ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը 1 Օգոստոս 2019-ին ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրէ Ազուլէին յղեց նամակ մը, որուն մէջ զօրակցութիւն յայտնեց կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ միջազգային գործակցութեան ճամբով աշխարհի վրայ խաղաղութեան ու անվտանգութեան նպաստող ԻՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան համար, ինչպէս նաեւ գնահատեց ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յանձնախումբի մշակութային, պատմական եւ բնական գոհարներու պահպանման ջանքերը:

Մարմինը, սակայն, ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղարին յիշեցուց, որ շարք մը միջազգային այլ կազմակերպութիւններու նման ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը եւս մէկ տարի առաջ մտահոգութիւն յայտնած էր ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Միջազգային Ժառանգութեան Յանձնախումբի քաղաքականացման առնչութեամբ` մասնաւորաբար յանձնախումբի 43-րդ նիստը գումարելով Ատրպէյճանի մէջ, երկիր մը, որ կը շարունակէ Մշակութային ցեղասպանութիւնը` կանոնաւոր կերպով բնաջնջելով մարդկութեան անգնահատելի ժառանգութիւններ, ինչպիսիք են Նախիջեւանի Ջուղա շրջանի հայկական խաչքարերը, որոնց դէմ գործուած ոճիրը տեսագրուած էր 2005-ին:
Մարմինը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ անվտանգութեան երաշխիքներու դիտաւորեալ կերպով չտրամադրուելուն պատճառով հայկական պատուիրակութեան ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յանձնախումբի 43-րդ նիստին մասնակցութեան կարելիութիւնը խափանուեցաւ:
Հայ Դատի մարմինը նշեց, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան Յանձնախումբը Յուլիս 2019-ին իր գումարած նիստին որդեգրեց համաշխարհային ժառանգութեան 29 նոր վայրեր, որոնց շարքին էին` Հիւսիսային Ատրպէյճանի մէջ գտնուող Շեքի Խանի պալատը, որ կը գտնուի շրջանի մը մէջ, ուր գոյութիւն ունին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան հաստատումէն դարեր առաջ կառուցուած պարսկական, վրացական եւ հայկական կարեւոր վայրեր:
Մարմինը յոյս յայտնեց, որ ԻՒՆԵՍՔՕ-ն իր այդ քայլով կը նպաստէ նաեւ վերաշինութեան Շեքի Խանի պալատին մօտ գտնուող նոյնքան կարեւոր ու գեղեցիկ նմանօրինակ վայրերու, ինչպէս` Ս. Եղիշէ եկեղեցիին եւ Վարդաշէն պատմական քաղաքին: Մարմինը նաեւ կարեւոր նկատեց հաստատումը հետաքննական առաքելութեան մը, որուն նպատակը ըլլայ ճշդել ճակատագիրը Ատրպէյճանի տարածքին գտնուող եւ հայ ժողովուրդի ժառանգութեան պատկանող հազարաւոր մշակութային վայրերու ու պաշտպանել զանոնք, մանաւանդ որ անոնք անտեսումի կամ դիտաւորեալ ու կանոնաւոր բնաջնջումի պատճառով կը կորսուին:

«Ազդակ»