«Ազատ Օր».- Հինգշաբթի, 1 Օգոստոս 2019-ի առաւօտեան, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Խաչիկ Ապարեան Հելէն խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահ Նիքիթաս Քաքլամանիսին հետ հանդիպում մը ունեցան խորհրդարանի իր գրասենեակէն ներս: Յանձնախումբի անդամները շնորհաւորեցին պրն. Քաքլամանիս Յունաստանի խորհրդարանի Ա. փոխ նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ բեղուն ու արդիւնաշատ աշխատանք մաղթեցին իրեն։

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Յունաստանի հայ համայնքին առնչուող հարցեր, ինչպէս եւ հայ-յունական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու հետագայ զարգացման ուղիներ։ Պրն. Քաքլամանիս հայ-յոյն ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութեան եւ սեղմ գործակցութեան հաստատ կողմնակիցը եղած է, իր քաղաքական կեանքի բոլոր հանգրուաններուն։