Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վրաստանի վարչապետ Մամուկա  Բախտաձէին ծննդեան տարեդարձը շնորհաւորած է: Շնորհաւորկան նամակին մէջ յատկապէս յիշուած է .

«Ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ  Ձեզ ծննդեան տարեդարձին առիթով: Ձեզ եւ ձեր ընտանիքի անդամներուն կը ցանկամ  խաղաղութիւն, քաջառողջութիւն եւ երջանկութիւն: Յաջողութիւններ ու նորանոր ձեռքբերումներ կը մաղթեմ նաեւ Ձեր պատասխանատու ու  կարեւոր գործին մէջ:

Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք առաւել կ’ամրապնդենք մեր ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնն ու  մեր պետութիւններու ­գործակցութիւնը կ’ընդլայնենք: Ես լաւատես եմ մեր ժողովուրդներուն ապագային նկատ­մամբ: Համոզուած եմ, որ ընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած հայ-վրացական յարաբերութիւնները շարունակական զարգացմամբ պիտի  նպաստեն մեր երկիրներուն առաջընթացին ու բարեկեցութեանը»: