Ղուկասու աւետարանին մէջ կը կարդանք, թէ առիթով մը օրէնքի ուսուցիչներէն մէկը կը մօտենայ Քրիստոսին եւ զինք փորձելու նպատակով կը հարցնէ. «Վարդապե՛տ, ի՞նչ պէտք է ընեմ յաւիտենական կեանքը ժառանգելու համար» (Ղկ 10. 25): Յիսուս կը պատասխանէ. «Օրէնքի գիրքին մէջ գրուածը ի՞նչ է»: Օրէնքի ուսուցիչը կը պատասխանէ. «Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջ հոգիովդ, ամբողջ զօրութեամբդ եւ ամբողջ մտքովդ» եւ «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Քրիստոս կ’ըսէ. «Ճիշդ պատասխան տուիր: Ըրէ՛ ըսածդ եւ պիտի ապրիս» (Ղկ 10. 28): Ի պատասխան Քրիստոսի օրէնքի Ուսուցիչը կը հարցնէ. «Ո՞վ է իմ ընկերս» (Ղկ 10. 29):
«Ո՞վ է իմ ընկերս»: Դարեր շարունակ մարդկութիւնը հարցուցած է այս հարցումը: Մտածած է անոր մասին: Փնտռած է անոր համոզիչ եւ տրամաբանական պատասխանը: Ուզած է գիտնալ, թէ ո՞վ է ճշմարիտ ընկերը, ո՞ւր կարելի է գտնել զայն եւ ի՞նչ յատկութիւններով օժտուած է ան: Սակայն դժբախտաբար տակաւին պատասխան չէ գտած, որովհետեւ ինչպէս որ այդ ժամանակ օրէնքի ուսուցիչը հարցուց. «Ո՞վ է իմ ընկերս» (Ղկ 10. 29), նոյնպէս ալ այսօր մենք կը հարցնենք:
Եթէ բաղդատութիւն մը դնենք Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան շրջանին եւ մեր ապրած օրերուն միջեւ, պիտի տեսնենք, թէ օրէնքի ուսուցիչը աւելի հաւանականութիւն ունէր այս հարցումին պատախանը գտնելու, քան մենք: Որովհետեւ 21-րդ դարուն, դժբախտաբար, ընկեր բառը իր իսկական նշանակութիւնն ու արժէքը կորսնցուցած է: Եթէ պատահական անձերու հարցնենք, թէ ո՞վ է քու ընկերդ կամ թէ ի՞նչ կը նշանակէ ընկեր բառը, արդէն տասնեակ տարբեր պատասխաններ կը ստանանք:
Այսօր մենք, դժբախտաբար, ամէն մարդու համար ընկեր բառը կը գործածենք: Օրինակի համար, երբ դիմատետրին (facebook) մէջ պատահական անձ մը ուզէ մեր էջին մասնակից դառնալ, ըստ դիմատետրին ան մեր ընկերը կը դառնայ: Քաղաքականութեան մէջ երկիրներ, որոնք որոշ ժամանակուան համար երկուստեք շահեր ունին, զիրար «ընկեր» կը կոչեն: Ընկերային կեանքին մէջ մարդիկ կը փորձեն հռչակաւոր, բարձր դիրք վայելող եւ երեւելի անձերու հետ ծանօթանալ, նոյնիսկ դրամի միջոցաւ, որպէսզի յայտարարեն, թէ այդ անձը իրենց սերտ ընկերն է: Մանաւանդ  համացանցի (social media) այս դարուն, որքա՜ն մեծ է թիւը համացանցով աշխատող ա՛յն անձերուն, որոնք աներեւակայելի գումարներ կը ծախսեն համացանցային ընկերներ եւ հետեւողներ (follower, subscriber) ունենալու համար: Ոմանք ալ ընկեր կը նկատեն այն անձերը, որոնք իրենց կարեւորութիւն կու տան կամ տարբեր ծառայութիւններ կը մատուցեն: Եւ տակաւին շարքը կ’երկարի…
Ինչպէ՞ս պիտի գտնենք այս հարցումին պատասխանը գաղափարներու եւ կարծիքներու այս հսկայական բախումին մէջ: Մէկ բան յստակ է եւ ակնբախ: Այսօրուան մարդ արարածը չի կրնար մնայուն ընկեր ըլլալ, որովհետեւ այսօր կեանքը այնպէս մը եղած է, որ այսօրուան ընկերդ վաղուան թշնամիդ կ’ըլլայ, այսօրուան զրուցակիցդ՝ վաղուան բամբասողդ, այսօրուան օգնականդ՝ վաղուան քարկոծողդ, այսօրուան բարեկամդ՝ վաղուան հալածողդ: Ափսո՜ս… այս է մարդկութեան վիճակը:  Ուրեմն ո՞վ է մեր ընկերը:
Մարդկութեան իսկական, միակ եւ ճշմարիտ ընկերը Յիսուս Քրիստոսն է: Ա՛յն ընկերը, որ նախապէս մեզի ծանօթ չէր, բայց եւ այնպէս երկինքէն երկիր իջաւ մեզի համար: Ա՛յն ընկերը, որուն հանդէպ մենք ամէն տեսակի մեղք եւ սխալ գործած էինք, բայց եւ այնպէս յանձն առաւ չարչարուիլ մեզի համար: Ա՛յն ընկերը, որ հակառակ մեր անարժանութեան խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առաւ մեզի համար: Հակառակ այս բոլորին, Քրիստոսի հետ ընկեր ըլլալը չափազանց դիւրին է. մեզմէ միայն կը պահանջուի զինք դաւանիլ իբրեւ Տէր եւ Փրկիչ:
Քրիստոս ընկերը ունի հիմնական երեք յատկութիւններ.
Ա) Քրիստոս հաւատարիմ ընկեր է (Յայտնութիւն Յովհաննէսի 1.5): Ան ոչ մէկ պարագայի կամ պայմանի ներքեւ կը դաւաճանէ մեզ: Ան ոչ մէկ առիթով կ’ուրանայ մեզի: Ան ոչ մէկ կացութեան դիմաց կը լքէ իրեն ապաւինողներս: Որովհետեւ ան իսկակա՛ն ընկեր է: Ընկե՛ր մը, որ  անփոփոխ է, համաձայն Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքին. «Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեան» (Եբր 13. 8):
Բ) Քրիստոս անպայմանական սէր ունեցող ընկեր է: Քրիստոս մեզ կը սիրէ առա՛նց ակնկալութեան, առա՛նց շահի,
առա՛նց պահանջքի, առա՛նց սահմանի: Պահ մը մտածենք այս նիւթին շուրջ եւ մենք զմեզ հարցնենք, թէ արդեօք մենք ի՞նչ ըրինք Քրիստոսի սիրոյն արժանանալու համար: Մարդոցմէ ո՞վ աղաչեց որ Քրիստոս երկինքէն իջնէ մեզ փրկելու համար:  Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց որ Քրիստոս դատուի մեր փոխարէն: Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց որ Քրիստոս չարչարուի մեզի համար: Մարդոցմէ ո՞վ խնդրեց որ Քրիստոս խաչուի մեզի համար: Մեզմէ ո՞վ խնդրեց որ Քրիստոս մեռնի մեզի համար: Քրիստոս այս բոլորը կատարեց, որովհետեւ սիրեց մեզ, շա՜տ-շա՜տ սիրեց: «Ո՜չ թէ մենք սիրեցինք զԱստուած, այլ Աստուած Ի՜նք սիրեց մեզ» (Ա. Յh 4. 10): Այդ սէրն էր որ Քրիստոսը մղեց ինքզինք խոնարհեցնելով մեր ընկերը դառնալու:
Գ) Քրիստոս ժամանակաւոր եւ դիւրափոփոխ ընկեր մը չէ, այլ յաւիտենական ընկեր մը: Քրիստոսի հետ ունեցած մեր ընկերութիւնը կ’երկարի մինչեւ յաւիտենականութիւն: Չմոռնանք, որ Քրիստոս ի՛նք ըսաւ. «Միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մտ 28. 20): Ան ոչ միայն խոստացաւ մեզի հետ մնալ այս աշխարհին վրայ, այլ խոստացաւ մեզի համար տեղ պատրաստել նոյնիսկ երկինքի մէջ  (Յh 14. 3):
Այո՛, ճիշդ է, որ իբրեւ քրիստոնեաներ մեր ճշմարիտ ընկերը Քրիստոս ի՛նքն է, բայց եւ այնպէս մեր քրիստոնէական կոչումն է բոլոր մարդոց ընկեր ըլլալ:  Ինչպէս որ մենք սիրուեցանք Աստուծոյ կողմէ առանց սպասումի, այնպէս ալ պէտք է սիրենք մեր նմանները առանց պայմանի եւ ակնկալիքի: Մեր նմանները ըսելով չենք հասկնար մեր ընտանիքի անդամները, ազգականները, հարազատները եւ ծանօթները, այլ ամէն մարդ որ կը գտնուի աշխարհի վրայ՝ առանց նկատի ունենալու անոր կրօնը, հաւատքը, ընկերային դասակարգը, ցեղը եւ գոյնը:
«Ո՞վ է իմ ընկերս»: Քրիստոս գտած էր այս հարցումին պատասխանը: Պատասխանը հետեւեալն է. Քրիստոսի ընկեր կը նկատուի ամէն մարդ որ ապրեցաւ, կ’ապրի եւ պիտի ապրի այս աշխարհին մէջ: Աշխարհի մէջ չկայ անձ մը, որ արժանի է անընկեր մնալու: Չկայ մէկը որուն մասին մտածելը աւելորդ է, որովհետեւ «չկայ արարած մը որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի» (Եբր 4.13)։
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան