Ուրբաթ, 20 Մայիս 2022-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ իրիկնուան ժամը 11:00-ին Իսրայէլ բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Կոլանէն, Դամասկոսի հարաւային բաժինին մէջ զինուորական կեդրոններու ուղղութեամբ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ օդային յարձակումին հետեւանքով երեք զոհ եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ արձանագրուեցան։