Դա­րե­րու ըն­թաց­քին սփիւռ­քի մէջ ստեղծ­ուած է գրա­կա­նու­թիւն, որուն հե­ղի­նա­կը հայ է, իսկ լե­զուն՝ եր­բեմն ոչ հա­յե­րէն, այլ՝ անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն կամ սպա­նե­րէն: Այս գրա­կա­նու­թեան մա­սին եղած են թեր ու դէմ կար­ծիք­ներ: Ոմանք կը պն­դեն, թէ գրա­կա­նու­թիւնը սահ­մա­նող հիմ­նա­կան յատ­կա­նի­շը լե­զուն է, իսկ ու­րիշ­ներ՝ բո­վան­դա­կու­թիւնը եւ անոր բա­ղադ­րիչ­նե­րը կազ­մող նիւթն ու հո­գե­բա­նա­կան գոր­ծօն­նե­րը:
Մեր պատ­մու­թեան մէջ հա­յազ­գի մտա­ւո­րա­կան­ներ յա­ճախ ար­տա­յայտ­ուած են օտար  լե­զու­նե­րով։ Սա­կայն  քսա­նե­րորդ դա­րուն հայ գրող­նե­րու «ար­տա­գաղ­թը» դէ­պի այլ մշա­կոյթ­ներ զանգ­ուա­ծա­յին բնոյթ ստա­ցաւ: Այս երե­ւոյ­թին հիմ­նա­կան պատ­ճա­ռը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն էր, որուն հե­տե­ւան­քով տասն­եակ հայ տա­ղան­դա­ւոր գրող­ներ, հե­ռու մնա­լով իրենց բուն մշա­կոյ­թէն, ար­մատ­նե­րէն ու մի­ջա­վայ­րէն, մաս­նա­կից դար­ձան այլ մշա­կոյթ­նե­րու բար­գա­ւաճ­ման աշ­խա­տան­քին: Պատ­մա­կան այս անար­դա­րու­թեան հե­տե­ւան­քով ծնունդ առաւ մշա­կու­թա­յին նկա­տե­լի կո­րուստ եւ ար­տա­հոսք: Այն­ուա­մե­նայ­նիւ, օտա­րա­գիր հայ գրող­նե­րը միշտ հե­տաքրք­րե­ցին սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ճա­կա­տա­գի­րը, Մեծ Եղեռ­նը, ազ­գա­յին ար­մատ­նե­րու ու դի­մա­գի­ծի որո­նու­մը։
Հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նութ­եան մէջ շատ ընդ­հան­րա­ցած երե­ւոյթ է, որ ազ­գի մը զա­ւա­կը ճա­կա­տագ­րի բե­րու­մով դառ­նայ ու­րիշ ազ­գի գրա­կա­նու­թեան յայտ­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ կա­մայ թէ ակա­մայ, իր մայ­րե­նի լե­զուով ար­տա­յայտ­ուե­լու փո­խա­րէն գրէ օտար լե­զուով: Սա­կայն եր­բեք կա­րե­լի չէ կռա­հել, թէ ինչ­պի­սի՛ ճա­կա­տա­գիր պի­տի ու­նե­նար օտար լե­զուով ստեղ­ծա­գոր­ծող անձ մը, եթէ ան գրէր իր մայ­րե­նի լե­զուով, կամ ան պի­տի ար­ժա­նա­նա՞ր նոյն փառ­քին: Օրի­նակ, Ու. Սա­րոյ­եան  գե­րա­զան­ցա­պէս ամե­րիկ­եան մշա­կոյ­թի ծնունդ է, թէ­եւ իր բուն ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը ազ­դած է այ­լա­գիր գրո­ղի կազ­մա­ւոր­ման մէջ։ Սա­կայն ոչ ոք կր­նայ հաս­տա­տել, թէ ի՛նչ ճա­կա­տա­գիր պի­տի ու­նե­նար Ու. Սա­րոյ­եան, եթէ վե­րա­դառ­նար իր ար­մատ­նե­րուն,  եւ լե­զուով  ու կեն­ցա­ղով ներ­կա­յա­նար որ­պէս հայ:
Դարձ­եալ մեկ­նե­լով նոյն հաս­տա­տու­մէն, որ Մայքլ Առ­լէ­նը, Ու. Սա­րոյ­եանն ու Վա­հէ Քա­չան այլ մշա­կոյթ­նե­րու ծնունդ են, անհ­րա­ժեշտ է ու­սում­նա­սի­րել, թէ բուն ամե­րիկ­եան գրա­կա­նու­թիւնը կամ ֆրան­սա­կան ար­ձակն ու թատ­րո­նը ինչ­պի­սի՞ երանգ ձեռք ձգած են յիշ­եալ գրող­նե­րու հայ­կա­կա­նու­թե­նէն: Միւս կող­մէն, ասի­կա մե­զի մտա­ծե­լու առիթ կու տայ, թէ օտար ազ­գե­րու գրող­ներ տա­լը միայն կո­րո՞ւստ է, վե­րա­դարձ չկա՞յ:
Վեր­ջին քսան-երե­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պար­բե­րա­բար թարգ­ման­ուած եւ ներ­կա­յաց­ուած են օտա­րա­լե­զու գրող­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նա­եւ, Ու. Սա­րո­յա­նի, Ա. Թր­ուա­յա­յի եւ Վա­հէ Քա­չա­յի ար­ձակ եր­կերն ու թա­տեր­գու­թիւն­նե­րը թա­տե­րա­կան բե­մադ­րու­թիւն­նե­րու հիմք դար­ձած են: Այլ խօս­քով, մեր արիւնը սկ­սած է մե­զի վե­րա­դառ­նալ եւ այս­պի­սով հետըզ­հե­տէ ետ բեր­ուիլ մեր անց­եա­լի «կո­րուս­տը»՝ պահ­պա­նե­լու հա­մար մեր ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնը:
Անգ­լե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծած սփիւռ­քա­հայ գրող­ներ են՝ Մայքլ Առ­լէ­նը («Կա­նաչ Գլ­խար­կը», «Սի­րա­հար­ուած Երի­տա­սարդ­ներ», «Մա­նուկ­ներ Ան­տա­ռի Մէջ»), մե­ծա­նուն գրող Ուիլի­ըմ Սա­րոյ­եա­նը («Ձեր Կեան­քի Ժա­մա­նա­կը», «Անունս Արամ է»,  «Կո­տո­րածն Ման­կանց», «Հայ­րիկ, Դու Խենթ Ես», «Մայ­րիկ, Ես Սի­րում Եմ Քեզ»,  «Վայ­րեր, Որ­տեղ Ես Եղել Եմ», «Պա­տա­հա­կան Հան­դի­պում­ներ»), Լե­ւոն-Զա­ւէն Սիւր­մէլ­եա­նը («Ձեզ Եմ Դի­մում, Տի­կին­ներ՝ Պա­րոն­ներ», «98.6՛»), Մայքլ Առ­լէն Կրտ­սե­րը («Աք­սո­րա­կան­ներ», «Հայ­կա­կան Մի Դա­տավ­ճիռ»,  «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն Դէ­պի Արա­րատ»,  «Հայ­կա­կան Օրագ­րու­թիւն», հա­յե­րէն հրա­տա­րակ­ուած՝ «Դէ­պի Արա­րատ»), Տա­յա­նա Տէր Յով­հան­նէս­եա­նը («Ինչ­պէս Ընտ­րես Քո Անց­եա­լը»,  «Ժա­մա­նա­կի Մա­սին»,  «Հա­ցի Եր­գը, Աղի Եր­գը»): Ֆրան­սե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծած են՝  Ան­րի Թըր­ուա­յան («Սար­դը», «Ձկ­նոր­սա­նոց», «Քա­նի Աշ­խար­հը Կայ», «Սգա­ւոր Ձիւնը», «Ար­դար­նե­րի Լոյ­սը»), Ռու­բէն Մե­լի­քը («Աշ­խար­հին Հա­մե­րաշ­խու­թիւն»,  «Հո­րի­զոն Անց­նող­նե­րը», «Ուր Արիւն է Հո­սել», «Մի­աց­եալ Եր­գը», «Մար­մին Ինձ­նով Կեն­դա­նի», «Թա­փոր»), Վա­հէ Քա­չան («Ակն Ընդ Ական», «Կարթ», «Սեղմ­ուած Բռունցք­ներ», «Արար­չի Ու­թե­րորդ Օրը»,  «Գի­շա­տիչ­նե­րի Խն­ճոյ­քը», «Գա­ւա­զան»,  «Հր­եա­յի Մա­հը»,  «Աղ­մուկ, Որ Լս­ւում Էր»), Ար­թիւր Ադա­մո­վը («Ներ­խու­ժու­մը», «Բո­լորն Ընդ­դէմ Բո­լո­րի»,«Փինկ Փոն­կը»),  Պուլ­կա­րե­րէն՝ Սեւ­տա Սե­ւա­նը («Քար Քա­րի Վրայ», «Ռո­տոս­թօ, Ռո­տոս­թօ…», «Որե­ւէ Տեղ Պալ­քան­նե­րում»), սպա­նե­րէն, անգ­լե­րէն եւ հա­յե­րէն՝ Ալիս­իա Կի­րա­կոս­եա­նը («Մէկ Օր, Հինգ Ձայն», «էու­թիւն եւ Կէ­տադ­րու­թիւն», «Հա­կակ­շիռ»,  «Մո­խիր­նե­րից Յե­տոյ եւ Նա­մակ Առ Հա­յաս­տան» եւ ու­րիշ­ներ:
Օտա­րա­գիր հայ գրող­նե­րու հա­մար կազ­մա­կերպ­ուած են հա­մա­ժո­ղով­ներ, որոնց մաս­նակ­ցած են տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ  ստեղ­ծա­գոր­ծող գրող­ներ ՝ թարգ­մա­նիչ­ներ։ Անոնք մեծ ներդ­րում ու­նին հայ գրա­կա­նու­թիւնն ու հայ­կա­կան իրո­ղու­թիւն­նե­րը օտար եր­կիր­նե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու եւ ազ­գա­յին ինք­նութ­եան պահ­պան­ման գոր­ծըն­թաց­ին մէջ։
Նայիրի Ազարիկեան