ԱՄՐԱՆ ՍԵՄԻՆ. 4 ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ ՍԼԱՑԻԿ ՄԱՐՄԻՆ ՈՒՆԵՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Ամառը կը թակէ մեր դռները: Ամրան նախօրէին գեղեցիկ մարմին ունենալու համար ձեր  սննդականոնին հետեւեցէ՛ք եւ զերծ մնացէ՛ք շաքարեղէնէ եւ խմորեղէնէ, ձեր սնունդին մէջ առաւելաբար օգտագործելով թարմ բանջարեղէնը,  առանց իւղի մսեղէնն ու կաթնամթերքը, ինչպէս նաեւ քիչ քանակով շաքար պարունակող պտուղները, ինչպէս՝ ելակը, թարմ նուշը եւ այլն:
Անհրաժեշտ է նաեւ մարզանքի հետեւիլ, օրական նուազագոյնը կէս ժամ տրամադրելով անոր: 
Մարմինը քանի մը վայրկեան տաքցնելէ ետք կիրարկեցէ՛ք հետեւեալ մարզանքի ձեւերը.
Ա- Որովայնի մկաններու զօրացում
Պառկեցէ՛ք ձեր մէջքին վրայ, միացուցէ՛ք ոտքերը։ Ձեռքերը ծոծրակին միացուցէ՛ք, ուսերը սեղմեցէ՛ք գետնին։ Միաժամանակ վեր բարձրացուցէ՛ք ոտքերը՝ ծալելով ծունկերը եւ ձեր կրծքավանդակը մօտեցուցէ՛ք ազդրերուն՝ կլորցնելով մարմինին վերի մասը։ Վերադարձէ՛ք սկզբնական վիճակին։ Այս մարզանքը կրկնեցէ՛ք օրական 30-35 անգամ։
Բ- Ստամոքսը պրկելով վեր բարձրացնել
Պառկեցէ՛ք ձեր մէջքին վրայ, ձեռքերը մարմինին երկայնքով, ծունկերը ծալած եւ ոտքերը սեղմած յատակին։ Կոնքը եւ ազդրերը բարձրացուցէ՛ք՝ դէպի առջեւ հրելով աջ ոտքը եւ ոտնաթաթը այնպէս մը, որ ձեր մարմինը ուղիղ գիծ դառնայ ոտնաթաթէն մինչեւ ուսեր։ Մնացէ՛ք այդ դիրքով 15 երկվայրկեան՝ առաւելագոյնս լարելով ձեր յետնամասի մկանները։ Իւրաքանչիւր ոտքի համար կրկնեցէ՛ք այս մարզանքը 5 անգամ։
Գ- Ազդրերու բարձրացում
Ուղիղ կանգնեցէ՛ք՝ ոտքերը ուսերուն լայնքով, ձեռքերը՝ մարմնին երկայնքով բարձրացուցէ՛ք։ Ձեր կռնակը կարելի եղածին չափ ուղիղ պահելով, ձեռքերուն ափերը դէպի գետին ուղղելով, ծունկերը ծալեցէ՛ք ուղղանկիւն կազմելով։ Ապա կրկին բարձրացէ՛ք՝ շտկելով ձեր մարմինը: Այս վարժութիւնը կրկնեցէ՛ք օրական 15-20 անգամ։
Դ- Ձեռքերով եւ ուսերով ճնշում
Ափերը ուսերուն լայնքով գետին դրէ՛ք ու արմուկները ծալելով կարելի եղածին չափ ձեր մարմինը վար իջեցուցէ՛ք, ապա կրկին բարձրացուցէ՛ք՝ յենելով թեւերու մկաններուն: Այնպէս մը, որ զգաք թէ ինչպէ՛ս կը քաշուին ձեր ստամոքսի եւ փորի մկանները։ Այս մարզանքը կատարեցէ՛ք օրական 8-12 անգամ։
Այս ընթացքին մի՛ մոռնաք հետեւիլ ձեր շնչառութեան: Խորունկ շունչը շարժումի բարձրակէտին հասնելու պարագային պէտք է առնել եւ շունչ տալ նոյն դիրքին վերադարձի պահուն:
***
Բանաստեղծին Անկիւնը
ՍԻՐԵՐԳ
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն,
Հաշիշով օծուն ու բալասանով.
Լուսեղէն ճամբէն ես կ’անցնիմ գինով՝
Գիշերն անուշ է, գիշերն հեշտագի՜ն…
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն,
Համբոյր՝ լոյսէն որ չորս դիս կը ծաղկի,
Այս գիշեր Տօն է հոգւոյս՝ Կիրակի՜,
Համբոյրներ կու գան հովէն ու ծովէն:
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի՜,
Շրթունքս են ծարաւ միակ համբոյրին…
Ցնծագին գիշերն է լոյս ու լուսին՝
Բայց լոյսն իմ հոգւոյս քիչ քիչ կը մաշի…
Միսաք Մեծարենց