէ՞ն կը վախնար… Ու կ’ափսոսար, որ Ս. Կիպրիանոսէն ու հայոց հին գերեզմանոցէն ո՛չ իսկ մասունք մը մնացած է.
_ Քալէ,- ըսաւ օր մըն ալ,_ օգնելու բան կայ։
Օգնելու բանը փայտի ու խեշերանքի հսկայ դէզը մէկ կողմ քաշելը եղաւ։ Պատը մէջտեղ ելաւ։ Անոր վրայ, գետնէն մէկ-երկու շարք վեր, երեւցան աղբիւրի 1822, 1832 եւ 1863 թուականներու հայերէն եւ արաբերէն արձանագրութիւններու քարերը. առաջինը՝ «Թիւ ՇԱՐԺԻՆ ՀՃ(րի) 1238». խօսքը մեր թուականութեան 1822-ի երկրաշարժի մասին է, որ ցնցեց Հալէպի նահանգը։
Ես զարմացած էի. ինչո՞ւ աղբի այս պատը արձանագրութիւններուն առջեւ։
_ Չար աչքէ հեռու պահելու համար,-  ըսաւ Իսկենտէր Մեսրոպ հայը։
13.- Ցամքող-բխող աղբիւրներուն աւանդավէպը
_ Աղբիւրը ցամքեցաւ, որովհետեւ երաշտ տարի էր…. որովհետեւ երկրաշարժը ակի հունը փոխեց… որովհետեւ վերը փորուած  ջրհորը ակի երակը սանձեց,- պիտի ըսէիք դուք…
Բայց ահա ուրիշ բան ալ ըսող կայ. եւ ըսողները մենք չենք, մերոնք չեն։
Ֆընտըճագը մայրական կողմէ մեծ հօրս՝ Տիլքի Պօղոսին հայրենի գիւղն է, Մարաշի գիւղերէն մէկը։ Ֆընտըճագցիները զէն ի ձեռին կ’ընդդիմանան տարագրութեան հրամանին, հերոսաբար կը մարտնչին, բայց ի վերջոյ օսմանցին կը մտնէ գիւղ, ու վերապրողները կը տանի աքսորի: Ֆընտըճագը պարպուած է. թուրքեր կու գան հոն հաստատուելու, բայց շուտով կը հեռանան, որովհետեւ բոլոր աղբիւրները ցամքած կը գտնեն։ 1919-ին վերապրող ֆընտըճագցիները կը վերադառնան հայրենի գիւղ, եւ աղբիւրները կրկին կը հոսին։
_ Աստուած հայերուն Աստուածն է եղեր,- կ’ըսեն տաճիկները՝ աղբիւրներուն հոսիլը տեսնելով։
Մուսա Լեռան հերոսամարտի առաջին փամփուշտն արձակած Սարգիս Գապագեանը՝ Օղլում պապուկը, ինծի կը պատմէր, զինակիցներն ալ կը հաստատէին, թէ քառասնօրեայ հերոսամարտէն ետք, երբ մուսալեռցիները Լեռնէն կ’իջնեն ֆրանսական փրկարար նաւերը բարձրանալու համար, Լեռան աղբիւրը կը ցամքի։ Հինգ տարի ետք, 1920-ին, երբ մուսալեռցիները կ’ելլեն Փոր Սաիտի գաղթակայանէն ու վերադառնալով՝ ոտք կը դնեն հայրենի հողին վրայ, Լեռան ցամքած աղբիւրը կրկին կը բխի. քովի ալաուիները տապքէ պարելով կ’երգեն.
_ Համտուլլահ, ռըճղու արման,
Մայ ըլ-նապղէ դըլէղ քաման, հօ՜յ, հօ՜յ։
Փառք Աստուծոյ հայերը դարձան,
Աղբիւրին ջուրն եկաւ անգամ, հօ՜յ, հօ՜յ։
_ Հիմա բոլոր աղբիւրները ցամքած պէտք է ըլլային,- ըսողներ պիտի ըլլան ընթերցողներէս։
14.- Սօսին եւ հայոց սուրբերը
Անտիոքի բովանդակ շրջանի հայ գիւղերուն մէջ խոշորագոյն սօսի ծառը կը գտնուի Մուսա Լեռան Խտրպէկ գիւղին մէջ։ Ծառի ցօղունին շրջագիծը 24 մեթր է, բարձրութիւնը՝ աւելի քան վաթսուն։ Սենեակի մը ծաւալին չափ է ցօղունին մէջ գոյացած փչակը, ուր երկու նժոյգ կարելի է պատսպարել։ Ատեն մը ծառայած է իբրեւ խանութ եւ սրճարան։ Սօսիին տարածքը գիւղին հրապարակն է, գեղջուկներուն զբօսավայրը, ուր Վարդավառի տօնը մեծահանդէս շուքով կը կատարուէր Լեռան բոլոր գիւղերու մասնակցութեամբ։
1939-ին խտրպէկցիներն ալ կը հեռանան գիւղէն։ Վերաբնակները թուրքեր են։ Խտրպէկի սօսին մինչեւ հիմա նոյնութեամբ շուք կ’ընէ շրջապատին ու քովէն անցնող գետակին վրայ։ Անոնք ծառը կը կոչեն Մուսայի ծառ։
Վագըֆցի Մուսա էմլէքեանը 2009-ին կը պատմէր ինծի.
_ Հիմա Խտրպէկ հաստատուած թուրքերը կը հաւատան, որ հայերուն սուրբերը սօսի ծառին մէջ կ’ապրին. չեն կտրեր ճիւղերը, տակը կը նստին կը զուարճանան: Անգամ մը, գետակի ափին, սօսիին տակ հարսանեաց խնճոյք կ’ըլլայ: Հով մը կը փրթի, ծառերը իրար կ’անցնին, սօսիէն հսկայ ոստ մը կտրուելով կ’իյնայ հարսնեւորներուն վրայ: Մարդու վնաս չի հասնիր, բայց չեն համարձակիր ոստերը կտրտելով տակը մնացողները ազատել: Կը վազեն Վագըֆ, հայոց քով, կ’աղաչեն, որ գան սօսի ծառին ոստը կտրտեն հանեն, իրենք կը վախնան ծառի սուրբերէն:
Հապա՜։
15.- Աթէիզմի դասախօսը
Երեւանի պետական համալսարան: Աթէիզմի քննութիւնս էր. այսինքն՝ աստուածամերժութեան քննութիւնս։ Հիմա պիտի ըսէք, թէ աթէիզմը ի՞նչ կապ ունի հայոց լեզուի ու գրականութեան հետ: Բոլոր սփիւռքահայ ուսանողներն ալ նոյնը կ’ըսէին, բայց կը սորվէին:
Դասագիրք կար: Դասախօսութիւններու սղագրութիւններն ալ աչքէ անցուցի: Հետաքրքրական էր։ Հակառակորդիդ համոզումները լաւ պէտք է ճանչնաս, որ հակափաստարկդ կշիռ ունենայ՝ կ’ըսեն։  Հարցաթերթիկը վերցուցի, աչք մը նետեցի վրան եւ պատասխանեցի:
Ընկեր Մամիկոն Առուստամեանը, դոկտոր-փրոֆեսոր, քոմունիզմի ամբիոնի վարիչ,  զարմացած կ’երեւէր:
_ Դու հաւատացեա՞լ ես,_ հարցուց:
_ Այո՛,_ պատասխանեցի շեշտով:
_ Եկեղեցի գնո՞ւմ ես:
_ Ամէ՛ն Կիրակի,_ ըսի չարացած։
_ Ո՞ր եկեղեցի:
_ Սուրբ Էջմիածին,_ պատասխանեցի հպարտանքով:
Շեշտակի նայեցաւ դէմքիս եւ տարակուսանք արտայայտող շեշտով մը ըսաւ.
_ Բա ես երբեք քեզ չեմ տեսել Սուրբ Էջմիածնում:
Շշմեցայ։ Այսպիսի անակնկալ չէի կրնար սպասել: Աթէիզմի դասախօսս աւելին էր, քան ես կը ձեւացնէի ըլլալ:
_ Հասկանում եմ, տղայ ջան, հասկանում եմ,_ ըսաւ ընկեր Առուստամեանը ու յայտնեց որ «լաւ», այսինքն 4 պիտի նշանակէ։
Ես ուզեցի առարկել, ես «գերազանց», այսինքն՝ հինգի պատասխանած էի:
_ Դու սփիւռքահայ ուսանող ես,_ ըսաւ,_ ուսուցիչ ես լինելու, բա որ իմանան աթէիզմից գերազանց ես ստացել, քեզ ինչպէ՞ս վստահեն իրենց զաւակները:
16.- Թուղթն ու մատիտը կը խօսին
Տակաւին չորս դպրոց կար հետզհետէ պզտիկցող Քեսապի մէջ՝ կաթողիկէ, աւետարանական եւ երկու ազգային։ Ո՛ւր այդպէս չէր որ…
Առանց Սրբոց Վարդանանց, առանց Ապրիլ 24-ի տան ներսի պատ չէիր գտներ, բայց ո՛չ Վարդանանքը միասին կը տօնէին, ո՛չ ալ մեծ Եղեռնի նահատակներուն յիշատակը համատեղ կ’ոգեկոչէին։ Հարիւր եւ աւելի տարիներ առաջ սկսած յարանուանական, ապա կուսակցականութեամբ սնուած հակամարտութիւնները բաժներ էին նաեւ մեր համազգային տօներն ու ցաւերը: Ո՛ւր այդպէս չէր որ…
Երեւի միշտ ալ կ’ըլլան գերագոյն անհրաժեշտութիւններու մասին մտածող մարդիկ, որ մրրկաւ բաժնուած այս ժողովուրդը տարին գոնէ երկու առիթներու համախմբուած տեսնել կը փափաքին մէկ եկեղեցւոյ մէջ՝ միասնաբար տօնելու Վարդանանքը, միասնաբար խոնարհելու Մեծ Եղեռնի մեր նահատակներու յիշատակին առջեւ: Կային այդպիսի մարդիկ։ Ո՞ւր չկան որ…, ե՞րբ չկան որ…
_ Լաւ, լաւ,_ կ’ըլլար պատասխանը, բայց օրը որ գար՝ հաւատացեալները իրարմէ կը բաժնուէին եկեղեցիներու խաչմերուկներուն վրայ:
Հոգեւոր հայրերը «Թուղթն ու մատիտը կը խօսին» մտածեցին։ Մէկը պայմանագրութիւն շարադրեց, գիւղի երեք հովիւները՝ քահանան, վարդապետը եւ վերապատուելին ստորագրեցին, կնքեցին,  որ սոյն թուականէն ետք ամէն տարի Վարդանանքն ու Ապրիլ 24-ը պիտի  նշուին համաժողովրդական ձեւով, Վարդանանքը՝ Մայր եկեղեցւոյ, իսկ Ապրիլ 24-ը՝ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։ Այդ օրերուն երրորդ համազգային տօնի մասին համաձայնութիւն չէր կրնար գոյանալ։
Բարեբախտաբար Քեսապի հայոց գերեզմանատունը մէկ դուռ ունէր, ատկէ կը մտնէին բոլոր մեռելները, ատկէ դուրս կ’ելլէին բոլոր սգաւորները։ Ուրիշ տեղ գերեզմանատուներն ալ բաժնած ենք, չէ՞։ Եւ առանձին խորհուրդ մը ունեցաւ Ապրիլեան նահատակներու յուշարձանի կառուցումը գերեզմանատան մէջ 1964-ին։ Ատիկա Սուրիոյ մէջ ապրիլեան նահատակներու յուշարձաններուն մէջ առաջինը եղաւ։
Վտակները տարին գոնէ երկու անգամ մայր հունէն կը հոսին արդէն։
Պայմանագրութիւն կայ կ’ըսեն. աւանդավէ՞պ է, թէ իրականութիւն՝ չեմ գիտեր։ Չեմ գտած, չեմ տեսած, չեմ կարդացած։
_ Թուղթն ու մատիտը կը խօսին,_ կ’ըսեն։
17.- Թակը որո՛ւն գլխուն կը կոտրի
1908-ին Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն  կուսակցութիւնը յեղաշրջում իրագործեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Կը հնչէր «ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն» կարգախօսը: Թուրքերը կը բարձրաձայնէին,  թէ հայերն են թուրքերուն սիրելի դրացիները: Ամէն տեղ ժողովրդային հանդիսութիւններ կը կազմակերպուէին:
Նոյնը՝ նաեւ Քեսապի մէջ: Քեսապ կը մտնէր թրքաբնակ Օրտուի վարչական կազմին մէջ: Շրջանի կառավարիչը օրտուցիներու եւ շրջակայ թուրք ու թուրքմէն գիւղացիներու գլուխն անցած օգոստոսեան առաւօտ մը տաւուլ-զուռնայով Քեսապ կը բարձրանայ, թուրքերուն սիրելի դրացիները շնորհաւորելու համար, մանաւանդ որ հայերուն համար քաղցր կը հնչէր արձագանգող կարգախօսը: Թուրքերը կը հասնին Խոդ՝ Քեսապի հրապարակը: Հայկական բոլոր գիւղերէն մարդիկ կը վազեն հանդիսութեան մասնակից ըլլալու համար: Թուրք ու հայ թմբկահարներն ու փողահարները միասին կը նուագեն, թակերուն ուժգին հարուածէն Կայծակ լեռը կը թնդայ, ու ցպիկներու թրթռացումէն դափնիի թանձր տերեւները կը սրսփան: Ոտքեր կը դոփեն, սիրտեր թունդ կ’ելլեն։ Հայեր ու թուրքեր թեւանցուկ կը պարեն, կը գրկընդխառնուին:
Գարատուրանէն Այսիկ Մանճիկ պարոնն  (աղա) ալ կու գայ ու թոռան հետ պատի մը տակ կեցած կը դիտէ սա խելացնոր խանդավառութիւնը ու պահ մը թոռանը դառնալով կ’ըսէ.
_ Ես լաւ հոտ չեմ առներ այս խնճոյքէն: Վերջը բարի թող ըլլայ։ Բայց ես գիտեմ, որ այս  թմբուկի թակը մէկուն գլխուն պիտի կոտրի, բայց չեմ գիտեր, թէ որո՛ւն գլուխը պիտի ըլլայ ատիկա:
1909-ին Ապրիլի 23-ին  օրտուցիները մինչեւ Ճսըր Շուղուր ու Իտլէպ հասնող թուրք ու թուրքմէն գիւղերու խուժանը հաւաքած՝ կը ներխուժեն Քեսապի շրջան, կը կողոպտեն, կը սպանեն, ապա կրակի կու տան հայոց բոլոր գիւղերը:
Մանճիկ Այսիկ ծերունին Կիւնիկ լեռան իր թաքստոցէն կը դիտէ Գարատուրանի տուներուն հրկիզումը ու գլուխը ծեծելով կ’ըսէ.
_ Այս անգամ ալ մե՛ր գլխուն կոտրեցին թմբուկին թակը։
18.- Գերադասն ու ստորադասը
Խորհրդային Միութենէն գրողներու, արուեստագէտներու եւ գիտնականներու մեծ խումբ մը ժամանած էր Հալէպ՝ հայեր, ռուսեր, ազերիներ, վրացիներ եւ… եւ…: Բազմազգ փաղանգ մը: Խումբին ղեկավարն էր բանաստեղծ Գէորգ էմինը, փոխ-ղեկավարը՝ ռուս բանաստեղծ մը. անունը չեմ յիշեր։  Ժողովուրդին հետ հանդիպում կազմակերպուած էր Ահարոնեան սրահին մէջ: Սրահը բերնէ բերան լեցուն էր, անշուշտ, միա՛յն հայերով։
Գէորգ Էմին բեմ մտաւ ձախ դռնէն ու ներս հրաւիրեց ռուս բանաստեղծը, աջ դռնէն: Երկուքը հատ-հատ քայլերով մօտեցան իրարու, որքան մօտեցան Գէորգ Էմին կարծես այնքան կարճցաւ, իսկ ռուսը աւելի երկնցաւ։ Գէորգ Էմինի խօսքով ընթացող բեմադրութիւնը ցոյց կու տար, որ ինքը կարճահասակ է, հայը պզտիկ ազգ է, բայց ահա այս մեծ խումբին ղեկավարն է, գերադասը, իսկ ռուս մարդը բարձրահասակ է, ռուս ազգը մեծ է, բայց ահա այստեղ՝ ստորադաս է։ Երբ  բեմին մէջտեղ հասան իրարու՝ Գէորգ Էմին քիթը վեր տնկած մնաց, իսկ ռուսը, գլուխը կախ, ոտքերուն առջեւ՝ իր գերադասը։ Ձեւի եւ բովանդակութեան այս հակադրութիւնը ցնցեց ամբողջ սրահը ու բոլորը յոտնկայս ծափահարեցին հա ծափահարեցին…
Մենք որքան սիրած ենք ոչ թէ խաբուիլ ուրիշներէ, այլ մենք զմեզ խաբել մեր իսկ յօրինած կեղծիքներով:
Մենք քիչ ենք, սակայն…
19.- Այդ ի՞նչ դաստիարակութիւն էր մերինը
Լոս Անճելոս։ Ելայ ինքնաշարժ եւ հիւրընկալիս՝ Խաչիկ Թիթիզեանին ըսի «Գացինք»։ Հարցուց «Ո՞ւր»։ Ըսի «Վահան Չիւրիքեանին»։ Վստահ էի, որ ան կարեւոր յուշեր եւ նիւթեր կրնար փոխանցել ինծի Քեսապի պատմութեան 1910-1940 թուականներէն։ Խաչիկը պայման դրած էր, որ ինքնաշարժ նստելէ ետք միայն յայտնել ո՛ւր երթալու որոշումս, որովհետեւ երեկոյեան, երբ կ’որոշէի վաղը այցելել այսինչին կամ այնինչին, երկո՛ւ անգամ պատահեցաւ, առաւօտուն Խաչիկ կը գուժէր, թէ՝ մարդը «փետուրեց», այսինքն՝ մահացաւ, յուղարկաւորութեան պիտի երթանք:
_ Մարդը լաւ չէր վերջերս, անկողինն է, մաղթենք կը հասնինք,_ ըսաւ, ու ճամբայ ելանք։
Վահանը կրտսեր որդին էր Չիւրիքեան Միսաքին՝ Միսաք Պարոնին, որ յայտնի վաճառական էր, աւատապետ եւ աւետարանական համայնքի կարկառուն դէմքերէն մէկը։ Իր կալուածին մէջ 1908-ին կը կառուցուին Գարատուրանի Աւետարանական եկեղեցին եւ կողքին՝ իր ամառանոցային բարեկարգ տունը։ Քեսապի Սպիտակ եկեղեցւոյ շինութեան մէջ եւս ունի գլխաւոր դերակատարութիւն։ Կրտսեր որդին՝ Վահան, եղած էր Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանի ուսուցիչ, թատերագիր-բեմադրիչ, գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, հիմնած Ամերիկաբնակ քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան տարեգիրք-հասցէագիրքը, որ ցայսօր անխափան լոյս կը տեսնէ։
Տեսածս ալեհեր ծերունի մըն էր։ Անկողնին մէջ էր։ Քովի  սեղանիկին վրայ կ’երեւէր «Քեսապ» Ա. հատորս։ Թեւաբաց ընդունեց զիս։
_ Ձեր մականունէն մէկը չեմ յիշեր, չեմ ճանչցած մէկը,_ ըսաւ։
_ Բայց դուք պէտք է յիշէք Գարատուրանի ձեր դրացիները,_ ըսի։
_ Այո, ինչպէս չէ, Լրջիկեանները, Կէօքճեանները, քիչ մը վար՝ Սաղտըճեանները, վերի Եարալեանները, բոլորը մեր եկեղեցւոյ զաւակներ էին, շատեր մարապա էին, այսինքն քառորդով կ’աշխատէին մեր կալուածներուն մէջ…
_ Ուրի՞շ…_ հարցուցի։
_ Հա, Կէօքճեաններու թաղին կից շարք մը տուներ կային, միակ առաքելականները այդ թաղերուն մէջ։ Մեր թաղին մէջ էին, բայց մեզմէ չէին։ Մենք՝ չարաճճի տղաք, մեր եկեղեցւոյ կոչնակի բարձունքէն կը քարկոծէինք այդ տուները ու կը կանչէինք «Էրմանա, կէրմէր իմանա»։
Այս արտայայտութեամբ ամերիկացի միսիոնար-միսիոնարուհիներու հետ ապրած բողոքականները կը ծաղրէին լուսաւորչականները՝ էրմանիները, իբրեւ յետամնացներ։ Կարմիր եմենին գիւղական կօշիկ է, որ աջ ու ահեակ չունի։
_ Դուք մեր տունը կը քարկոծէիք,_ ըսի ներողամիտ ժպիտով։
Ծերունին ապշահար ինծի կը նայէր։ Ծնօտը կ’ուռէր։ Փղձկեցաւ յանկարծ ու փաթթուեցաւ ինծի։
_ Այդ ի՞նչ դաստիարակութիւն էր մերինը, տղա՛ս,_ ըսաւ։
20.- Խնճոյքը 
Ու
_ Սառա՛,_ կանչեց տիկնոջը,_ մահճակալիս տակէն պայուսակս դուրս քաշէ։
 Ճամբորդական պայուսակ մըն էր՝ թղթապանակներ եւ տետրակներ:
_ Ասիկա եղբօրս՝ տոքթոր Կիրակոս Չիւրիքեանի 1920-ական թուականներու օրագրութիւններն են՝ Եգիպտոս, Սուտան, Հայաստանի Հանրապետութեան վտարանդի ղեկավարներուն հետ հանդիպումներ, Միացեալ Նահանգներ։ Ամերիկաբնակ քեսապցիներու ուսումնասիրաց միութեան հիմնադիրներէն եղաւ։  Մէկը ըլլար՝ վերծանէր անտանելի ձեռագիրը, լաւ բաներ կը գտնէր անպայման…
_ Ասիկա Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարանին մէջ աշակերտական ու ուսուցչական ուժերով իմ բեմադրած թատերախաղերուս հաւաքածոն է, ինքնագիր բաներ ալ կան հոն…
_ Ասիկա մօրս յուշագրութիւնն է, կը պատմէ իր ծննդավայր Վերի Պաղճաղազի մասին, ուսումնառութիւն՝ Այնթապ, ուսուցչութիւն, ամուսնութիւն, 1909-ի Աղէտը, 1915-ի տարագրութիւնը, Ճսըր Շուղուրի գաղթակայանը ու ընտանեօք Ճապուլի աղահանքին մէջ մեր աշխատանքը…։ Կարեւոր գործ է,  բայց հայատառ թրքերէն է, ո՛վ պիտի կարդայ…
Ձեռքս երկարեցի՝ թղթապանակը խլելու համար:
_ Համբերէ՛,_ ըսաւ,_ բոլորը քեզի։
Առաւօտ Խաչիկ պատշգամ ելաւ: Պարտէզի պատշգամը, ուր կը սիրէի նստիլ։
_ Ի՛նչ է,_ բարկացաւ,_ չե՞ս քնացած…:
Ցոյց տուի Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեանի գործին թարգմանութիւնը։ Աւարտեր էի: Քեսապի մասին լաւագոյն յուշագրութիւններէն մէկը, ամէնէն վաւերականը:
_ Մա՛րդ Աստուծոյ,_ ըսաւ,_ սա նորաշխարհի ծառը քեզի համար պահեր էինք, Քեսապ ասանկ նորաշխարհ չկայ… Նստեր ես թարգմանութիւն կ’ընես… Ո՛չ կերար, ո՛չ կերցուցիր, սկիւռները, տե՛ս, հօյ-հօ՜յ, խնճոյք կ’ընեն։
Խաչիկ գիտէր, որ իմ ալ խնճոյքս պակասը չէր։
21.- Քնարականն ու զաւեշտականը համատեղ
Պէյրութի Ազգային վարժարաններէն մէկուն տնօրէնը 9-րդ դասարան մտաւ, նստաւ աթոռիս ու ձեռքով հասկցուց, որ ես դասս վարեմ։ Կեղծ ժպիտով մը ընդունեցայ անկոչ հիւրը, որ հաւանաբար հանգամանք մըն ալ ունէր, այլապէս ուրկէ՞ այսքան ամենատիրութիւն։ Նոր դասը քնարերգակ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն էր։ Քնարերգակ եւ քնարերգութիւն բառերուն մասին հակիրճ բացատրութիւն մը տալ անհրաժեշտ էր։ Նախ՝ քնար երաժշտական գործիքը, օտար հոմանիշը՝ լիր. ըսի թէ Քրիստոսէ առաջ 7-6 դարերուն Յունաստանի մէջ ապրած է Սաֆո անունով բանաստեղծուհի մը, որ երգած է կնոջական սէրը՝ նուագելով, ըստ աւանդութեան, լիրի՝ քնարի վրայ: Ատկէ՝ անձնական ապրումներ երգող բանաստեղծութիւնը համաշխարհային գրականութեան մէջ յետագային կոչուած է լիրիզմ, իսկ հայերէնի մէջ քնարերգութիւն: Ուրեմն՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան քնարերգակ բանաստեղծ մըն է, որովհետեւ երգած է անձնական ապրումներ:
Միջոցին կը նկատէի մարդուն անհանգիստ շարժումները, երբ յանկարծ ձեռքը սեղանին զարնելով ըսաւ.
_ Հայ աշակերտը ի՛նչ պէտք ունի լիրի-միրի, Սաֆոյի-Մաֆոյի մասին լսելու։
Այնքան բարկացած էր, որ ձեռքը դպաւ հաստ ակնոցին, որ ինկաւ վար, աշակերտուհիի մը ոտքերուն տակ։ Ակնոցը
վերցնող չեղաւ. հռհռոց մը փրթաւ դասարանին մէջ եւ գրասեղաններուն վրայ՝ ափի հարուածներու տարափ մը։ Մարդը հազիւ կրցաւ ակնոցը գտնել, վերցուց ու դուռը գտնելով՝ վազեց դուրս։
Լռութիւն:
Աշակերտ մը հարցուց.
_ Սաֆոյէն բանաստեղծութիւններ հասա՞ծ են մեզի։
Ուրիշ մը.
_ Ի՞նչ էր Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի սէրը:
Դասը արդէն հունի մէջ էր:
22.- Կնքահայրս
Կնքահայրս՝ Ստեփան Թիթիզեանը, գիւղի ճամբաներուն վրայ թէ քաղաքի մէջ՝ փողոցը, միշտ տեսած եմ կոկիկ համազգեստով, փողկապով, մաքուր ակնոցներով, փայլուն կօշիկով։ Եղած էր Անթիլիասի դպրեվանքի 1938-ի շրջանաւարտներէն մէկը եւ ուսուցչութեան մտած։
Ըստ իրեն՝ ուսուցչական ասպարէզ կը մտնես հիւրի պէս, բայց ամբողջ կեանքդ կը դառնայ ուսուցիչ մնալու, ուսուցիչ դառնալու անողոք պայքար մը։
_ Որովհետեւ,_ կ’ըսէր,_ ուսուցչութիւնը ինքնահաստատման դաժան ասպարէզ մըն է, ամէն անգամ պարտուած կը զգաս, բայց չես փախչիր, չես հեռանար ասպարէզէն…
Կը հասկնայի. տեղ մը աւելի հմուտ պատասխան մը կը փնտռես, տեղ մը վարմունք մը հասկնալ կ’ուզես, տեղ մը համոզումի մը հետ կը բախիս, տեղ մը լռել պէտք է գիտնաս… Բայց կը թուի, թէ չես կրցած… Պարտուած ես։ Բազմաթիւ դպրոցներ մտած ելած էր. Քեսապի Ուսումնասիրաց վարժարան, Հալէպի Լազար Նաճարեան, Դամասկոսի Սահակեան, Պէյրութի Թէքէեան եւ չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր… Հսկայ փորձառութիւն մը, վաստակ մը ունէր ու դեռ կը շարունակէր… ուսուցիչ դառնալու համար պայքարիլ։
Ամռան գիւղ կու գար։ Յամառօրէն կ’աշխատէր արտին ու պարտէզներուն մէջ, նոր տնկիներ կը բերէր, նոր պարտէզ կը հասցնէր, նոր տուն կը կառուցէր…։ Երանութիւն էր ամէն առաւօտ այդ պատշգամը նստած սուրճ խմել՝ նայելով ոտքերուդ տակ ծաւալող Միջերկրականին, դէմդ խոյացող Կասիոսին:
_ Ա՛լ հերիք է, կնքահա՛յր,_ ըսի օր մը,_ նախքան քեզ դպրոցէն դուրս դնելը, դուն ելիր եկուր գիւղ, տունդ նոր է, պարտէզդ՝ հասուն …
_ Իրենց գործն է, իրենց գիտնալիքը. տեղ մը դուռէն դուրս կը դնեն, տեղ մը ներս կ’առնեն, կամ դուն կը բանաս քու դպրոցդ,_ ըսաւ,_ այդ է ուսուցիչը՝ անաւարտ ու անվերջ ճանապարհի մը ճամբորդը…։
23.- Հալէպցին
Կրկին՝ Լոս Անճելոս: Հանրային պարտէզ մը: Կիրակնօրեայ մթնոլորտ: Տաղաւարէ մը արեւմտահայերէն լսեցի: Խորովածի կրակարանին առջեւ աշխատող դեռատի կնոջ երկու հիւսք ծամերը գրեթէ կրունկին կը հասնէին: Դասընկերուհիս՝ արտաշատցի Քրիստինէն ետեւ-առջեւ նետած այսպիսի երկու երկար ծամեր  ունէր։ Մարդը ընկողմանած էր օթոցին վրայ եւ կոշտ ու կոպիտ շեշտով դիտողութիւններ կու տար կնոջ: 3-4 տարեկան գանգրահեր մանչուկ մը հօրը քովէն չէր հեռանար, ոտքի չէր ելլեր. հայրը այդպէս կ’ուզէր…
Դարձայ ու դարձայ տաղաւարին շուրջ, լրտեսեցի, լրտեսեցի ու
_ Ես Հալէպէն եմ, դուք ալ մեր կողմերէն կ’երեւիք,_ ըսի:
_ Հալէպէ՜ն,_ բացագանչեց կինը,_ ինչ լաւ է, ամուսինս…
Չհասցուց. երիտասարդ ամուսինը ցատկեց տեղէն ու փաթթուեցաւ ինծի:
Ատկէ ետք լսածս վէպ մըն էր կարծես։ Կար չկար՝ սասունցի մը, Հալէպէն, որոշեր էր, որ աղջկան մազերուն մկրատ չդպչի։ Գործի բերումով մեկներ էր Գերմանիա, հանդերձ ընտանեօք, անկէ գաղթեր էր Ամերիկա, ուր տեսեր էր, որ դեռատի աղջկան համար այսպէս արդար ամուսին պիտի չգտնուի, որուն ինք համաձայն ըլլայ, առեր ու եկեր էր Հալէպ։  Ու արհեստաւոր Գէորգին բախտ վիճակուեր էր ամերիկացի կին ունենալ։ Տղան երանի ըսողներ շատ ունեցաւ: Ձե՞ռք կ’անցնի։ Առեր տարեր էին Ամերիկա:
Բայց սկսեր էր ուրիշ պատմութիւն մը: Հալէպցին, որ արաբի, պետուինի, քիւրտի, եզիտիի, տաճիկի, թուրք ու թուրքմէնի հետ կը խօսէր իր արհեստի հմայքի բարձրութենէն, ինքզինք օտար կը զգար այդ շրջապատին մէջ, իր իսկ տան մէջ: Իրենցմով հետաքրքրուողները, զիրենք սիրողները, իրենց ձեռք երկարողները շատ էին, բայց ինք անոնց հետ խօսելիք չունէր։ Տան փեսայ չէր, բայց անոր պէս կը զգար ու կը պայթէր զայրոյթէն։ Կը նախանձէր. կը հասկնա՞ք, թէ ուրկէ՛ կու գայ այս զգացումը։ Տան մէջ բոլորը կային, բայց իրենները չկային, Հալէպը չկար…
_ Ամմո,_ կ’ըսէ կինը,_ Գէորգը հոս հանգիստ չէ, կ’ըսեմ վերադառնանք Հալէպ,  չ’ուզեր…։
Հասկցած էի. Գէորգը ինչպէ՞ս կրնար խաղաղիլ՝ առանց Հալէպը մոռնալու…
Գրկեցի գանգրահեր մանչուկը, «Ծիւ ծիւ» երգեցի, «Սեւուկ ուլիկ» արտասանեցի, ափիկը բացի՝ մատներու խաղը ըրի, խտղտեցի։ Ժպտաց, ծիծաղեցաւ նոյնիսկ։ Հայրն ու մայրը իրարու սեղմուեցան, խնդացին։ Կարծես առաջին անգամ կը լսէին իրենց արեւային մանչուկին ծիծաղը։ Կարծես մոռցան Հալէպը։
Երկուքն ալ թեւաբաց՝ մանչուկը գրկէս առին։ Երեքը մէկ տեսայ։
Հեռացայ, երեքին բրգացած պատկերը թիկունքիս ձգած, արեւային մանչուկի «պայ-պայ»-ը՝ ականջիս։
24.- Զաւէնը
Գառնի տաճարի քովէն իջայ ձոր, Տրդատի կամուրջէն անցայ Ազատ գետը եւ սկսայ բարձրանալ դէպի ձախ. Խոսրովի անտառին՝ արգելանոցին մէջ գտնուող Աղջոց վանքը տեսնել կ’ուզէի: Մօտեցայ ու հեռուէն հեռու, խոնարհած գմբէթի կանգուն մնացած պատին ներսի կողմը նկատեցի սեւ մելանով, հսկայ տառերով  գրուած  անունը՝ «Քեսապցի Զաւէն»։ Անպիտա՛ն։ Դասընկերս էր։  Անոր ձայնը մէյ մը Պէյրութէն կու գար, մէյ մը Կիպրոսէն, մէյ մը Ծոցի երկիրներէն։ Հանգիստ կայք մը չունէր օտար ամայի ճամբէքի վրայ. իսկ հիմա հո՞ս… Խորհրդային Հայաստան. ի՞նչ կը նշանակէր անունը դրոշմել հայրենի հողին, ան ալ պատմական տաճարի մը պատին վրայ…
Ու քանի մը oր ետք հանդիպեցանք Օփերայի շէնքին մօտ։ Կ’ըսէր, թէ հայրենադարձ ըլլալ կ’ուզէ. հայ մարդուն տեղը իր հայրենիքն է, ի՛նչ կ’ուզես ըլլայ…
Գոնէ այդ օր հիացուց զիս։ Յաջողութիւն մաղթեցի։
Ու նորէն կորսնցուցի հետքը։
Եւ 25 տարիներ ետք՝ Ֆրեզնոյի մէջ, դասախօսութենէ մը ետք, ինծի մօտեցաւ Զաւէնը՝ տիկնոջ, չափահաս աղջկան եւ մանչուն հետ։
Ուրախացայ, որ Զաւէնը ընտանիք կազմած էր, տեղը գտած էր կեանքին մէջ եւ երկրագունդին վրայ։
_ Չէ, աղբա՛րս, չէ, _ ըսաւ,_ պիտի խենթանամ այս քաղաքին մէջ, այս երկրէն կը զզուիմ։ Հիմա համոզուած եմ, որ ծննդավայրէս՝ Վերի Պաղճաղազէն բացի երկրային դրախտ չկայ, տղուս հետ Սուրիա պիտի երթանք, Լաթաքիա գործատեղի պիտի բանանք ու ամէն շաբաթավերջ Պաղճաղազ պիտի ելլենք, Սելտրան պիտի բարձրանանք…
_ Տուն, տուն, քաղցր իմ տուն, ցածուկ տանս նման տեղ երբեք չեմ գտներ։
Երգեց՝ արցունքը աչքերուն մէջ։
Զաւէն տակաւին տեղը չէր գտած, ինքզինք չէր գտած։ Կ’աղաչէր, որ վերադարձէս ետք օգտակար ըլլամ իր ծրագիրին իրագործման մէջ։
Աւելորդ էր Զաւէնին հասկցնելը, որ հինին վերադարձը շա՜տ, շա՛տ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, բայց խոր ցաւ կը զգայի, չեմ գիտեր՝ կնոջ ու զաւակներուն ժպիտներո՞ւն ի տես, թէ՞ Զաւէնին համար, որ  ինքզինքն ալ կորսնցնելու վրայ էր։
Որքա՜ն Զաւէններ կան այսօր ձեր շուրջը, նայեցէ՛ք։ Հոս են, բայց ոչ մէկ տեղ են։
27. «Շիրազ»ն ու Շիրազը
Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի աշակերտական պարբերաթերթն էր «Շիրազ»-ը:  Շիրազ բանաստեղծի անունը սրբացուած էր մեզի համար։ Աշակերտական բոլոր հանդիսութիւններուն անպայման Շիրազ մը կ’արտասանուէր: Անոր անունը կրող մեր պարբերաթերթը մեր հպարտութիւնն էր։
Դպրոցը աւարտելէս ետք նոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութեան հրաւիրուեցայ ու ստանձնեցի նաեւ «Շիրազ»-ի պատասխանատու ուսուցիչի պարտականութիւնը։ Շիրազին հետ կապեր կը ստեղծէինք: Տրցակով անտիպ բանաստեղծութիւններ կը հասնէին խմբագրութեան։ Բանաստեղծէն ոտանաւորով գրուած մէկ-երկու նամակ ալ ստացանք. անոնք ուղղուած էին «Այնճարի տղայ»-ին, որ ես էի։
1970-ի աշնան՝ իբրեւ ուսանող հասայ Երեւան։ «Շիրազ»-ի խմբագրութենէն երկու գրիչ կար պայուսակիս մէջ, մէկը՝ ինծի, միւսը՝ Շիրազին։
Երեւանի մէջ Շիրազի բնակարանը գտնել դժուար չեղաւ: Դուռը բախեցի:
_ Ո՞վ ա,_ հարցուց կանացի ձայն մը։
_ Լիբանանէն եկած եմ, Վարպետին յանձնելիք ունիմ,_ ըսի:
Զգացի, որ տիկինը ներս գնաց, ապա վերադարձաւ ու ըսաւ.
_ Շիրազը տանը չէ:
_ Ըսէք, որ Այնճարէն կու գամ, «Շիրազ» պարբերաթերթէն նուէր ունիմ յանձնելիք,_ ըսի՝ հաստատ գիտնալով, որ բանաստեղծը տունն է։
Կրկին պատասխանը ուշացաւ: Զգացի, որ տիկինը ներս գնաց, ապա վերադարձաւ ու կրկնեց.
_ Շիրազը տանը չի։
_ Լաւ,_ ըսի,_ Վարպետին ըսէք, որ ես Այնճարի տղան եմ:
Դուռը բացուեցաւ. դիմացս մեր պաշտելի Շիրազն էր, այնպէս՝ ինչպէս կը պատկերացնէի զինք: Գրկեց ու ներս մտցուց: Գետինը մանուկներ կը խաղային: Մեծ սեղանի վերի ծայրը նստաւ ինք, իսկ ես՝ այս ծայրը: Լռութիւն էր. ես խօսիլ չէի կրնար, իսկ Վարպետին  շրթունքը կը դողար, կարծես ըսելիք ունէր, բայց ձայնի չէր վերածուեր:
_ Կնիկ, խաղող բեր Այնճարի տղային,_ ըսաւ մէկէն:
Ես յայտնեցի, թէ որքան ուրախ պիտի ըլլայ Սփիւռքը՝ Շիրազը իր մէջ տեսնելով։
_ Սփիւռքը չի ուզում,_ ըսաւ ան,_ օրէնք կայ, Սփիւռքից հրաւէր պիտի լինի այստեղ, բայց այդպիսի հրաւէր իմ համար երբեք  չի եղել։
Չէի գիտեր։ Մենք գիտէինք, որ իշխանութիւնները արտասահմանի դուռերը փակած էին Շիրազի համար։
Շիրազ երբեք չսորվեցաւ անունս. իրեն համար միշտ Այնճարի տղան էի։ Պարբերաբար կ’այցելէի զինք։
_ Կնիկ, խաղող բեր Այնճարի տղային,_ կ’ըլլար առաջին խօսքը։
28.- Բանաստեղծին աջը
Դէպի համալսարանի կեդրոնական շէնքը կ’ուղղուէի. Իսահակեան փողոցի վրայ էի։ Քիչ անդին Սովետական Հայաստան հրատարակչութեան շէնքն է. վերի յարկերը տարբեր թերթերու խմբագրատուներն էին. «Գարուն» ամսագիրը լաւ կը յիշեմ: Յովհաննէս Շիրազ աստիճաններէն կ’իջնէր: Համազգեստով էր, փողկապը թռած էր ուսին ու թեւին տակ թղթապանակ մը կար: Անցաւ փողոցը: Կը փորձէի հասնիլ իրեն, երբ նկատեցի, որ Տէրեան փողոցի վարի խաչմերուկին վրայ երիտասարդներ շրջապատեցին զինք: Մէկը խոնարհեցաւ եւ բանաստեղծին աջը խլեց։ Այո, Շիրազ միակն էր, որուն ձեռքը համբուրողներ կը տեսնէիր փողոցը: Նկատեցի, որ Շիրազ ձեռքը ետ կը քաշէ ու թղթապանակով կը զարնէ երիտասարդին, որ կը շարունակէր բանաստեղծին աջը խլել ու համբուրել։
Անցորդներ կը դիտէին: Խմբագրատան շէնքի բակէն վարագուրուած պատուհանով սեւ ինքնաշարժ մը մօտեցաւ, դուռը բացուեցաւ, ու մէկը ետեւի կողմէն Վարպետը ներս հրաւիրեց: Շիրազ մերժեց:  Այդ պահուն Իսահակեանէն դէպի Տէրեան թեքեցաւ ջրատար մեքենայ մը։ Այդպիսի մեքենաները այդ օրերուն կոյուղի չեղած տեղերը կեղտաջուրի ամբարները պարպելու դերը կը կատարէին: Գարշահոտութիւն մը տարածուեցաւ արդէն: Դուռը բացուեցաւ ու վարորդին քով նստող բանուորը պոռաց.
_ Շիրազ ջան, ի՞նչ ա էղել:
Ի զարմանս ինծի, Շիրազ՝ սեւ համազգեստով, փողկապը ուսին նետած, թղթապանակը անութին սեղմած, ահաւասիկ բարձրացաւ այդ ինքնաշարժը:
Երիտասարդները յուզուած ու շուարած էին։ Հարցուցի, թէ ինչո՛ւ բարկացեր էր բանաստեղծը։ Մէկը ըսաւ, թէ անոր դուր չեկաւ ընկերոջ հարցումը։ Հարցուցեր էր, թէ տէ՞րն էր չխմելու մասին մօրը շիրիմին վրայ տուած խոստումին։
Այդպիսի բանաստեղծութիւն մը ունէր Շիրազ։ «Արա՛, քո ի՛նչ բանն է» ըսեր էր Շիրազ։ Տղաքը ցնցուած էին, որ անոր հետ իրենց հանդիպումը այսպէս վերջացած էր։
Բոլորը Շիրազի բանաստեղծութիւնները կը հասկնային, բայց շատ դժուար էր Շիրազը հասկնալը։
29.- Սահմանա…
Թուրքիան ճամբայ կը բանար Սուրիոյ հետ ունեցած իր սահմանի երկայնքին։ Քեսապի շրջանը պիտի առնուէր կարմիր աքցանի մէջ։ Քարտէզը ձեռքին՝ թուրք աստիճանաւորներ կ’երեւէին հոս ու հոն։ 1939-1940 թուականներուն՝ Թուրքիոյ եւ ֆրանսական գաղութատիրութեան կամքով գծուած այդ սահմանը չէր ճանչցուած Սուրիոյ կողմէ, որ առհասարակ դէմ էր Աղեքսանդրէթի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումին: Քեսապի հայոց եւ բարեկամներու յամառ հետապնդումներուն հետեւանքով Քեսապի հայկական գիւղերը, անջատուելով Սանճաքի ճակատագիրէն, կցուած էին Սուրիոյ:
Այդ ալ յաղթանակ մըն էր յօգուտ Սուրիոյ, թէեւ 4-5 գիւղ յայտնուեր էին սահմանագիծին վրայ ու անոնց արտերն ու արօտավայրերը, աղբիւրներն ու վերի բոլոր բարձունքները մնացած էին Թուրքիոյ։ Վարդավառի տօնին համաժողովրդական ուխտագնացութեան վայրը՝  Ս. Պարլամի կամ Պալլումի ուխտավայրն ալ։ Հիմա, այդ անվաւեր սահմանագիծին հարցով կառավարական ներկայացուցիչները առաջ կը մղէին գիւղացիները, թէ դուք գիտէք, դուք ճշդեցէք այդ սահմանը։ Երեւի այդպէս կ’ըլլայ ամէն տեղ, ուր երկիրը սահմանազատման ու սահմանագծման ատեն ինքնիշխան պետութիւն չէ ունեցած: Սակայն ժողովուրդին դիմելն ալ  ամէն տեղ լուծում չէր բերեր, որովհետեւ գրեթէ բոլորը, Սեւ Աղբիւրէն մինչեւ Գարատուրանի ծովածոցը, լքեր էին իրենց սահմանամերձ կալուածները։ Սերունդներ անցած էին: Ոչ ոք գիտէր իրենց կալուածներուն սահմանները: Պաշորտ գիւղն ալ պարպուած էր, բնակիչները ձգեր գացեր էին Հայաստան:
Տասնեակ քիլոմեթրեր այդպէս կտրելով՝ թուրքերը եկեր հասեր էին Ծովու թաղի պռունկին՝ կէտի մը վրայ դէմ առ դէմ կանգնելով գիւղացիներուն առջեւ:
Թուրք աստիճանաւորը հաճոյքով կը խօսէր հայ գիւղացիներուն հետ, որոնք բոլորն ալ թրքերէնը գիտէին իրմէ ոչ պակաս։ Ձեռքին քարտէզ կար, սահմանաքար կը փնտռէր, որ, ա՛յ, հոս պէտք է ըլլար։ Գիւղացիները կ’ըսէին մենք հոս ծներ մեծցեր ենք, քարը այստեղ չէր, այնտեղ էր… Ես շատ նստեր եմ այդ քարին վրայ, շուի նուագեր… Մեր ձիթենին մնացեր էր մեր կողմը, Հաննենց ձիթենին՝ ձեր կողմը, տեսէ՛ք, տակաւին հոն է։
Չէ՛, մեր կողմը, չէ՛, միւս կողմը… Այս անգամ գիւղացիներն ալ ինկեր էին իրար, մոռցած սահմանն ու սահմանաքարը։
Թուրքիան ի վերջոյ ճեղքեր էր լեռը, կառուցեր էր ճամբան՝ տեղ-տեղ մեծ ոլորաններով գրկելով Կիւնիկ լեռան այս ու այն անկիւնը, եւ եկեր էր առաջ, տնկուեր հայ բնակավայրերուն վրայ եւ  իջեր էր ձորն ի վար ու խառնուեր ծովուն։
_ Եղբայր,_ կ’ըսէր գիւղացին,_ կալը մեր կողմն էր, հիմա ինչպէ՞ս անցաւ Թուրքիոյ կողմը:
_ Աման,_ կ’ըսէր մէկ ուրիշը,_ հիմա կալին ո՞վ պէտք ունի… Մեր կողմ, թէ անոնց կողմ՝ ի՛նչ տարբերութիւն ունի։
Շինարարութեան ընթացքին պայթեցումները հսկայ ժայռաբեկորներ թռցուցին թափեցին հայոց կալուածներուն մէջ, սարալանջի արօտավայրերն ու անտառները թաղուեցան քար ու խիճի հսկայ զանգուածներով։ Կանաչ թուփ մը չմնաց։ Ատիկա չէր բաւեր, Թուրքիա հսկայ պատ մըն ալ քաշեց, որպէսզի ո՛չ մէկ չորքոտանի, ո՛չ մէկ սողուն կարողանայ անցնիլ մէկ կողմէն միւսը։
_ Հիմա վայրի խոզերն ալ չեն կրնար անցնիլ մեր կողմը,_ բողոքեցին որսորդները։
Գարատուրանի կեդրոնական թաղերուն յառող բարձունքին վրայ Թուրքիա կառուցեց զօրանոց, բարձր աշտարակ, որ մինարէթի դեր կը կատարէ, որովհետեւ անոր ամրացուած հզօր բարձրախօսէն օրը որքան ազան կայ՝ այդքան անգամ իրենց աղօթքը կը հնչէ այդ ամայութեան մէջ ու կը հոսի հայ գիւղացիներուն վրայ։
Աստուծոյ խօսք է։
Մենք ըսեր ենք, բայց թշնամին լաւ հասկցեր է.
_ Սահման քաջաց զէնն է իւրեանց։

30.- Որո՞նց համար…

Նոր հրատարակած էի «Քեսապի Բարբառը» բարբառագիտական ուսումնասիրութիւնս (1986, Հալէպ)։ Մակագրեցի եւ դրի պայուսակիս մէջ։ Կէսօրուան արձակուրդին վազեցի ուսուցչարան. աւագ պաշտօնակիցս՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան, վերարկուն կը հագնէր արդէն։
_ Նոր տպուեցաւ. առաջին օրինակը Ձեզի մակագրեցի,_ ըսի։

Գլուխը թեքեց, նայեցաւ, ապա վերցուց գիրքը ու դուրս ելաւ՝ առանց իսկ բառ մը արտասանելու։ Առաջին գիրքս չէր, եւ ես գիտէի արդէն, որ շատ անգամ գիրք նուիրելը ինքնանուաստացում է։ Չառնելու պէս կ’առնեն, եւ վերջ։
Յաջորդ առտուն դպրոց մեկնեցայ՝ բակին մէջ Մկրտիչ Մկրտիչեանը չտեսնելու ցանկութեամբ։
Բայց ան դարպասին մօտ էր, գիրքս՝ ձեռքերուն մէջ։ Գրկեց զիս։

_ Այս ինչ տոկուն ուսումնասիրութիւն մը ըրած ես,_ ըսաւ ։
Ես զարմացած կը նայէի աւագ պաշտօնակիցիս։

_ Բայց որո՞նց համար գրեցիր այս գիրքը, որո՞նց,_ հարցուց բարկացած։
Ցնցուեցայ: Հասկցած էի իր հռետորական հարցումին էութիւնը։
Ես երբեք չէի մտածած այդ մասին:
Ոչ ալ հիմա կը մտածեմ:

31.- Եւ տխուր էր Հանրապետութեան հրապարակը

Սուրիայէն Հայաստան իբրեւ զբօսաշրջիկ եկած ու հոն արգելափակուած, բայց մանաւանդ տուն-տեղ կորսնցուցած, շունչերնին Երեւան առած սուրիահայերու ժամադրավայրն էր Հանրապետութեան հրապարակը։ Ամէն իրիկուն, նստարաններուն, աստիճաններուն, բազրիքներուն վրայ նստելու տեղ չէիր գտներ։ Ոմանք դեռ կէսօրուընէ եկած կ’ըլլային տեղ ապահովելու համար։

Ոմանք կը փորձէին դժբախտութիւնը բախտաւորութեան վերածել՝ հայրենիքին մէջ արմատներ նետելով, ուրիշներ կը հաւատային, որ Սուրիոյ համար այս փորձութիւնը ժամանակաւոր է։ Սուրիան օրհնուած երկիր է… Շուտով կը վերադառնանք։

Շատերու քսակները կը պարպուէին։ Տան վարձերու մասին գանգատներ կը լսուէին։ Աշխատանքի եւ վարձատրութեան մասին բողոքները չէին դադրեր։

_ Ամէն մարդ կեդրոն մնալ է ուզում, գնացէք հեռու թաղերում տուն վարձէք,_ կ’ըսէր նախարարուհին։
Արտագաղթ մը սկսած էր։ Հայաստան տարանցիկ երկիր էր։ Եկուր Հայաստան, անկէ թռիր արտասահման։ Այսքան պարզ։

_ Մենք չէ միայն, տեղացին աւելի կը գաղթէ, քան մենք,_ կ’արդարանային շատեր,_ ապրելու երկիր չէ։
Հրապարակի բազմութիւնը հետզհետէ կը նօսրանար։

Աբովեան փողոցին վարի ծայրը, հրապարակին կից, Բաբաջանեան համերգասրահի մուտքին քով գտնուող նստարանին վրայ հանդիպեցայ աշակերտուհիիս։ Երեք զաւակներու մայր էր. զոյգերը կառքին մէջ էին, իսկ մեծը մտած էր մօր անութին տակ։

Մօտեցայ։ Փղձկեցաւ։ Դէմքը միւս կողմ դարձուց, աչքերը սրբեց։
_ Չէի ուզեր տեսնել ձեզ, պարոն,_ ըսաւ,_ չդիմացանք ու տեղի տուինք։ Մենք ալ կը գաղթենք։
Հայաստանէն գաղթն ալ լալով կ’ըլլար շատերու համար։ Աղջնակը կը նայէր մօր դէմքին։ «Լաւ է, որ կ’երթան» մտածեցի, բայց տխուր էի երեք փոքրիկներուն համար, որ այս երկրին մէջ հասակ նետելու բախտէն կը զրկուէին։
Եւ տխուր էր Հանրապետութեան հրապարակը։

32.- Ո՞վ է հեղինակը
«Ո՞վ գրած է Աստուածաշունչը» հարցումին՝ մեծ պզտիկ ունին մէկ պատասխան.
_ Աստուած պապան:
Անոր 69 գիրքերուն հեղինակները, իրական մարդիկ, տեղ չունին մարդոց պատկերացումերուն մէջ։
_ Աստուած պապան գրեց,_ եւ վերջ։
Նախակրթարանի մէջ մեր Հայոց պատմութեան դասագիրքին ճակատին գրուած էր «Ս. Սիմոնեան»։ Չէինք կրնար պատկերացնել անոր մարդկային էութիւնը, ուրիշ բան էր ան մեզի համար։  Մենք Հայոց պատմութիւն չէինք պատկերացներ առանց անոր։ Բոլոր պատմութեան դասագիրքերը այդ անունին կ’առնչէինք։ Չեմ գիտեր, եթէ այդ օրերուն մեզի բախտ վիճակուէր հեղինակը տեսնել դասարանին մէջ, ինչպիսի՛ հիասթափութիւն պիտի ապրէինք։
Ես ալ «Հայերէնի դասագիրքս» շարքը պատրաստեցի։ Ծանր պրպտումներ, սերտողութիւններ ու մշակումներ կատարած էի, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու հետ, ապա դասարաններու մէջ փորձագիտական  բովէ անցուցած էի։
Նկարիչ Վիգէն Պերթիզեանն ու ձեւաւորող Արտո Համբարձումեանն ալ լաւ աշխատած էին։ Կը լսէի ուսուցիչներու եւ ծնողներու գնահատանքի խօսքը։ Դասարանները կ’այցելէի։ Լաւ էր, բայց կը զգայի, որ փոքրիկները տարակուսանքով կը նայէին ինծի, կարծես ես այն չէի, որ իրենք կը պատկերացնէին։
Հիւրաբար տան մը մէջ կը գտնուէինք։ Ուրիշ հիւրեր եւս կային։ Անոնց մէկուն չարաճճի տղեկը դադար չունէր։ Ստիպուած՝ մայրը ուզեց զբաղեցնել զինք։
_ Տե՛ս, տե՛ս,_ ըսաւ,_ այս պարոնը ձեր հայերէնի դասագիրքը պատրաստողն է, դուն կը սիրե՞ս հայերէնի դասագիրքդ։
Պզտիկը շնչակտուր կեցաւ, նայեցաւ ինծի,  գլուխը շարժեց «այո» ըսելու պէս։
_ Դուն գիտե՞ս անունը, կողքին վրայ կայ,_ հարցուց հիւրերէն մէկը։
_ Քրիստափոր Ռոստոմ Զաւարեան,_ պոռաց տղեկը վազվզուքին մէջ։
33.- Երեսուներեքերորդ քարը ո՞ւր ինկաւ
Այդ ամառ, Պէյրութէն գալով, ձեռքին դեղնաւուն քարերով համրիչ մը ունէր քեռմայրս։ Մենք՝ մայրական կողմի մեծ մօր կ’ըսենք քեռմայր։ Այդ տարի ինք Երուսաղէմ ուխտի գացեր էր։ Համրիչը Երուսաղէմէն առեր էր։
Քեռմայրս ամբողջ օրը համրիչը ձեռքէն չէր ձգեր, երբեմն զոյգ-զոյգ, երբեմն հատ-հատ քարերը «կը թափէր»։ Երբեմն տեղ մը կը կենար: Թէ այդ քարը ի՛նչ կը բերէր միտքը՝ ով գիտէ, կեանք մըն էր, որ բթամատի հպումով կը թաւալէր հիմա իր աջին մէջ,  թերեւս երազ մը կը հիւսէր՝ կապուած իր թոռներուն եւ հարազատներուն հետ։ Աղօթքի պահուն ալ երկու ափերէն կախուած կ’ըլլար այդ համրիչը,
Քարերը սաթէ էին: Մութին մէջ համրիչը լոյս կը դառնար: Երկու ափով կը ծածկէինք ու ճեղքէ մը լոյսը կը դիտէինք։ «Քահրիպար է»  կ’ըսէր քեռմայրս։ Գիշերը, լամբը մարելէ առաջ, համրիչը կը կախէր կժանոցին մէջ, կուժին ընկուղէն (ականջ, կանթ), որպէսզի գիշերը, երբ ծարաւ զգալով արթննայինք, նայէինք փայլող համրիչին եւ ուղղակի քալէինք այդ կողմը։ Համրիչին քովիկը դրուած կ’ըլլար ջուրի պղնձեայ թասը։
Օր մըն ալ ձեռքէ ձեռք խլելու ատեն կապը փրթաւ, ու հատիկները թափեցան տախտակամածին վրայ եւ տարածուեցան հոս ու հոն։ Տեղ չձգեցինք՝ չփնտռեցինք, սնտուկին տակ, նստարանին տակ, տախտակամածի ճեղքերուն մէջ։  Քեռմայրը թելի վրայ կը շարէր հատիկները ու կը հաշուէր  30. 31, 32 …
_ Մէկ հատ կը պակսի,_ ըսաւ։
Սորվեցանք, որ համրիչին քարերուն թիւը կ’ըլլայ 33, Յիսուս պապային տարիքը։
Բայց երեսուներեքերորդ քարը չկար ու չկար։
Ա՛լ ճարահատ՝ ինչե՜ր առաջարկեցինք այդ մէկուն փոխարէն, ձիթապտուղի կուտ մը յղկեցինք, ծակեցինք՝ չեղաւ, մամային ասեղամանէն սիրունիկ կոճակ մը առաջարկեցինք ՝ չեղաւ։
Համրիչի թելը մնաց պնակին մէջ. երկու ծայրերը չկցուեցան, խատուտիկ ծոպն ալ պառկած մնաց քովիկը։
Քեռմայրս չմոռցաւ այդ  երեսուներեքերորդ հատիկը։
_ Չար սատանայ, ո՞ւր պահեց արդեօք,_ ինքնիրեն կը խօսէր ան։
Մենք գիտէինք սատանան իսկ խաբելու հնարքը։ Կը թքէինք ափի մէջ ու կ’ըսէինք.
_ Սատանա՛յ, սատանա՛յ, ոտքիդ տակը բան մը կայ, կէսը ինծի, կէսը քեզի։
Կ’ըսէինք, գիտնալով հանդերձ՝ որ մենք կը փորձենք խաբել սատանան, քարին կէսը ի՛նչպէս տայինք։
Անպիտանն ալ երեւի կը գիտնար, որ կը խաբենք, որովհետեւ երբ ցուցամատով զարնէինք թուքին՝ պղպջակները տարբեր ուղղութեամբ կը թռէին…
Երեսուներեքերորդ  քարը ո՞ւր ինկաւ…
34.- Բարբա՞ռ, թէ գրական լեզու
Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի լեզուական դասանիւթերն էին լեզուի տեսութիւն, հայոց լեզու, իմա՝ արեւելահայերէն, գրաբար, բարբառագիտութիւն, հայոց լեզուի պատմութիւն, ընդհանուր լեզուաբանութիւն եւ այլն. արեւմտահայերէն չկար։ Սփիւռքահայ ուսանողներուս համար ասիկա անըմբռնելի բացակայութիւն մըն էր, բայց այդպէս էր:
1973, ուսումնական տարեշրջանի աւարտ: Շրջանաւարտ ուսանողներս կը ներկայացնէինք մեր աւարտաճառերը: Իմ նիւթն էր «Քեսապի բարբառի հնչոյթաբանութիւնը»։ Յանձնաժողովի անդամները հայ բանասիրութեան  ծանօթ անուններ էին: Ղեկավարս՝ ակադեմիայի թղթակից անդամ փրոֆ. Էդուարդ Աղայեանը գոհ էր աշխատանքէս, իսկ ընդդիմախօսս՝ դոկտ. Մանուէլ Ասատուրեանը, չէր թաքցուցած իր հիացմունքը։ Շատ ինքնավստահ էի։
Կարգը իմս էր։ Աշխատանքս յանձնաժողովի սեղանին վրայ էր։
Սկսայ ներկայացնել նիւթը։ Հազիւ քանի մը նախադասութիւն ըսած՝ Յանձնաժողովի նախագահ դոկտ.  Արամ Ինճիկեանը բարձրաձայն ընդհատեց խօսքս ըսելով.
_ Դուք բարբառով էք խօսում, չի կարելի, դուք հայերէն չէ՞ք իմանում։
_ Ներողութի՛ւն,_ առարկեցի,_ ես գրական արեւմտահայերէնով կը խօսիմ։
_ Ի՛նչ արեւմտահայերէն գրական լեզու, դա բարբառ է, չի կարելի,_ պոռաց յարգելի նախագահը։
Ինծի կը մնար կա՛մ փոխել լեզուս, կա՛մ ամպիոնէն վար իջնել, երբ Էդուարդ Աղայեանը խօսք առաւ, ու բացատրեց, որ հայերէնը ունի երկու գրական տարբերակ՝ արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն։ Այսօր Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն տարբերակով եւ աւանդական ուղղագրութեամբ կը գործեն հարիւրաւոր դպրոցներ, կը հրատարակուին թերթեր եւ գիրքեր, իսկ Հայաստանի մէջ պետական լեզուն հայերէնն է, չէ բնորոշուած արեւելահայերէ՞ն է, թէ արեւմտահայերէն. հետեւաբար մենք պարտաւոր ենք յարգել  գրական հայերէնի այդ տարբերակը։ Ընդդիմախօս Մանուէլ Ասատուրեանն ալ մէջը մտաւ, նոյնը հաստատեց եւ աւելցուց, թէ շրջանաւարտը շուտով կը վերադառնայ Սփիւռք եւ կը լծուի մանկավարժական աշխատանքի. ի՞նչ կը խորհիք, ո՞ր գրական լեզուի տարբերակը կը պահանջուի իրմէ։ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի ջանքերով որո՞նց համար կը պատրաստուին եւ Սփիւռք կ’ուղարկուին արեւմտահայերէնի ընթերցարաններն ու քերականութեան դասագիրքերը…
Լսարանը լեցուն էր։ Ներկայ էին նաեւ սփիւռքահայ ուսանողներ։
Արամ Ինճիկեանը կարծես գոհացած էր այս միջամտութիւններէն, կարծես այդ «անցագիր»-ին կը սպասէր, ու ժպիտով՝ թոյլ տուաւ, որ շարունակեմ պաշտպանութիւնս։
35.- Գրաշարութեան պատմութիւն
1978-ին, Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ աշակերտական մեծ խումբի մը հետ հալէպահայ պարբերական մամուլի ցուցահանդէս մը կազմակերպած էի: Մինչ այդ՝ Հալէպի մէջ հրատարակուած 110 թերթ ցուցադրուած էր համառօտ ծանօթագրութիւններով: Այցելուները շշմած էին:  Դոկտ. Բիւզանդ Մինասեան գրած էր. «Մշակութային այնքան հարուստ գործունէութիւն ունեցող գաղութը այժմ մնացած է չոր քարի վրայ», իսկ մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան աւելցուցած էր. «Ո՞վ պիտի նորոգէ հայ թերթը սուրիահայութեան կեդրոնին մէջ»:
1963-ին դադրած էին բոլոր պաշտօնաթերթերը, բայց յատուկ արտօնութիւններով կարելի եղած էր տպագիր ու խմորատիպ տեսքով միութենական-աշակերտական պարբերականներ եւ համայնքային-եկեղեցական տեղեկատուներ  հրատարակել։  Բերիոյ հայոց թեմը չունէր իր պարբերաթերթը։   Ատիկա մեծագոյն բացական էր։ Առաջնորդ Սուրէն սրբազան ջերմօրէն խնդրեց, որ ես իրագործեմ  խնդիրը:
_ Միայն առաջին թիւը,_ կ’ըսէր սրբազանը,_ թող ճամբան բացուի, յետոյ երիտասարդները կը շարունակեն։
Պարբերաթերթին բնոյթը հասկնալի էր. թեմը հարուստ էր մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ այլ ձեռնարկներով։ Թատրոնի, գեղանկարչութեան, գրականութեան, երաժշտութեան սիրահարներ կային. կը ճանչնայի բոլորը։ Հետեւաբար դժուար չեղաւ թիւը կազմելը։ Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսին
օրհնութեան գիրերն ալ հասան։
Քաղաքին մէջ կը գործէին շարք մը տպարաններ, ոմանք ունէին տողաշար մեքենաներ։ Մեր թերթը պէտք է տպագրուէր  տպարան Արեւելք, որ  այդ ատեն կը գտնուէր  Առաջնորդարանի գետնայարկը.  առաջին յարկը տնօրէնութիւնն էր, իսկ գետնայարկի երկրորդ եւ երրորդ յարկերուն վրայ՝ տպարանը։ Հոս տողաշար մեքենայ չկար։ Ամէն ինչ 1963-ի ժառանգութիւն էր, ըսել կ’ուզեմ, որ հոս գրաշարութեան դարաշրջանը  իր սեւ ու ճերմակին մէջ կ’ապրէր  տակաւին։
Գետնայարկի ամէնէն վարի նկուղին մէջ Ճորճ Արապաթլեանը, ծխախոտը շրթունքին մէկ ծայրը սեղմած, իրեն յատուկ քմծիծաղով մը ինծի բարի գալուստ մաղթեց ու յայտնեց, որ եթէ ես ալ գրաշարութիւն չընեմ, թերթը դժուար լոյս կը տեսնէ։  Ինք էր գլխաւոր գրաշարը։ Թեմի դասագիրքերու վերահրատարակութիւնը, յայտարարութիւններ, մահազդներ, ամէն ինչ կ’անցնէր Պարոն Ճորճի ունելիին բերանէն։
Ուրեմն՝ սեղանին վրայ այբբենական շարքով դրուած զոյգ-զոյգ արկղիկներու մէջէն պարզ ու գլխագիր տառերը հատ-հատ առնելով  կը տեղաւորէինք տողի կաղապարին մէջ, կը կազմէինք բառը, յետոյ բացատ մը եւ նորէն բառ մը ու այսպէս կը կազմուէր տողը, ապա տող-տողի ետեւէն կը կապուէր էջը, փորձ մը կը հանուէր։  Կարծեմ երկու տեսակ գիր կար՝ Արամեան եւ Գէորգեան։ Գիրերը հնամաշ էին, տեսնես՝ մ-ին պոչիկը մաշեր վերջացեր էր, ն-ի գլուխը թռեր, այնքա՜ն առատ ս-եր կը նկատէինք փորձերուն վրայ։
Այս աշխատանքը ես չէի կրնար շարունակել ու գլուխ հանել, եթէ չըլլային Պարոն ճորճի անեքթոտներն ու զրոյցները փառքի օրերու մասին՝ խմբագիրներ, գրչակռիւներ, գրողներ։ Ափսոս որ չեմ արձանագրած։ Ժամանակ չկար։
_ Տէ, տէ,_ կ’ըսէր,_ էջ մըն ալ շարէ։
Թերթը լոյս տեսաւ, գիրքի չափով. Առաջնորդարան Հայոց Բերիոյ Թեմի – Պարբերաթերթ, Ա. տարի, թիւ 1, Հոկտ.- Դեկտ. 1978, 64 էջ։
_ Գործդ չվերջացաւ,_ ըսաւ վարպետս,_ հիմա բոլոր էջերը քակէ՛ եւ գիրերը բաշխէ՛ իրենց տուփիկներուն մէջ։
Անշո՛ւշտ, սրբազանը ուրախացաւ եւ ուզեց զիս ուրախացնել.
_ Յակո՛բ, լոյս աչքդ,_ ըսաւ բարձրաձայն,_ տողաշար մեքենան շուտով Պէյրութէն ճամբայ կ’ելլէ։ Ազդակ օրաթերթի նախկին տողաշարն է:
_ Լոյս աչքը երիտասարդներուն, սրբազա՛ն _ պատասխանեցի ու խոր շունչ մը փչելով Առաջնորդարանէն դուրս ելայ։
36.- Հանդիպում եկեղեցւոյ տանիքին վրայ
Խումբ մը սփիւռքահայ ուսանողներով Թալին գացած էինք կամաւոր աշխատանքի։ Կամսարական տոհմին կողմէ 7-րդ դարուն կառուցուած Թալինի Մեծ տաճարը կամ Կաթողիկէ եկեղեցին վերանորոգութեան մէջ էր: Խաչատուրեան Սարգիսն ու ես բարձրացանք վեր, ամենավերի թեք թաղին վրայ, ուր երեք չորս վարպետներ կ’աշխատէին։ Վարէն՝ տղաքը սալերը կը հասցնէին քիւին, մենք կ’առնէինք ու կը շարէինք վարպետներուն քով։
Սագոն միշտ խանդավառ տղան էր։ Առանց երգի, կանչ ու պոռչտուքի անցնիլ չէր ըլլար։ Պէյրութէն էր: Յանկարծ թեւս մտաւ, ու,  հաւանաբար զիս ալ մասնակից դարձնելու համար, երգեց մեր պարերգը.
_ Հալա, հալա հալա նիննէօ եէր։
Վարպետները մուրճերը նետեցին մէկ կողմ ու մասնակցեցան երգին այնքան վարժ՝ որքան Սագոն։
_ Մենք արամոցի ենք, սա մեր երգն է,_ ըսաւ մէկը։
Արամոն Լաթաքիայէն արեւելք գտնուող հայկական հնամենի գիւղ մըն է։ Արամոյի բարբառը հասկնալի էր ղնեմիէցիներուն, քեսապցիներուն եւ մուսալեռցիներուն համար։ Գիւղի բնակիչները մեծ մասով ներգաղթած են Հայրենիք, բարբառագէտ Արարատ Ղարիբեանը նկարագրած ու կորուստէ փրկած է այդ բարբառը: Հիմա այդ բարբառով խօսող չկայ, բարբառը գիտցող չկայ: Տեսած եմ գիւղի աղբիւրները, ժայռափոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Ս. Գէորգը եւ Ս. Ստեփանոսը, ուր Բերիոյ Թեմի առաջնորդը կը պատարագէ Ս. Աստուածածնայ տօնի շաբթուն մէջ։
Ուխտագնացութեան կը մասնակցին Լաթաքիայէն, Քեսապէն ու Հալէպէն հայեր եւ տեղւոյն ալաուիները։ Գիւղին մէջ մշտական բնակութեամբ հայեր չեն մնացած, բայց ամէն Կիրակի Լաթաքիայէն գալով եկեղեցւոյ դուռը կը բանայ Ակէս Տարրուսը։ Ակէսը՝ Արիստակէս, իսկ Տարրուսը Անդրէասեանն է։ Այսպէս ձեւափոխուած են բնիկ հայոց անուն-մականունները։ Ակէսը եկեղեցւոյ բանալին մարդու չի յանձներ։
Յուզիչ էր Թալինի Մեծ տաճարի տանիքին վրայ հայրենադարձ արամոցիներուն հետ մեր հանդիպումը: Պատմական հայաշխարհի անկիւններէն մարդիկ եկեր էին Խորհրդային Հայաստան, կառուցեր էին Նոր Հաճըն, Նոր Խարբերդ, Նոր Արաբկիր, Նոր Այնթապ, լծուած հայրենաշինութեան գործին, որովհետեւ հոն կը տեսնէին հայոց պետականութեան հիմքերը։
Արամոցիներն ալ կը նորոգէին Թալինի եկեղեցին:
_ Ի՞նչ պատահեց եկեղեցու էդ վերեւը,_ կը հարցնէր Թալինի մշեցի ոստիկանը։
_ Հարազատներ իրար են գտել,_ պատասխանեցին։
_ Տէ որ էդպէս է՝ պէտք է նշել,_ ըսաւ, գնաց ու վերադարձաւ տիկ մը ուսած ու պղինձեայ մեծկակ թաս մը ձեռքին։
Լեցուց, ու տղաք հասցուցին վեր։
_ Մաճառ է,_ ըսին,_ անուշ լինի։
Մաճառին ինչ ըլլալը չէինք գիտեր. Չհասունցած գինի է իբր. մէկական թաս խմեցինք. Սագոն գլուխը բռնելով ըսաւ.
_ Մայրը թաղեմ, թոյն է, ինչ է, գլուխս ֆռռաց:
Ու իրարու փաթթուած ինկանք թաղին վրայ՝ կատարեալ գինով։
_ Սրանք մաճառի՞ց հարբեցին, թէ հանդիպումից,_ զարմացած կ’ըսէր ոստիկանը,_ պինդ բռնէք՝ չընկնէք։
Թալինի Մեծ տաճարը կարծես կը համբառնար։
37.- Հովիւները տիրեցին կամ Եղեգիսէն Ալայազ
Ֆիզիքական դաստիարակութեան դասախօս ընկեր Յարութիւն Երանոսեանի կազմակերպած ուսանողական արշաւախումբը հասած էր Վայոց Ձորի Ցաղաց Քար կոչուող 10-րդ դարու վանական համալիր։ Աւերակները, խոնարհած խաչքարերը, քանդակները, նոյնիսկ գլխատուած արծիւը արուեստի տեսակէտէ հիացում կ’առթէին։ Մեկնելէ առաջ՝ ընկեր Երանոսեանէն խնդրեցի, որ ինծի արտօնութիւն տայ դիմացի լեռնաբազուկին վրայ երեւցող Սմբատաբերդ բարձրանալ։ Արտօնեց ու ըսաւ, որ անկէ իջնեմ Ալայազ գիւղը, ուր հազիւ երկու ժամէ կրնային հասնիլ իրենք, որովհետեւ շուրջ եօթը քիլոմեթր հետիոտն ճամբայ պէտք է կտրէին օթոքարին հասնելու համար:
_ Զգուշացիր, արջի չհանդիպես,_ կանչեց ետեւէս։
Մշուշը ձորէն բարձրանալով կը բզկտուէր Սմբատաբերդի  պարիսպներուն վրայ ու կը  սահէր զառիթափերէն վար։ Անձրեւեց։ Մտայ դարպասի մը կամարին տակ։ Ամպը անցաւ ու վարը, խոր ու նեղ ձորին մէջ, գետի աջ ափին երեւցաւ Եղեգիսը, Սիւնեաց Վասակեան, ապա Օրբէլեան իշխաններու հարուստ դաստակերտը։ Հեռուէն կ’երեւէին երկու-երեք եկեղեցական կառոյցներ։
Թուփէ թուփ փաթթուելով իջայ զառիթափը, կեցայ գիւղի մուտքի հրապարակին առջեւ, ուր շարք մը խաչքարեր տեղադրուած էին։ Դիմացի շէնքի ցուցանակը պարէնային խանութ ըլլալը ցոյց կու տար։ Տուփ մը լուցկի առնելու համար մտայ ներս ու անակնկալի եկայ։ Այդտեղ հաւաքուած մարդիկ թրքերէն կը խօսէին։ Թուրք էին։ Ուրեմն գիւղը թրքաբնակ էր։ Հասկցայ, թէ ինչո՛ւ գիւղը Ալայազ կոչուած էր: Թուրքը ուր մտնէ՝ նախ տեղի անունը կը փոխէ:
Ծանօթացանք։ Երեւի գիւղի մեծաւորներէն մէկն էր. առաջարկեց զիս տանիլ գիւղի եկեղեցիները։ Բանալին հանեց գրպանէն, դուռ մը բացաւ. մէկ անկիւնը ուլիկներ կապած էին, իսկ միւս անկիւնը դիզուած էր պարէնային խանութի մթերքը։ Որքան հասկցայ՝ միանաւ եկեղեցի էր՝ Ս. Աստուածածին: Բարձրացանք գիւղն ի վեր, սա Զօրաց եկեղեցին էր։ Վեղարաձեւ ճակատով, երկու սիւներու եռաթեւ մուտքով խորան եկեղեցի, որուն առջեւ, բաց տարածութեան մէջ, Սիւնեաց զօրքերը Աստուծոյ օրհնութիւնը առնելով մեկնած են մոնղոլներու դէմ կռուի։ Ահա թէ ինչո՛ւ համար կոչուած էր Զօրաց տաճար՝ զօրքի տաճար։
Մարդը այդքանն ալ գիտէր:
Առաջարկեց տուն մտնել։ Կարծեմ վերջին տունն էր։ Պատշգամը նստանք։ Խանըմը թէյ բերաւ, հաց-պանիր դրաւ, կանաչի։ Թէյի կումը կոկորդէս դժուար կ’իջնէր. Թումանեանը կը յիշէի.
Լինում է մի սար,
Էն սարում մի ծառ,
Էն ծառում փըչակ,
Փըչակում մի բուն…
Բոյնը կար, բայց բնուորը ուրիշ էր արդէն։
Այդ պահուն արշաւախումբը տան առջեւէն կ’անցնէր: Ընկեր Երանոսեանը նկատեց զիս, անցաւ։ Ես ալ ելայ։ Ընկեր Երանոսեանի կողքին էի։ Չէր նայեր ինծի.  բարկացած էր։
_Չէի սպասում, որ Եղեռն տեսած ժողովրդի զաւակը թուրքի սեղանին նստած լինի,_ ըսաւ։
Հասկցայ։ Բայց կը զգայի, թէ ան ալ զիս կը հասկնայ։ 1802-ին Եղեգիսը ամբողջապէս հայաբնակ էր. կը բերեն թուրք հովիւ մը. յետոյ հայերը տուն-տուն կը գաղթեն մեծ քաղաքներ՝ Թիֆլիս, Պաքու, աւելի անդին, ով գիտէ՝ Հինդ ու Սինկափուր, կը հալին կ’երթան, ու հովիւը իր տոհմով կը տիրէ գիւղին ու անունը կը դնէ Ալայազ։
Մեր օրերուն ալ նոյնը կը պատահէր՝ Երեւանը մէկ միլիոնանոց քաղաք դարձնելու համար գիւղերը կը պարպուէին  ու կը դառնային թուրքերու արօտավայր: Սարսափելի էր պատկերը: Ատիկա մեծ խնդիր էր։
Հովիւները կը տիրէին մեր երկրին։
Յակոբ Չոլաքեան