«Երկիր».- Միջազգային իրաւապաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութեան նոր զեկոյցին մէջ յիշուած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները` նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ աննախադէպօրէն կ’ոչնչացնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ժողովրդավարական ձեւաչափերը:
Էրտողանի որոշումով Թուրքիան 19 Մարտին դուրս եկաւ Եւրոխորհուրդէն` Կանանց նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման ու անոր դէմ պայքարի համաձայնութենէն, որ յայտնի է Սթանպուլեան համաձայնագիր անունով: Անկէ երկու օր առաջ երկրի գլխաւոր դատախազը դիմած էր Սահմանադրական Դատարան` քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը փակելու հարցով: Նոյն օրը կուսակցութեան պատգամաւորներէն մէկը զրկուած էր պատգամաւորական մանդատէն:
«Նախագահ Էրտողան կը թիրախաւորէ որեւէ կառոյց կամ հասարակութեան հատուած, որ կը ծառանայ Թուրքիոյ հասարակութիւնը վերաձեւաւորելու իր ջանքերուն դէմ: Վերջին զարգացումները ընդդէմ խորհրդարանական ընդդիմութեան, քիւրտերու, կանանց ուղղուած են նախագահի իշխանութիւնը ապահովելու ` խախտելով մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական երաշխիքները», յայտարարած է Human Rights Watch-ի գործադիր տնօրէն Քէնէթ Ռոթ:
Ան յայտնած է, որ ընտրութիւններուն հետեւանքով 11.7 տոկոս ձայն հաւաքած եւ 55 պատգամաւորական մանդատ ձեռք բերած Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը փակելու գործընթաց նախաձեռնելը կը վիրաւորէ քաղաքական հաւաքներն ու արտայայտման իրաւունքը: «Այս քայլով կրնայ ժխտուիլ մօտաւորապէս 6 մլն. ընտրողներու ընտրական իրաւունքը», յայտնած է Ռոթը: Ան յայտարարած է, որ ԵՄ առաջնորդները պէտք չէ լուռ մնան Թուրքիոյ մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: