Ստորեւ կը ներկայացնենք «Outcasting Armenians: Tanzimat of the Provinces» (Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը) գիրքի հեղինակ, Գերմանիոյ Լուտվիկ-Մաքսիմիլիան համալսարանի Արեւելագիտութեան բաժնի թրքագիտութեան ամպիոնի գիտաշխատող, պատմաբան Թալին Սուճեանի հետ «Հորիզոն»-ի խմբագրակազմի անդամ Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանի կատարած հարցազրոյցը.
«Հորիզոն».- Վերջերս լոյս տեսաւ ձեր «Outcasting Armenians: Tanzimat of the Provinces» (Վտարանդի հայեր – գաւառներու Թանզիմաթը) խորագրով գիրքը, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 2 Նոյեմբեր 2023-ին, Մոնթրէալի մէջ։ Ի՞նչը մղեց ձեզ Թանզիմաթի շրջանին մասին ուսումնասիրական նման աշխատանք հրատարակելու եւ քանի՞ տարուան վրայ երկարած է ձեր այս աշխատանքը։
Թալին Սուճեան.- Այս գիրքը 9 տարուան աշխատանքի արգասիքն է, որ ծնունդ առաւ երբ 2014 թուականին այցելեցի Փարիզի «Նուպարեան» գրադարանը, հետազօտութեան մը նպատակաւ: Հոն պատահաբար հանդիպեցայ Հայոց Պատրիարքարանի 19-րդ դարու նամակագրութեան թղթածրարներուն եւ դիմեցի գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանին, որ անմիջապէս զանոնք ներկայացուց ինծի:
Թուրքիոյ պետական գաղափարախօսութիւնը կը պնդէ, թէ հայերը արխիւ չունին, եւ թէ միակ աղբիւրը հայերուն մասին հետազօտութիւններ կատարելու համար Օսմանեան արխիւներն են, հետեւաբար զանոնք գտնելը շուարեցուցիչ էր ինծի համար… երկրորդ հանգրուանը զանոնք նկարելն ու թուայնացնելն էր: Նշեմ, որ ես 2 տարի չկրցայ նայիլ այդ արխիւներուն, ներքին վախ ունէի, թէ ի՛նչ բան դուրս պիտի գար անոնցմէ: 2 տարի ետք երբ սկսայ կարդալ, զգացի թէ լրջագոյն պատմութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուիմ… Հարստահարութիւնները, տարագրութիւններն ու աքսորները, որոնք յիշատակուած են այդ արխիւներուն մէջ, պէտք է ի վերջոյ ճանչցուին, եւ գիտցուի, թէ թանզիմաթը հայերուն համար իրականութեան մէջ բոլորովին տարբեր իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, եւ այդ իրողութիւնն է, որ 19-րդ դարը բնորոշած է:
Ուրեմն երբ Օսմանեան պատմագրութեան հիմամբ 1923-ին եւ թանզիմաթին միջեւ կապ կը ստեղծուի, այդ կապը պէտք է սերտուի նաեւ այս արխիւներուն տեղեկութիւններու հիմամբ, որոնք իրենց արժանի տեղը պէտք է գտնեն պատմագրութեան մէջ:
«Հ».- Գիրքը ընդհանուր առմամբ ծանրութեան կեդրոն ի՞նչ ընտրած է։
Թ.Ս.- Գիրքը կը բաղկանայ չորս գլուխներէ. Առաջին գլուխին մէջ սերտուած է սահմանադրութիւնը. անոր նախորդող շրջանին ինչպէ՞ս կը կառավարուէին հայերը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ապա սահմանադրութեան յաջորդող շրջաններուն ի՞նչ կառավարական բնագիրներ ստեղծուած են, եւ անոնց բաղդատութիւնը իրարու եւ նոյնինքն սահմանադրութեան հետ, որպէսզի յայտնաբերեմ, թէ թանզիմաթը ինչպէ՛ս ազդած է  հայերու կառավարման ընթացքին վրայ: Ընդհանրապէս սահմանադրութիւնը առանձնապէս կը սերտուի եւ կը մտածուի, թէ այդ եղած է միակ օրէնսդրութիւնը, բայց իրականութեան մէջ ժամանակի ընթացքին, երբ մարտավարութիւնը փոխուած է, անոր համեմատ նոր կանոններ ստեղծուած են: Այդ նոր կանոնները շատ անգամ նոյնիսկ հակասած են բուն սահմանադրութեան կամ ամբողջացուցած են զայն, շատ յաճախ նաեւ լեզուն, ոճը եւ տրամադրուածութիւնը փոխուած են, մանաւանդ երբ մօտեցած է Համիտեան ժամանակաշրջանին:
Երկրորդ գլուխին մէջ քիւրտ-հայ-թուրք յարաբերութիւնները եղած են սերտողութեանս հիմքը՝ գաւառներուն պատմութեան եւ գաւառական հարստահարութիւններուն ընդմէջէն:
Երրորդ գլուխը կը վերաբերի հայ եւ յոյն յարաբերութիւններուն. ինծի համար շատ հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ այս երկու ամենամեծ քրիստոնեայ ժողովուրդները ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունէին այդ ժամանակաշրջանին: Նշեմ, որ ասոր մասին որեւէ տեղ յիշատակութիւն չկայ, բայց այս արխիւներուն մէջ ահագին փաստաթուղթեր կային այդ յարաբերութիւնները բնութագրող:
Չորրորդ գլուխը կը վերաբերի հայոց կառավարման իրաւասութիւններուն: Օսմանեան պատմագրութեան մէջ կը յիշատակուի, թէ իւրաքանչիւր ազգ (միլլէթ) իր օրէնքներով կը կառավարուէր. ես փորձած եմ յայտնաբերել, թէ օրինակի համար դատավարութիւն մը ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենար, կամ վճիռ մը, որոշում մը ինչպէ՞ս կը գոյանար, օսմանահայերը ո՞ր օրէնքին ենթակայ էին՝ իրենց ընտանեկան հարցերը կարգաւորելու համար, եւայլն… բայց նաեւ ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած եմ, թէ իրականութեան մէջ այս ընդհանուր բովանդակէն դուրս յարաբերութիւնները ինչպէ՞ս մշակուած են, որովհետեւ հայերը առանձին չէին ապրեր, այլ անոնց շրջապատին մէջ կային քիւրտերը, թուրքերը, յոյները եւ ուրիշ ազգեր, հետեւաբար երբ հայ մը հարց ունենար այլ ազգէ ներկայացուցիչի մը հետ, ո՞ր օրէնքը ի զօրու կ’ըլլար, եւայլն:
Հայկական փաստաթուղթերուն մէջ օրինակ յիշուած է, որ հայ մը եւ յոյն մը դրամական հարց կ’ունենան, եւ պատրիարքարանի առաջնորդարանը կը լուծէ հարցը, այս մէկը կը փաստէ, թէ հայկական իրաւասութիւնները միմիայն ընտանեկան հարցերով չէին սահմանափակուած, այլ կեանքի բոլոր մարզերով կը զբաղէին. հարկաւ այս զբաղմունքին ընթացքին եթէ տարբեր դաւանանքներէ մարդիկ առնչուէին, հարցեր կը ծագէին, եւ շատ պարզ հարց մը յանկարծ պետական մեծ հարցի կրնար վերածուիլ… այդ պարագային հայկական իրաւասութիւնները կը դադրէին ի զօրու ըլլալէ:
Այս բոլորը կը կազմեն գիրքին բովանդակութիւնը:
«Հ».- Առիթով մը անդրադարձած էիք, հայերէնի դասաւանդման կարեւորութեան եւրոպական համալսարաններու մէջ, որքանո՞վ կրնայ ծառայել այդ մէկը օտարներու կողմէ Միջին Արեւելքի պատմութիւնը հայկական դիտանկիւնէ սերտելուն:
Թ.Ս.- Նախ ըսեմ, որ ես արեւմտահայերէն կը դասաւանդեմ 14 տարիէ ի վեր, եւ որ արեւմտահայերէնի միակ դասընթացքն է Գերմանիոյ համալսարանական համակարգին մէջ: Բայց եւ այնպէս արեւելագիտութեան մարզը լեզուական, աստուածաբանական եւ բանասիրական հիմունք մը ունի: Համալսարանական մակարդակի վրայ հայերէնի դասերուս հետեւողներէն ոեւէ մէկը պատմաբանական հետազօտութեան մը չգործարկեց, որովհետեւ հիմնարկութիւնը անոր համար ենթահող չի պատրաստեր, հետեւաբար ուսանողը կը մնայ լեզուին ծանօթութեան ծիրին մէջ: Ուրեմն հայերէնի դասաւանդութիւնը առանձինը բաւարար չէ հայկական պատմագիտութեան ասպարէզ մղելու ուսանողները:
Ես կը դասաւանդեմ նաեւ օսմանագիտութիւն, որուն մէջ անպայման հայերու, յոյներու, ասորիներու, քիւրտերու, այսինքն ոչ կառավարող ժողովուրդներու պատմագիտութիւնը առկայ է:
Պէտք է ըսել, որ մենք արդի ժամանակաշրջանի հայագիտական հարթակ գրեթէ չունինք Եւրոպայի մէջ:  Բիւզանդական եւ միջնադարու ժամանակաշրջաններու լաւ մասնագէտներ ունինք միայն: Մենք այդ գիտութեանց դասաւանդումը տակաւին չենք կրցած շարունակել եւ հասցնել մինչեւ մեր օրերը: Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ եւրոպական երկիրներու կառավարութիւններուն համար, Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի բնիկ ժողովուրդներուն արդի ժամանակահատուածի պատմագիտական աշխատութիւնները առաջնահերթութիւն չեն հանդիսանար, հակառակ անոր որ գոնէ գերմանական ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ ամենաքիչը 200 տարուան պատմութիւն ունի, իսկ ֆրանսականը՝ աւելի երկար…:
Այս բոլորով հանդերձ կը շեշտեմ, որ պէտք չէ յուսահատիլ. անցեալ տարի եւ այս տարի կային դոկտորականի թեկնածուներ, որոնք մասնակցեցան հայերէն ուսուցման՝ իրենց աւարտաճառերուն արխիւային նիւթերը սերտելու համար: Անցեալ տարի կար նաեւ գերմանուհի մը, որ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամի Զարմանազան լեզուական ճամբարին մասին մանկավարժական եւ լեզուաբանական մագիստրոսական աւարտաճառ մը պատրաստեց, որուն աշխատանքները սիրով ղեկավարեցի: Ես կը դասաւանդեմ նաեւ մագիստրոսականի մէջ արխիւային նիւթեր կարդալու յատկացուած դասեր, ուր հայերէն, հայատառ թրքերէն, օսմաներէն եւ այլ լեզուներով կամ լեզուական կաղապարներով արխիւային նիւթեր կը սորվին կարդալ մեր ուսանողները: