(Գիրեճեան Նազարը՝ հօրս քեռին եւ իր շառաւիղները)
Հա­լէ­պի Նոր Գիւ­ղի մթ­նո­լոր­տը շատ իւ­րա­յա­տուկ տեղ կը գրա­ւէ իմ յի­շա­տակ­նե­րու շտե­մա­րա­նին մէջ: Մէկ բա­ժի­նը ման­կու­թեանս եւ պա­տա­նե­կու­թեանս հետ կապ­ուած ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հետ աղերս­ուած է, երկ­րորդ բա­ժի­նը՝ հա­սու­նու­թեանս եւ ամուս­նու­թեանս շր­ջանն է, քա­նի որ բնա­կա­րանս ալ Նոր Գիւղ էր:
Այդ մէկն ալ պէտք է ըն­դու­նինք, որ Հա­լէ­պի հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րը, մի­ա­պա­ղաղ տա­րածք­ներ չէ­ին, ըլ­լա՛յ շի­նա­րա­րա­կան իմաս­տով, ըլ­լա՛յ ըն­կե­րա­յին-կեն­ցա­ղա­յին մի­ա­կերպ դի­մա­գիծ մը բաժ­նե­լու հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ: Այդ շր­ջան­նե­րու իւ­րա­տիպ յատ­կու­թիւն­նե­րու տար­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րած­ուած էին հո­գե­բա­րո­յա­կան շատ նուրբ զգայ­նու­թիւն­նե­րու ու առ­թած, ձե­ւով մը, ան­հան­դուր­ժո­ղու­թեան մթ­նո­լորտ «քա­ղա­քա­ցի»ի եւ Նոր Գիւղ աւա­նին մէջ ապ­րող­նե­րուն մի­ջեւ: Այդ մէ­կուն ակա­նա­տե­սը եղած եմ իմ պա­տա­նե­կու­թեան շր­ջա­նին, եւ քիչ մըն ալ աւե­լի ուշ: Բա­րե­բախ­տա­բար այդ  հա­կադ­րու­թեան եւ իրա­րա­մերժ ոգիի ուժգ­նու­թիւնը նօս­րա­ցաւ,  մա­նա­ւանդ վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րուն՝ գրե­թէ չքա­ցաւ: Վե­րա­ցան մար­դը իր ապ­րած շր­ջա­նին հա­մա­ձայն ըն­դու­նե­լի նկա­տե­լու կամ ար­ժե­ւո­րե­լու սին հա­մո­զում­նե­րը:
Այս մա­սին պէտք է առի­թով մը աւե­լի ման­րա­մասն գրեմ եւ դըր­ուագ­նե­րով ներ­կա­յաց­նեմ այդ օրե­րու տի­րող մթ­նո­լոր­տը: Այս պա­հուս, անդ­րա­դառ­նա­լով ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուս, որոնք Նոր Գիւղ հաս­տատ­ուած էին, իմ ման­կա­կան եւ պա­տա­նե­կան կեան­քի կարգ մը պատ­կեր­ներ նկա­րագ­րե­լով, պի­տի փոր­ձեմ ուր­ուագ­ծել վե­րեւ յի­շած որոշ վի­ճակ­նե­րը, որոնք թէ­եւ իրենց մա­կե­րե­սա­յին առա­ջին հայ­եաց­քով կր­նան շատ բան չյու­շել մտայ­նու­թեան տար­բե­րու­թիւն­նե­րու իմաս­տով, բայց իրենց թա­քուն խոր­քով կը պար­զեն վի­ճակ­ներ, ուր յս­տա­կօ­րէն կ’երե­ւին գոյ զգայ­նու­թիւն­ներ եւ տար­բե­րու­թիւն­ներ:
Այս­պէս, ես քա­ղա­քի «կա­կուղ թա­թիկ­նե­րու» վրայ հաշ­ուը­ուած խում­բի մը կը պատ­կա­նէի: Ընդ­հան­րա­պէս արդ ու զարդս ալ այդ կը մատ­նէր: Միշտ մա­քուր տա­րա­զով, սանտր­ուած, կօ­շիկ­ներս փայ­լուն վի­ճա­կով դուրս կու գա­յի տու­նէն, ան­շուշտ՝ ծնող­քիս ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Մի­ակ մի­ջա­վայ­րը, ուր ազատ էինք զբօս­նե­լու՝ քա­ղա­քի ՀՄԸՄ-ի պար­տէզէն ներս էր, ուր զար­միկ­նե­րուս հետ մար­զա­կան հան­դի­պում­նե­րու կը  մաս­նակ­ցէի:
Ան­համ­բեր կը սպա­սէի Ուր­բաթ օրե­րուն, որ­պէս­զի ուղղ­ուէի Նոր Գիւղ, ուր  պի­տի ճախ­րէի, թափ տա­լով պա­տա­նե­կան տեն­չե­րուս, ան­կաշ­կանդ խա­ղե­րով եւ ար­կա­ծախնդ­րա­կան, հե­տա­խու­զա­կան նո­րու­թիւն­նե­րով յա­գեց­նե­լու պա­տա­նե­կան ան­մեղ որո­նում­ներս:
Բա­րե­բախ­տա­բար զիս «մար­զո­ղը-առաջ­նոր­դը» պատ­րաստ էր. Յա­րու­թը՝ հօրս զար­մի­կը, Նա­զար քեռի­ին տղան, որ հա­զիւ մէկ տա­րի մեծ էր ինձ­մէ, բայց «փո­ղո­ցի փո­ր­ձա­ռու­թեամբ» աւե­լին կու­տա­կած էր, եւ մեծ վիհ մը կար եր­կու­քիս մէջ, իրա­կան կեան­քի հաս­կա­ցու­թեան ու ըն­կե­րա­յին յա­րա­բե­րա­կան փոր­ձա­ռու­թեան առում­նե­րով:
Առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, իր­մէ սոր­վե­ցայ, որ խա­ղե­րու ար­դիւն­քը ար­ձա­նագր­ուած թիւե­րով չէր որոշ­ուեր եւ խա­ղը չէր աւար­տեր լա­ւա­գոյն կող­մին յաղ­թա­նա­կով: Փո­ղո­ցի օրէն­քը իր յա­տուկ վճի­ռը ու­նէր, ու­ժեղ բա­զուկ­նե­րը ու թա­ղա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւնն էին, որոնք յաղ­թա­նա­կի նժա­րին կող­մը կ’որո­շէ­ին, ան­շուշտ «զոր­պա­ճիու­թեամբ»: Աւե­լի ուշ, նա­եւ հասկ­ցայ, որ կեան­քի տա­րերքն ալ այդ իմաս­տու­թեան կը հե­տե­ւի եւ միշտ ար­դարն ու իրա­ւա­ցին չեն, որոնք կը յաղ­թա­նա­կեն կամ իրենց տե­սա­կէտ­նե­րը ըն­դու­նե­լի հան­գա­ման­քով կը դիտ­ուին հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ:
Երբ ըն­տան­եօք կը հաս­նէ­ինք Նա­զար քեռի­ին տու­նը, որ միա­յար­կա­նի քա­րա­շէն շէնք մըն էր, ի տար­բե­րու­թիւն Նոր Գիւ­ղի այդ շր­ջա­նի տու­նե­րուն, որոնք մե­ծաւ մա­սամբ փոքր բա­կով մը օժտ­ուած կ’ըլ­լա­յին եւ աղիւ­սով պատ­ուած տնակ­ներ էին: Տան պատշ­գա­մը կը յա­րէր Նոր Գիւ­ղի մզ­կի­թի եռան­կիւն պար­տէ­զին: Հոն, հայ վար­պետ մը կար, որ ար­տօ­նա­գիր ու­նէր պար­տէ­զի ջր­հո­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ զայն վա­ճա­ռե­լու, մե­ծա­ծա­ւալ տա­կառ­նե­րը լեց­նե­լով ու մօ­տա­կայ գիւ­ղա­կան շր­ջան­նե­րու հո­ղա­գործ­նե­րուն կա­րիք­նե­րը հո­գա­լով: Մայ­թին յա­տա­կը, փո­սի մը մէջ զե­տեղ­ուած էր ջր­հո­րին ելեկ-տ­րա­կան շար­ժի­չը, որ հս­կայ եր­կա­թ­եայ ծած­կոյ­թով թաքց­ուած էր, հե­ռու հե­տաքր­քիր աչ­քե­րէ:
Օր մը, երբ կը ծրագ­րէ­ինք, թէ ինչ­պէ՛ս պի­տի անց­ընենք մեր ժա­մա­նա­կը, Յա­րու­թը ընդ­հա­տե­լով մեր զրոյ­ցը, նշ­մա­րե­լով հեռ­ուէն մօ­տե­ցող գա­ճաճ մեծ կին մը, որ իրեն ծա­նօթ էր, ըսաւ. «Տղա՛ք, գրաւ կը դնէ՞ք, որ կր­նամ ցատ­քել ղըս­սա Մա­րո­յին վրա­յէն»: Այս ըսե­լը ու արագ մը ցատ­քե­լը եւ նոյ­նինքն այդ ջր­հո­րի եր­կա­թէ կա­փա­րի­չին վրայ հանգ­չի­լը մէկ եղաւ, պայ­թու­ցիկ ահեղ ձայն մը որո­տաց­նե­լով, որուն հե­տե­ւան­քով ղըս­սա Մա­րօն նուա­ղե­ցաւ: Ան­շուշտ Յա­րու­թը իր հնա­րամ­տու­թեամբ շա­լա­կը հո­վին տա­լով կորս­ուե­ցաւ մէջ­տե­ղէն, գիտ­նա­լով որ ան­հե­տե­ւանք պի­տի չմ­նար իր «ակա­նին» տրա­քո­ցը:
Դէ­պի մզ­կիթ տա­նող ճամ­բուն վրայ կա­յին կառք նո­րո­գող հայ վար­պետ­ներ, որոնց վար­պե­տու­թեան ակա­նա­տե­սը կ’ըլ­լա­յինք, քա­նի ջո­րե­պան­նե­րը իրենց անիւով կառ­քե­րը պար­տէ­զի մայ­թին վրայ կը շա­րէ­ին ու մենք հե­տաքրք­րու­թեամբ կը հե­տե­ւէ­ինք հայ վար­պետ­նե­րու տա­ղան­դին: Անոնք ճար­տա­րու­թեամբ կը նո­րո­գէ­ին փճա­ցած մա­սե­րը, եր­բեմն ալ զե­ռո­յէն նոր կարգ մը կը սար­քէ­ին: Ար­տա­շը, Սար­գի­սը եւ Յա­կո­բը իրենց կոտրտ­ուած, եր­բեմն ալ թր­քա­խառն արա­բե­րէ­նով ճար­տա­րու­թեամբ արաբ կա­ռա­պա­նին ձեռ­քէն իրենց ար­դար վար­ձատ­րու­թիւնը կ’առ­նէ­ին եւ ալ­լահ եը­աուէտ ալէք ապու… ըսե­լով՝ կը ճամ­բէ­ին կա­ռա­պա­նը: Օր մը, մեր ման­կա­կան դա­ւադ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէ­կուն զո­հը, ուս­տա Ար­տաշն էր: Այս­պէս, իր աշ­խա­տած ժա­մուն, երբ ջո­րին ալ կապ­ուած էր կառ­քին, Յա­րու­թը ձայ­նա­յին պայ­թու­ցիկ (ֆէթ­թէշ) մը պի­տի նե­տէր կառ­քին տակ: Այս դա­ւադ­րա­կան գոր­ծին մտայ­ղա­ցու­մը եւ իրա­կա­նա­ցու­մը իրն էր ու իր վառ ար­կա­ծախնդ­րա­կան ախոր­ժակ­նե­րուն ար­գա­սի­քը: Ամէն պատ­րաս­տու­թիւն տե­սած  էր, ուս­տի արագ մը գոր­ծի անց­նե­լով վա­րեց պատ­րոյ­կը ու պայ­թու­ցի­կը շպր­տեց կառ­քին տակ: Դուք երե­ւա­կա­յե­ցէք, երբ ամառ­նա­յին հան­դարտ երե­կո­յի մը ըն­թաց­քին, մօտդ այդ անակն­կալ պայ­թու­մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ: Ուս­տա­յին բեռ­նէն միայն «օրհն­եալ» թր­քե­րէն պոռչ­տու­քը կը լս­ուէր: Ջո­րին կատ­ղած կը փոր­ձէր քարշ տալ կառ­քը, որուն անիւ­նե­րը վրան չէ­ին ու տա­կա­ւին աւար­տած չէր անոր նո­րո­գու­թիւնը: Տես­նե­լով ուս­տա Ար­տա­շին խեն­թա­ցած վի­ճա­կը, ամէն մէկս ուղ­ղու­թեամբ մը վա­զե­լով, դե­րա­սա­նա­կան ամէն մեր շնորհք­նե­րը ի գործ դնե­լով, ան­մեղ հրեշ­տակ­նե­րու բաճ­կո­նը հագ­նե­լով, օրօր-շո­րոր ման կու գա­յինք մօ­տա­կայ փո­ղոց­նե­րուն մէջ: Բա­ւա­կան ուշ, կր­կին կը հա­ւաք­ուէ­ինք թա­ղին ծայ­րը, երբ վար­պետ­նե­րը ար­դէն գո­ցած կ’ըլ­լա­յին աշ­խա­տա­նոց­նե­րը ու թա­ղը՝ խա­ղա­ղած: Մինչ մենք, կը պատ­րաստ­ուէ­ինք այլ «քա­ջա­գոր­ծու­թեան» մը, նոր արա­րի մը ծրագ­րու­մին:
Այլ առիթ­նե­րով, մեր մար­զա­կան «տա­ղան­դը» զար­գաց­նե­լու նպա­տա­կով, թա­ղին եր­կու ծայ­րա­մա­սե­րը քար շա­րե­լով, ֆութ­պո­լի դաշ­տի կը վե­րա­ծէ­ինք փո­ղո­ցը, նոյ­նիսկ պա­տա­հա­կան ինք­նա­շարժ­նե­րը ստի­պե­լով այլ ճամ­բու մը ընտ­րու­թիւնը ընե­լու: Վեր­ջա­պէս, մէ­կը պէտք չէ խան­գա­րեր մեր մար­զու­մը: Ամառ­նա­յին կի­զիչ օրե­րուն, տա­քը «գլ­խեր­նուս զար­կած» կ’ըլ­լար ու մեր թի­րա­խը փո­խա­նակ շար­ուած քա­րե­րով կո­լը ըլ­լա­լու, իբ­րեւ թէ սխալ­մամբ կը վրի­պէր եւ գն­դակ­նե­րը կը բա­խէ­ին ինք­նա­շարժ­նե­րու ներ­կա­րար՝ Կա­րօ եւ Հայկ Մխի­թար­եան­նե­րու խա­նու­թի թի­թե­ղա­շէն բեղ­կին: Ձմեռ չէր, որ որո­տու­մի դղր­դո­ցին մեղ­քը առն­ուէր: Կէ­սօր­ուան հան­գիս­տի ժա­մե­րուն, երբ շու­ներն ան­գամ շու­քին ներ­քեւ պատս­պար­ուած կ’ըլ­լա­յին, մենք մեր մար­զա­կան շնորհ­նե­րը կը զար­գաց­նէ­ինք: Այդ մի­ջո­ցին, իպիշնե­րէն մին,  (իպի­շը ծած­կան­ուն էր), վե­րե­ւի իրենց տու­նէն գլու­խը եր­կա­րե­լով, «մա­քուր հա­յե­րէ­նով» լաւ մը իր օրհն­եալ բե­րա­նը կը բա­նար:
Երե­կոյ­եան խա­ղե­րու տե­սա­կը այլ կ’ըլ­լար: Արդ, կամ հոլ պի­տի խա­ղա­յինք, կամ «գն­դա­կով եօ­թը քար» կը հար­ուա­ծէ­ինք: Այլ ձե­ւի խաղ մըն ալ, որ քիչ մը բա­զու­կի ուժ, քիչ մըն ալ արա­գու­թիւն կը պա­հան­ջէր թոփ-տէյ­նէկն էր: Եկէ՛ք այս մէ­կը իր անու­նո­վը կան­չենք եւ baseball ըսենք: Ին­ծի հա­մար շատ ալ հա­մակ­րե­լի ժա­մանց մը չէր ատի­կա: Առա­ւե­լա­բար կը սպա­սէի մթն­շա­ղի ժա­մե­րուն, որով­հե­տեւ այն­պէս դա­սա­ւոր­ուած էր «հրա­մա­նա­տա­րու­թեան» կող­մէ, որ ու­զուն էշ­շէկ-ը այդ ժա­մե­րուն խաղց­ուէր: Այդ Խա­ղի ըն­թաց­քին կը խու­սա­փէի էշ­շէկ ըլ­լա­լէ, որով­հե­տեւ ամէ­նէն ման­րա­կազմն էի եւ եթէ մէ­կը վրաս ցատ­քէր, ան­պայ­ման պի­տի կքէի ու վնաս­ուէի, Յա­րու­թին ըն­կեր­նե­րուն մե­ծա­ծա­ւալ ու կոշտ կազմ­ուած­քին պատ­ճա­ռով:
Իսկ գն­դիկ խա­ղա­լը շատ ան­մեղ խաղ մըն էր մեր խում­բին հա­մար, բայց հո­ղէ տա­րածք կը պա­հան­ջէր, որով­հե­տեւ փոքր փո­սե­րու կա­րի­քը կար եւ յա­տուկ նեղ արա­հետ­նե­րու, ուր գն­դի­կը պար­տա­դիր այդ ուղ­ղու­թեամբ պի­տի սա­հէր, եր­բեմն դպ­չե­լով որոշ ար­գե­լա­կիչ գն­դիկ­նե­րու, եր­բեմն ալ շր­ջան­ցե­լով այլ տե­սա­կի գն­դիկ­ներ: Այս խա­ղը վե­րա­պա­հած կ’ըլ­լա­յինք այն օր­ուան, ուր յա­տուկ ար­շաւ մը պի­տի կազ­մա­կեր­պէ­ինք դէ­պի մօ­տա­կայ հա­յաբ­նակ Զէյ­թուն Խա­նի կա­տա­րը, որ բա­ցօ­թ­եայ լերկ բլուր մըն էր, որոշ յար­մար խո­ռոչ­նե­րով: Խա­նի լան­ջին նշա­նա­ւոր «պա­լա­տը» կար, որ բնակ­ուած էր հայ ըն­չա­զուրկ ըն­տա­նիք­նե­րով: Անոնց փոք­րե­րուն հետ եր­բեմն խա­ղըն­կեր կ’ըլ­լա­յինք:
Իսկ ամէ­նէն ման­կու­նակ եւ անվ­նաս խա­ղը հինգ քարն էր կամ եօ­թը քա­րը: Ծա­լա­պա­տիկ նս­տած, որե­ւէ մէկ ան­կիւն, յար­մար փոքր չա­փի խճա­քա­րե­րով, ան­ձայն կա­րե­լի էր ժա­մա­նակ ան­ցը­նել եւ եր­կու ան­ձի մր­ցակ­ցութ­եամբ հա­ճե­լի մթ­նո­լորտ ստեղ­ծել: Մէկ ան­պա­տե­հու­թիւն, որ ար­մուկդ եւ ձեռ­քիդ մա­կե­րե­սը կուպ­րի գոյն պի­տի ստա­նա­յին, բայց կը մնար շատ ան­մե­ղու­նակ խա­ղի տե­սակ, որ դարձ­եալ խմ­բա­կին կող­մէ այդ­քա՜ն ալ գրա­ւիչ չէր:
Իսկ գիծ խա­ղա­լը կամ հո­լա­հո­բը նուաս­տա­ցու­ցիչ խա­ղեր էին տղա­մար­դոց հա­մար, որով­հե­տեւ ընդ­հան­րա­ցած մտայ­նու­թիւն էր, որ այդ մէ­կը վե­րա­պահ­ուած էր միայն աղ­ջիկ­նե­րուն: Հե­տե­ւա­բար այդ եր­կու խա­ղե­րը եր­բե՛ք Նոր Գիւ­ղի տղոց ցու­ցակ­նե­րուն մէջ չէ­ին նե­րառն­ուէր:
Գի­շեր­ուան ուշ ժա­մե­րու նա­խա­սի­րած խաղս, որուն մէջ կոշ­տու­թիւն եւ բր­տու­թիւն կար, ջար­խըտ պիւլ­պիւլն  էր: Թե­րեւս սխալ ալ կը հն­չեմ այս անու­նը, քա­նի չկր­ցայ յար­մարց­նել հա­յե­րէն հա­մա­պա­տաս­խան թարգ­մա­նու­թիւնը այս խա­ղի ան­ուա­նա­կո­չու­մին (թե­րեւս ցնց­ուած սո­խակ կա­րե­լի է ըսել): Խա­ղի կա­նոն­նե­րուն մէջ կաշիէ գօտի­ով հար­ուա­ծել կար, պա­տաս­խա­նե­լով հար­ցու­մի մը,  եւ անոր լոյ­սին տակ փախ­չիլ եւ մու­թին մէջ ապաս­տա­նիլ անգ­տա­նե­լի տեղ մը: Է՜հ, ասոր խաղ կ’ըսէ­ին եւ ո՛չ թէ հո­լա­հո­բին…:
Այս ամէ­նը կը յա­մե­նա­յին ըն­դու­նե­լի «ար­կա­ծախն­դրու­թիւն­նե­րու» կար­գին:
(շար.1)
Ժան Հալլաճեան