Պետութիւնը հիանալի ստեղծագործութիւն է, զոր յաճախ կ’անտեսենք՝ ենթադրելով որ արդէն իսկ մեր աշխարհի անբաժանելի մասնիկներէն մէկն է ան: Սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ: Պետութիւնը մշտապէս գոյութիւն չէ ունեցած մարդկային պատմութեան մէջ:
Միւս կողմէ, զանազան տեսութիւններ ու գաղափարախօսութիւններ (Օր. համայնավարութիւնը), վիպագիրներ եւ արձակագիրներ, կ’ակնկալեն պետութեան անհետացումը հեռաւոր ապագային, մարդկային սրընթաց յառաջդիմութեան ի հետեւանք:
Բնականաբար կանուխ է այդպիսի անկիւնադաձային փոփոխութիւն մը ակնկալելը, սակայն կ’արժէ մտածել ու պատկերացում ունենալ այս ուղղութեամբ:
Պէտք է մենք մեզի հարց տանք, թէ ինչո՛ւ սքանչելի ստեղծագործութիւն է պետութիւնը: Պատասխանը պարզ է, քանի որ ան եղած է մարդկային յառաջխաղացքի նախապայմանը, անոր հովանիին տակ է որ հիմնուեցան գիտութիւններ, մշակուեցան գիւտեր ու լեզուներ, դրսեւորուեցան մշակոյթներ ու աւանդութիւններ: Այլ խօսքով՝ պետութիւնը եղաւ մարդկային այլ արարչութիւններու ու ստեղծագործութիւններու երաշխիքը, այնպէս որ կենսականօրէն նպաստեց մեր հաւաքական կեանքի բարելաւման ու բարւոք ընթացքին:
Այստեղ կարեւոր է անդրադառնալ ճշմարտութեան մը: Կայուն ու տոկուն պետութիւններն են, որոնք յաճախ կրցած են հաւատարիմ գտնուիլ իրենց յառաջդիմական առաքելութեան: Այդ պետութիւններն են, որոնք հասած են այնպիսի հզօրութեան, որուն միջոցով իրենց ազդեցութիւնը, դրական թէ ժխտական, թափանցած է նոյնիսկ այլ ժողովուրդներու ու երկիրներու մէջ, դառնալով ոչ միայն փայլուն ազդեցութիւն, այլեւ համազգային հարըստութիւն:
Օրինակ վերցնենք գերմանացիներէն: Դարեր շարունակ պետականութեան արմատները խորացնելով, շարունակական փորձառութիւններ ու ձեռքբերումներ շահելով, գերմանացիները եղան հզօր ու չափազանց ստեղծագործ ազգ, եւ անսահման ներդրում ունեցան մարդկային քաղաքակրթութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ գիտութիւն, արուեստ, արհեստ, մարզանք, փիլիսոփայութիւն եւ… ցանկը կ’երկարի:
Փորձեցէ՛ք համեմատութիւն ընել մեր եւ իրենց միջեւ, ուղղակի անհամեմատելի ենք: Պատճառներէն մէկը այն է, որ մեր պետականութեան փորձառութիւնն ու ապրումը անբաւարար է եւ պակասաւոր:
Այս անփորձութիւնը շօշափելի է այսօրուան մեր հայրենիքի դրուածքէն իսկ: Ունինք իշխանութիւն մը, որ մէկ յաջողութեան դիմաց երկու ձախողութիւն կ’արձանագրէ: 30 տարուան ընթացքին ունեցանք միայն հարստահարող, փտած, անորակ ղեկավարներ, որոնք յաճախ արժանացան ժողովուրդին անէծքին, եւ մեր երկիրը փոխանակ անկախութիւն առած այլ պետութիւններու շարքին աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու, աւելի լայն բացաւ արտագաղթի դռները:
Կասկածէ վեր է որ մեր ներկան՝ սփիւռքով թէ հայրենիքով, ծանր է, սակայն մեր ճակատագիրը չէ զայն այսպէս պահելը, ոչ ալ մեր ճակատագիրն է մնայուն ձախողութիւններ կրելը: Լուծումներ կան անկասկած, ու ես անձնապէս կրնամ մատնանշել քանի մը հատը, այդուհանդերձ դժուար է իմանալ, թէ մենք կամեցողութիւն ունի՞նք այդ լուծումները կեանքի կանչելու, արդեօ՞ք մենք պատրաստակամութիւն ունինք երկար ու դժուար աշխատանք մղելու:
Հայկ Պաթթալեան