20 Յունիսին Ազգային ժողովի կանխահաս ընտրութիւններ կազմակերպելու վարչապետ Ն. Փաշինեանի միանձնեայ որոշումին յաջորդած շաբթուան ընթացքին, մեծ մասամբ արդարացան այն նախատեսութիւնները, որ Հայաստան, կամայ թէ ակամայ, ինկած է քուէի որսորդութեան ոլորապտոյտին մէջ: 10 Նոյեմբերէն ետք ըստ բաւականին յստակացած պատկերը, հիմա ալ, ըստ բաւականին տակն ու վրայ եղած է ու աղաւաղուած: «Սա օրուան պահանջած քաղաքական խաղն է»ի պատճառաբանութեամբ, կ’ուրուագծուին համաձայնութիւններ, բաժնեկցութեան տարազներ, որոնք առ նուազն կը նմանին կոճատ զոյգերու, մոռացութեան կը մատնեն ՏԱԳՆԱՊին հիմնական պատճառը:

Բացուած է, եւ ինչպիսի՜ լայնքով, մեկնաբանութիւններու սակարանը: Հայաստանի լրատու աղբիւներուն հետեւողը ամէն ժամ նորութիւն մը կը լսէ, թէ՝ ընտրութիւնները պիտի կազմակերպուին գործող իշխանութեան հովանիին տակ, անոր լծակներով, հետեւաբար նաեւ՝ աթոռներու «բաշխումը» որոշ չափով նախատեսելի է: Ստեղծուած պարտադիր հոսանքին դիմաց, կայ նաեւ այն գիծը, թէ՝ ընտրութիւնները յամենայնդէպս պիտի չիրականանան, թէ՝ օրինականակ գործընթացին կողքին, վաղը կրնայ անգամ մը եւս իր խօսքը ըսել… Պսակաւոր ժահրը, որուն մէկ նոր ալիքը սկսած է ծաւալիլ, վարակակիրներու թիւը կ’աճի, նմանապէս՝ զոհերուն թիւը: Յառաջիկայ օրերուն, այս ու բազում այլ մեկնաբանութիւններու միջեւ «ճակատումը» նոր թափ պիտի ստանայ, լուսանցքի վրայ քշելով շարք մը դառն իրականութիւններ, որոնց անտեսումն իսկ յանցանք է, անոնց ներկայութեան՝ ընտրական արշաւներ կազմակերպելը չես գիտեր թէ ինչպիսի՜ հետեւանքներու պիտի տանի մեր հայրենիքը, Հայաստանով ու Արցախով (ինչ որ մնացած է Արցախէն):

***

Առանց անհամարհելու իրողական ընտրարշաւը եւ անոր ստեղծած նոյնքան խայտաբղէտ արձագանգները, եկէ՛ք, պահ մը մեր աչքերը ուղղենք «կողմնակի» հարցի մը, որ թէեւ տիրական է հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին կեանքին մէջ, սակայն անիկա վերածուած է… անտեսուած լուսանցի մը: Ի մտի ունինք տնտեսական տագնապն ու անկէ բխող ընկերային հարցերը:

Վերջին օրերուն, հայրենի մէկէ աւելի լրատու աղբիւրները լուսարձակ բերին ապրուստի սղութեան մակընթացութեան վրայ, յետոյ, հարցը դարձեալ գործնապէս հրուեցաւ դէպի լուսանցք: Հաղորդուեցաւ, որ օտար դրամանիշներուն սակերը բարձրացում արձանագրած են (ամերիկեան տոլարին սակը շուրջ 50 դրամով բարձրացած է. 480-էն հասած է 530-ի սահմաններուն), սպառողական նիւթերուն սակերը եւս դէպի վեր կ’ոստոստեն, տնտեսական շարժումը նահանջ ցոյց կու տայ, հակառակ իշխանութեան կողմէ դրական պատկերի ստեղծման ճիգերուն (բոլորն ան անտեսումի արժանի չեն):  Նահանջի մէջ են ներդրումները, արտածումները, պետութեան եկամուտները: Իբրեւ գլխաւոր ազդակ՝ կը նշուին Պսակաւոր ժահրի համաճարակին ստեղծած սահմանափակումները, 44-օրեայ պատերազմն ու անկէ բխած բեռներ (բոլորն ալ ցաւոտ հարցեր), առօրեային վրայ աճող ճնշումները մինչեւ իսկ կէս մը երկրորդական դարձուցած են երկրի սահմաններուն եւ ընդհանուր անվտանգութեան մտահոգութիւնները, իսկ արտագաղթի առայժմ նեղ հոսանքը կը բերէ նոր «խոստումներ», մէյ մը որ համաճարակին հարկադրած կաշկանդումները մեղմանան…

Տնտեսական, հետեւաբար եւ ընկերային տագնապը ծանրացնող մեծ ու փոքր ազդակներուն ցանկը կարելի է երկարել: Եւ կասկած չկայ, որ իշխանութիւնը կքած է ծանր բեռներու տակ, իշխանափոխութեան պարագային, այդ բեռներ պիտի իյնան յաջորդին ուսերուն:

***

Այս դժուարութիւնները բարձրաձայնող լրատու աղբիւրներն ու մեկնաբանները (եթէ քիչ մը խորանանք եղածին մէջ) սկսած են անուղղակիօրէն մասնակից դառնալ… Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ առեւտրական կապերու զարգացման իշխանութեան առաջադրանքներուն:

Ուրկէ՞ կը ծնի մեր այս նկատողութիւնը (եթէ այս ենթադրութիւնը սխալ է, առաջին ուրախացողը մենք պիտի ըլլանք):

Ծանօթ է, որ իշխանութիւնը չի ծածկեր Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ սահմանները բանալու առաջադրանքը, իբրեւ մէկ կէտը՝ 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնութեան: Եւ ահա, սղութեան ալիքին մասին տեղեկութիւն հաղորդողներ, ի միջի այլոց, արձագանգ կ’ըլլան վաճառորդներու այն դժգոհութեան, որ… Թուրքիայէն ներածումներու արգելքը գլխաւոր պատճառներէն մէկն է սպառողական ապրանքներու սղութեան: Անշուշտ հրապարակ նետուած է նաեւ այն, որ Զատիկէն առաջ, սղութիւնը «բնական է» (ո՛չ ոք հարց կու տայ, թէ տօնը ինչո՞ւ պէտք է չարաշահութեան առիթ ըլլայ):

Ծանօթ է, որ Արցախի վրայ թուրք-ազերիական յարձակումէն կարճ ատեն մը ետք, Հայաստան առաւ ողջունելի քայլ մը եւ յայտարարեց, որ Յունուար 2021-էն սկսեալ, Թուրքիայէն ներածումները պիտի կասեցուին 6 ամիս: Որոշումը գործադրուեցաւ, անկէ ետք արդէն սահած են 3 ամիսներ, եւ ահա, անուղղակի նախանշաններ ի յայտ կու գան՝ սղութեան պատճառած դժգոհութեան ալիքին ճամբով: Զուգահեռաբար, ուղղակի եւ անուղղակի քարոզչութիւնը կը շարունակուի, թէ՝ պատերազմի էջը փակելով եւ սահմաններու բացումով, Հայաստան եւ Արցախ պիտի մտնեն բարգաւաճումի փուլը:

Նման «վարկած»ի դէմ հազար ու մէկ փաստացի տուեալ կարելի է շարել, նկատի ունենալով Հայաստան-Արցախի «ներքին» իրավիճակը: Կը նախընտրենք յիշատակել «դուրսէն» փաստացի օրինակ մը, ցոյց տալու համար, թէ տանդ մէջ նստած նման հաշիւներ ընելով՝ իրական շուկային մէջ ինչպիսի՛ սխալներու կրնաս մատնուիլ:

Երթանք աւելի քան տասնեակ մը տարի ետ, մեր աչքերը սեւեռենք դէպի Միջին Արեւելք: Սուրիա եւ Թուրքիա ունին երկարատեւ հակամարտութիւն եւ թշնամութիւն, որուն առանցքներէն մէկն ալ… Ալեքսանտրէթի նահանգին հարցն է: Սուրիա «չէր կլլած» ֆրանսական հոգատարութեան օրերուն կռնակին մխրճուած դաշոյնը, երբ այդ նահանգը կամայական կերպով նուէր տրուեցաւ Թուրքիոյ: Եւ ահա, շրջանային եւ միջազգային իրադրութիւնները ստացան այնպիսի զարգացում, ստեղծեցին այնպիսի իրավիճակ, որ օր մըն ալ Սուրիա մը կուլ տուաւ անարդարութիւնը, համաձայնեցաւ բարեկամութիւն ընել Թուրքիոյ հետ, միասնաբար մշակուեցաւ տնտեսական գօտի մը ստեղծելու ծրագիրը, որուն մասնակից պիտի ըլլար նաեւ Յորդանանը (վերջինին հետ Սուրիոյ նախկին հակադրութիւնները հողային հիմք չունէին): Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական կապերը արագօրէն զարգացան, թրքական արտադրութիւններ աւելիով ողողեցին Սուրիոյ (նաեւ Լիբանանի եւ արաբական այլ երկիրներու) շուկաները: Հալէպաբնակ հայերը լաւ կը յիշեն, թէ ինչպէս, շաբաթավերջերուն, քանի մը ժամ ինքնաշարժ վարելով՝ կը հասնէին Ատանա եւ ծովեզերեայ այլ քաղաքներ, աժան ապրանք կը գնէին եւ տուն կը դառնային ուրախ-զուարթ: Լիբանանէն ալ այս հոսանքին մասնակիցներ եղան անշուշտ: Յետոյ…

Յետոյ բացայայտուեցաւ նման խաբեպատիր սադրանքի մը իրական դիմագիծը: Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան հաւաստիքներով տարուած Սուրիան ահաւոր գին վճարեց, մինչեւ այսօր ալ կը վճարէ (Լիբանանն ալ անմասն չէ…): Թուրքիոյ դերը՝ իշխանութեան դէմ ծաւալած «շարժումներուն» մէջ, աւելի՛ն, ոճրագործ ահաբեկիչներու օգտագործումը՝ արեւմուտքի դաշնակիցներուն կոյր քաջալերանքով, կերտած են իրենց սեւ ու կարմիր էջերը: Ֆրանսայի նախագահն իսկ յանկարծ նկատեր է, որ Թուրքիա միջամտութիւն կ’ընէ  իր երկրին մէջ (ընտրական մտահոգութիւն. մի՞այն, պարոն Մաքրոն): Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն խաղացող Ռուսիան եւս իրազեկ է Թուրքիոյ վատ արարքներուն, սակայն հարցերը բնականաբար կը շարունակէ դիտել համաձայն իր շահերուն, Արեւմուտքին հետ նոր թափ ստացող ճակատումին բովանդակութեան մէջ:

Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ երթեւեկի գիծերու բացման ջատագովները իրաւունք չունին կոյր ձեւանալու այս իրականութիւններուն հանդէպ: Մամուլին սեպուհ պարտաւորութիւններուն մաս կը կազմէ պրպտել եւ լոյս աշխարհ բերել բոլոր անոնք, որոնք հիմա օրերը կը համրեն, սպասելով որ վեց ամսուան պայմանաժամը վերջ գտնէ եւ ժողովուրդին ըսեն, թէ թրքական (վաղն ալ ազերիական) արտադրութեանց ներածումը ինչպիսի՜ բարիքներու աղբիւր է, թէ՝ ինչո՛ւ պէտք է ընդունինք, որ Արցախէն մնացած փոքր կտորով բաւականանաք, գաղթականները հոն հաստատուին եւ մոռնան պատերա՛զմն ալ, բազմագոյն (բոլորն ալ գորշ) հետեւանքնե՛րն ալ: (Աւելի չմանրամասնենք ու չխորանանք):

***

Ժխտական այս հաւանականութիւններուն դիմաց, կը ծագին բազմաթիւ հարցեր:

Անցեալ ամիսներուն, արդեօք ճիգ եղա՞ւ փոխընտրանքներ որոնելու: Ներքին արտադրողականութիւնը զարգացնելու միայն մանր քայլերու ականատես եղանք, մինչդեռ գոնէ երկրագործական արտադրութիւնները կրնային շատ աւելի աշխոյժ թափ ստանալ (մասնագէտ գիւղատնտես ըլլալու պէտք չկայ, գիտնալու համար, որ երկրագործական բազմաթիւ արտադրութիւններու՝ ընդեղէններու, բանջարեղէնի, արմտիքի բազմապատկումը կարելի է իրականացնել մէկ «եղանակ»ի մէջ): Արդէն գարնանամուտ է…

Անտեսուած, արհամարհուած այլ հարցում մըն է հետեւեալը. արդեօք ո՞ւր են մեր միտքի՛ մարդիկը, սեռուցքը, որոնք նման տագնապալի օրերուն, պարտաւոր են փարոսի պէս կանգնիլ իշխանութեան ու ժողովուրդին դիմաց, չընկղմիլ քաղաքական անվաղորդայն վէճերու մէջ (չենք անտեսեր առողջ բանավէճին օգտակարութիւնը), լուսաւորել մթագնած ճամբաներն ու հորիզոնները: Ամօ՞թ կ’ըլլայ հարց տալ, որ եթէ այսօր ունենայինք Սեւակներ, Թումանեաններ, Սահեաններ, Կապուտիկեաններ, Համբարձումեաններ, անգա՛մ Չարենցներ ու նման աշտարակող դէմքեր, արդեօք մեր խարխափումը պիտի մնա՞ր նոյն ճակատագիրին հովանիին տակ: (Չենք ուզեր մեր միտքէն անցընել, որ ստեղծուած վիճակին մէջ, անոնք կա՛մ պիտի լուսանցքայնացուէին, կամ ալ… խայտառակութեան պիտի մատնուէին: «Մեղայ Արարատին»՝ այլ տրամաբանութեամբ):

Սեփական ճակատագիրին տիրութեան պահանջը, հրամայակա՛նը լուսանցի վրայ պահուելիք բաներ չեն:

Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

26 Մարտ 2021