«Ակունք».-Վանի Գեւաշ գաւառին ենթակայ Ալթընսաչ գիւղիՆ մօտ գտնուող 11-րդ դարուն կառուցուած Սուրբ Թովմաս հայկական վանքը շարունակ կ՛ենթարկուի գանձագողերու աւերին:

Աղբիւրին համաձայն, Գեւաշի գաւառապետ Մուրատ Սեզերը յայտնած է, թէ գանձ որոնողներու «անխղճութեան» հետեւանքով վանքը մեծ վնաս կրած է, ուստի պէտք է վերականգնի :

Մուրատ Սեզեր շեշտած է, որ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է եկեղեցին ըստ արժանուոյն ներկայացնել: Գաւառապետարանը վանքի վերականգնումը սկսելու համար դիմած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ սոյն եկեղեցին մինչեւ այսօր պետութեան կողմէ բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած եւ աւերուած վիճակի մէջ է` պահպանման ենթակայ  չըլլալուն հետեւանքով:

Գեւաշի գաւառապետը նաեւ յայտնած է, որ տեղական իշխանութիւններու փափաքն ու խնդրանքն է, որ վանքը ըստ կարլեիութեան՝ արագօրէն վերանորոգուի, որպէսզի օտարերկրեայ զբօսաշրջիկները եւս կարենան հիանալ անով:

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի աւերուած վանքերն ու եկեղեցիները հազուադէպօրէն կը վերանորոգուին, առաւելաբար տուեալ շրջաններուն մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով: