ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը յաղթանակ մը եւս արձանագրելով յաջողեցաւ 65 – 97 արդիւնքով պարտութեան մատնել Դամասկոսէն  ժամանած Ֆայհաաին: Հանդիպումի տեւողութեան ՀՄԸՄ-ի խաղացողները տիրապետեցին արդիւնքին, ինչպէս նաեւ մարզիչը առիթ տուաւ բոլոր խաղացողներուն մաս կազմելու խաղին: Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ին մնաց մէկ կարեւոր հանդիպում, որ տեղի պիտի ունենայ Դամասկոսի մէջ, որուն արդիւնքով կը յստականայ Ա. դասակարգ բարձրացող խումբին անունը։
-Երկուշաբթի օր Հալէպի մէջ սկիզբ առաւ Սուրիոյ պասքեթի հանրապետական բաժակի մրցաշարքը, որուն մասնակցութիւն պիտի բերեն առաջնակարգ վեց խումբերը՝ բաժնուելով երկու խմբակի: Առաջին խմբակին մաս կազմեց Հալէպի Ահլին, Հոմսի Քարամէն եւ Դամասկոսի  Ճէյշը, իսկ երկրորդ խմբակին՝ Ուահտէն, Ճալաան ու Նաուաիրը:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԱՖԻՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՒԱԾ Է ԱԼ-ՀԻԼԱԼ ԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ
Ըստ Sport.es-ին, Սէուտական Արաբիոյ ալ-Հիլալը կը փորձէր ամռան փոխադրաշրջանին  ձեռք բերել Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնայի պրազիլցի յարձակող Ռաֆինեան: Սէուտական ակումբը 27-ամեայ ֆութպոլիստին փոխադրութեան համար յատկացուցած է 100 միլիոն եւրօ։ Transfermarket-ը անոր փոխադրութեան արժէքը սահմանած է 50 միլիոն եւրօ: Ռաֆինեան հեռանալու փափաք չունի, բայց սպանական ակումբը նիւթական ծանր պայմաններու մէջ գտնուելուն համար կարող է ընդունիլ Հիլալի առաջարկը: Ընթացիկ մրցաշրջանին Ռաֆինեան սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբին  հետ մասնակցած է 28 հանդիպման, նշանակած է 5 կոլ, կատարած՝ 10 կոլային փոխանցում։ Անոր  պայմանագիրը Պարսելոնային հետ նախատեսուած է մինչեւ 2027 թուական։
ՊՐԱԶԻԼ ՅԱՂԹԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ, ԻՍԿ ԳԵՐՄԱՆԻԱ՝ ՖՐԱՆՍԱՅԻՆ
ՖԻՖԱ-ի բարեկամական մրցումներու օրը, Անգլիոյ Ուիմպլի մարզադաշտին վրայ Պրազիլ յաջողեցաւ 1 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել հիւրընկալ Անգլիոյ հաւաքականը: Մրցումի միակ կոլը 80-րդ վայրկեանին նշանակեց 17-ամեայ Էնտրիքը:  Գերմանիոյ հաւաքականը յաջողեցաւ նաեւ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնել Ֆրանսան: Խաղը սկսելէ 7 երկվայրկեան ետք, Ֆլորիա Ֆերթէզ նշանակեց Գերմանիոյ առաջին կոլը: Երկրորդ կիսախաղին, Հաւիրենզ կրկնապատկեց արդիւնքը եւ հանդիպումը շարունակուեցաւ մինչեւ աւարտ՝ 2 – 0 արդիւնքով:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան