«Ակունք».- 7 Յունիսին Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն, հայագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Հայկազուն Ալվրցեան: Ան իր ելոյթին մէջ շեշտեց նման ձեռնարկներու, գիրքերու, ժապաւէններու կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք ցոյց կու տան, որ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդը չէ կորսնցուցած արդարութեան հասնելու յոյսը ու կը պայքարի  այդ նպատակին հասնելու համար: Ան նաեւ յայտնեց, որ կեդրոնին մէջ  առաջին անգամը չէ, որ նման ձեռնարկ կը կազմակերպուի:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արեւմտահայոց Հարցերու Ուսումնասիրութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող, թրքագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մելինէ Անումեան: Ան ըսաւ. «Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը ծանր երեւոյթ է, յատկապէս ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդներուն համար: Քանի տակաւին չէ ամոքուած ցեղասպանութեան ձգած սպին, եւ մեր ժողովուրդները չեն ստացած արդար հատուցումը, անիկա հետզհետէ խորանալով` աւելի մեծ վէրք կը դառնայ: Հայ եւ յոյն ժողովուրդները տակաւին չեն կորսնցուցած  քաղաքական պայքարի ճամբով հատուցման հասնելու հաւատքը: Մենք նաեւ համոզուած ենք, որ մինակ չենք այդ պայքարի ճամբուն վրայ, իսկ հայերը, յոյները եւ ասորիները այդ առումով ունին զիրար հասկնալու մեծ ներուժ»:

Ձեռնարկին բանախօսներն էին «Յոյն Բնակչութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ եւ Փոքրասիական Աղէտը (1914-1923 թթ.)» գիրքի հեղինակ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Գէորգ Վարդանեան եւ Հայաստանի յունական համայնքներու միութեան նախագահ Մարիա Լազարեւան: Վերջինս համեմատութիւններ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան ու յոյներու ցեղասպանութեան միջեւ եւ դիտել տուաւ, որ հակառակ տարբերութիւններուն, կան շատ նմանութիւններ: Անոնցմէ մէկն է, որ երկու ցեղասպանութիւններն ալ ոճրագործին կողմէ ճանչցուած չեն: Բանախօսը աւելցուց, որ յոյներու ցեղասպանութեան ճանաչման «բեռը» մնացած է հիմնականին մէջ պոնտական սփիւռքի ուսերուն:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Վարդանեան: Ան հանգամանալից ներկայացուց Պոնտոսի յոյներու կամ, աւելի ճիշդ  բնութագրումով յոյներու ցեղասպանութեան պատմութիւնը, ցեղասպանութեան յիշողութեան ու ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցերը:

Ձեռնարկի ընթացքին խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Էտուարտ Պոլատով` «Պաթրիտա» յունական համայնքի ղեկավարը: Ան իր ելոյթին մէջ  յայտնեց, որ Հայաստան մեծ դեր ունեցած է Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան հարցի արծարծման մէջ:

Ելոյթներու աւարտէն ետք տեղի ունեցաւ «Արգոնաւորդներու ոտնահետքերով» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է պոնտացի յոյներու ամբողջ պատմութիւնը, հոն տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը:

 

Պատրաստեց
Անի Մելքոնեան