«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, ելոյթ ունենալով իշխող կուսակցութեան համագումարին, անդրադարձած է արցախեան թեմային` ըսելով. «Անոնք, որոնք ստանձնած էին այս ճգնաժամը Մինսքի եռեակի անուան տակ լուծել, 30 տարի շարունակ ոչինչ ըրին բացի հարցը աւելի բարդացնելէ»:
Էրտողան, այնուհետեւ կրկնելով նախապէս արտայայտած իր նոյնաբովանդակ միտքերը, պնդած է, որ իր ատրպէյճանցի եղբայրները միշտ ջանքեր գործադրած են ճգնաժամը երկխօսութեան եւ համաձայնութեան միջոցով լուծելու :
Թուրքիոյ նախագահը Հայաստանը մեղադրած է ժամանակ առ ժամանակ «Ատրպէյճանի վրայ յարձակումները շարունակելու եւ երկխօսութեան ուղիները արգելափակելու մէջ»:
«Անցեալ տարուան վերջին ամիսներուն, երբ Հայաստանի բանակը կրկին անցաւ յարձակումի, մենք, իբրեւ Թուրքիա, մեր բոլոր կարելիութիւններով կանգնեցանք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու կողքին: Թուրքիոյ աջակցութեան եւ Ատրպէյճանի պայքարին շնորհիւ, փառք Ալլահին, վերջ տրուեցաւ այդ աղտոտ բռնազաւթումին», ըսած է ան:
Էրտողան յայտնած է, որ Թուրքիա հետամուտ պիտի ըլլայ 10 Նոյեմբեր 2020-ի համաձայնագիրի կէտերու իրականացման: Անոր խօսքին համաձայն, այդ գործընթացը աւելի կ’ամրապնդէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութիւնը: