«Արմէնփրէս».- Խումբ մը  իտալացի գործիչներ, որոնց շարքին ըլլալով իտալահայ գրող Անթօնիա Արսլան, իտալացի դերասան, բեմադրիչ, ռեժիսոր Գարլօ Վերտոնէն, գրող Տաչա Մարաինին, ռեժիսոր եւ արտադրող Ճիովանի Տոնֆրանչեսքոն, իտալահայ դերասան Լաուրա Էֆիքեան, դիմած են Ատրպէյճանի կառավարութեան` կոչ ուղղելով ազատ արձակելու  գերութեան մէջ գտնուող հայ զինուորները ու քաղաքացիական անձերը:

Գործիչները յայտնած  են, որ համաձայն միջազգային իրաւապաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութեան` ատրպէյճանական կողմը  պահած է առնուազն 60 ռազմագերիներ՝ տարէց անձեր, որոնք դաժան վերաբերմունքի ու բռնութիւններու ենթարկուած են:

Անոնք կոչ ուղղած են Ատրպէյճանին «անյապաղ ու առանց նախապայմաններու վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները` համաձայն Ժնեւի համաձայնագիրին եւ ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան»: Իտալացի գործիչներու յայտարարութեան մէջ ըսուած  է. «Ընկերային ցանցերու մէջ հայ ռազմագերիները նուաստացնող, անմարդկային վերաբերմունք պարունակող տեսանիւթերու տարածումը խոր անհանգստութիւն  կ’առաջացնէ: Բացի այդ, ռազմագերիներու ու միւս գերեվարուած անձերու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը միջազգային իրաւունքի աղաղակող խախտում կը համարուի»: