ՀՀ կառավարութիւնը քննարկած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պահեստային հիմնադրամով Եգիպտոսի մէջ մնացած Հայաստանի 119 քաղաքացիները Հայաստան վերադարձնելու համար 47 մլն. 198 հազար դրամ յատկացնելու հարցը:
Համապատասխան որոշման նախագիծը հրապարակուած է ՀՀ կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ, որուն մասին կազմակերպուած է գրաւոր քուէարկութիւն:
Վերջնական որոշումը կ’ընդունուի քուէարկութեան աւարտէն յետոյ, եւ որպէս կառավարութեան որոշում, կը տեղադրուի e-gov.am կայքին վրայ:
Ըստ նախագիծին, անոր ընդունման անհրաժեշտութիւնը նախատեսուած է 25 Յուլիսին Հուրկատա-Երեւան թիւ OTF 3703 թռիչքի չեղարկման պատճառով Հուրկատայի մէջ մնացած ՀՀ քաղաքացիներուն աջակցելու նպատակով:
26 եւ 29 Յուլիսին Եգիպտոսի ՀՀ դեսպանութիւնը Հուրկատա-Երեւան երկու թռիչք կազմակերպելու համար համաձայնած է յունական SpotAir ընկերութեան հետ: