Նախագահութեամբ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ ՄԱԿ-ի մշտական ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփի, կառավարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի զարգացման նպաստող գործընկերներու հետ գործակցութեան համակարգումի քննարկում:
Օրակարգին մէջ ներառուած է երկու հարց` ՀՀ զարգացման ռազմավարութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ ոլորտային ռազմավարութիւններու մշակման գործընթացին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու եւ գործընկեր պետութիւններու ներգրաւումը:
Նախքան քննարկումը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան շնորհակալութիւն յայտնած է գործընկեր պետութիւններու դեսպանութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հանդիպումին ներկայ գտունելու եւ նման երկխօսութիւն կատարելու պատրաստակամութեան համար:
Օրակարգի առաջին հարցին մասին զեկոյց ներկայացուցած է ՀՀ վարչապետի խորհրդական Լեւոն Մազմանեան: Ան ներկայացուցած է մինչեւ 2050 Հայաստանի զարգացմա ռազմավարութեան նախնական տարբերակը: Զեկոյցը կը ներառէր այն հիմնական սկզբունքներն ու նպատակները, որոնց վրայ պիտի կառուցուի Հայաստանի զարգացման համար նախատեսուած ռազմավարութիւնը: Վարչապետի խորհրդականը յիշած է ռազմավարութեան երեք հիմնական բաղադրիչներ` գաղափարը, տեսլականը եւ գործողութիւնը: Ան ընդգծած է ընկերային-տնտեսական զարգացման հեռանկարներ, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան զարգացման երեք փուլեր: Լեւոն Մազմանեան թուարկած է ռազմավարական նպատակներ եւ անդրադարձած է որոշ նպատակներու իրականացման առաւելութիւններուն:
Զեկոյցէն ետք միջազգային գործընկերները հարցումներ ուղղած են փոխվարչապետին եւ վարչապետի խորհրդականին: Քննարկումին ընթացքին հանդիպումին մասնակիցները միտքեր փոխանակած են ռազմավարութեան մշակման ժամկէտին, նուիրատուներու հետ գործակցութեան եւ ռազմավարութեան մէջ յիշուած որոշ մանրամասնութիւններու շուրջ: Հարցերուն պատասխանելէ առաջ փոխվարչապետը ընդգծած է, որ կառավարութեան փափաքն է ունենալ մարդակեդրոն ռազմավարութիւն, որուն վրայ հիմնուած է ռազմավարութեան մշակման ամբողջ գործընթացը:
Օրակարգի երկրորդ հարցը ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի մշտական ներկայացուցիչ Շոմպի Շարփը, որուն զեկոյցէն յետոյ քննարկուած է ոլորտային ռազմավարութիւններու մշակման ընթացքին միջազգային գործընկերներու հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը: