Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Գերապայծառ Տէր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքեանի հետ: Անոնք խօսած են Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, այսօրուան դժուարութիւններուն ու հարցերուն, մասնաւորապէս, Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի ապագային մասին:
Հանդիպումէն ետք նախագահն ու սրբազանը այցելած են Փարիզի մերձակայ արուարձան Սեւրի մէջ գտնուող Մխիթարեան Միաբանութեան Սամուէլ Մուրատեան վարժարան եւ մշակութային կեդրոն:
Մեծ Փարիզի «Ոսկի Եռանկիւն»ին ճիշդ կեդրոնին մէջ գտնուող վարժարանի շէնքը, որ կը համարուի Սփիւռքի պատմութեան ամենախորհրդանշական հաստատութիւններէն մէկը, Մխիթարեաններու սեփականութիւնն է:
Նախագահ Սարգսեան շրջած է վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տարածքը, ծանօթացած է պայմաններուն:
Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զեքեան պատմական համարած է Հայաստանի նախագահին այցելութիւնը վարժարան:
Արքեպիսկոպոսը տեղեկացուցած է, որ Մխիթարեաններուն պատկանող բոլոր հաստատութիւններուն մէջ սկսած է վերանորոգման գործընթաց:
Մխիթարեան միաբանութեան անդամ, Սեւրի Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի եւ մշակութային կեդրոնի տնօրէն Յարութիւն վարդապետ Պզտիկեան յայտնած է, որ հինաւուրց այս վարժարանը ունի հարուստ պատմութիւն եւ Մխիթարեան միաբանութեան կրթական օրրաններէն է:
Անդրադառնալով շէնքի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին` նախագահ Սարգսեան մատնանշած է. « Ժամանակն է, որ մենք, որպէս հայութիւն, կանգնինք միաբանութեան կողքին, որպէսզի մշակութային, կրթական, նիւթական այդ հարստութիւնը պահպանուի եւ պաշտպանուի: Իմ այցելութեան նպատակներէն մէկը սա է` ցոյց տալ, որ մենք անտարբեր չենք: Անտարբեր չենք որպէս հայ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, իսկ իմ պարագայիս` որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ: Ուրախ եմ, որ մեր զրոյցի ընթացքին սրբազանը նոյնպէս համոզուեցաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ միայն անտարբեր չէ, այլեւ պատրաստ է աջակցիլ ճիշդ լուծումներ գտնելու, լուծումներ, որոնք կ’աջակցին միաբանութեան, որպէսզի անոր առջեւ կանգնած դժուարագոյն տնտեսական հարցերը լուծուին, կ’աջակցինք, որ կեդրոնը շարունակէ ծառայել ոչ միայն միաբանութեան, այլեւ ողջ հայ ժողովուրդին:
Այսօրուընէ սկսեալ մեր բոլոր հայրենակիցները պէտք է փորձեն իրենց ներդրումը բերել»: