Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ ԱՄՆ-ի ուժերը կը շարունակեն սուրիական Ճեզիրէի շրջանի քարիւղը թալանել։
Այս առիթով Ճեզիրէի Սուէտիէ շրջանէն տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ այսօր առաւօտեան ժամերուն, ԱՄՆ-ի ուժերը քարիւղով բեռնաւորուած 300 բեռնատարներ դուրս բերին քարիւղի դաշտերէն՝ Մահմուտիէ ապօրինի միջանցքէն դէպի իրաքեան սահման ուղղելով զանոնք։