ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Տօները ծնունդ առած են մարդկութեան ծնունդին հետ՝ կարեւոր տեղ գրաւելով ընկերութեան կեանքին մէջ։
Տօն կը նշանակէ հանդիսաւոր, հանգիստ ու ազատ ոչ-աշխատանքային օր: Տօները ունին կանոնակարգուած ծիսական արարողակարգ, ինչպէս նաեւ բարոյադաստիարակչական նշանակութիւն։
Ս. Յարութեան տօնին նախորդող Կիրակին կը տօնենք Ծաղկազարդը՝ Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ: Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ ժողովուրդը խանդավառութեամբ ընդունած է՝ Քրիստոսը  դիմաւորած ձիթենիի ճիւղերով։
Ծաղկազարդ կը նշանակէ ծաղիկներով զարդարուած։ Տօնի անուանումն իսկ կը վկայէ, որ ան գարնան գալուստը աւետող տօն է։
Ծաղկազարդը, ուրեմն, գարնան սկիզբը աւետող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն է:
Մարդիկ այդ առիթով իրենց տուներն ու բակերը կը զարդարէին ուռենիի կամ ձիթենիի օրհնուած ճիւղերով՝ պահպանուելու համար փոթորիկներէն եւ բուքէն. յետոյ զանոնք կ’այրէին եւ մոխիրը կու տային հովին՝ փորձանքներէն հեռու մնալու հաւատքով:
Ծաղկազարդը մանուկներու եւ երիտասարդներու տօն է նաեւ: Այդ օրը բոլորը կը հագնին իրենց տօնական առաւելաբար սպիտակ հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ’ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:
Ծաղկազարդի յետմիջօրէին կը կատարուի դռնբացէքի արարողութիւնը, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններու վարագոյրները: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն Երկինքի Արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը Աստուծմէ կը խնդրէ, որ Արքայութիւն մտնել արտօնէ:
Այդ օրերուն եկեղեցին կը յիշէ Յիսուսի երկրաւոր կեանքի վերջին ընթրիքը, մատնութիւնը, չարչարանքը, խաչելութիւնն ու թաղումը:
***

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Բառն իսկ բանաստեղծութիւն կը բուրէ։ Օծուն՝ գարնանային շունչով։
Կը թուի թէ Ծաղկազարդը շատ բան պիտի կորսնցնէր իր իմաստէն, եթէ ամփոփուէր միայն քրիստոնէական պատեանի մը մէջ։
Բոլոր լեզուներն ալ ունին համապատասխան բառը։
Բայց իրենց բառը կը խտացնէ՞ նոյն շնորհն ու ոգին, ինչպէս մեր Ծաղկազարդը։
Հայերէնը արտասանած ատեն, թարմութիւն կը հոսի ձեր երակներուն մէջ։
Նոր հորիզոն մը կը բացուի ձեր առջեւ, քանի որ գարուն է եւ Ծաղկազարդն ալ՝ անոր ուրիշ մէկ արտայայտիչը։
Ի՞նչ է Ծաղկազարդը, եթէ ոչ աւետաբեր նախանշանը վերածնութեան, որ կը կոչուի Զատիկ։
Իրողութիւն է, որ մարդիկ աւելի կը մօտենան իրարու, Ծաղկազարդէն Զատիկ, պայծառութիւն մը զգալով իրենց սիրտերուն մէջ։
Գոնէ այդպէս էր երէկ, երբ մեր հայրենի հողերուն վրայ կը շնչէինք։
Ժամանակները եւ միջավայրը շատ բան փոխեցին մեր կեանքէն, ըմբռնումներէն ու սովորութիւններէն։
Գիւղացին դարձաւ բանուոր։ Ուսուցիչը՝ խանութպան։
Տանտիրուհին շուկայ իջաւ, իբրեւ գործատէր կամ սեւ աշխատաւոր։
Իսկ մանուկները հասակ նետելով սկսան ասպարէզ կարդալ բնիկներուն։ Ամէն տեղ եւ ամէն ճակատի վրայ։
Արդէն իսկ մեր շուրջը կը յածի նոր հասարակութիւն մը որ շատ բան չի կրնար պահել ոչ աւանդական Ծաղկազարդէն, ոչ ալ Զատիկէն։
Իսկ Ծնունդը կը յիշէ աւելի շատ «ռեվէյեոն» սարքելու համար։
Եւ սակայն, տակաւին կը մնան մոխիրին տակ թաղուած կայծեր։
Ամէն ինչ հարթուած չէ եւ հայկական Ծաղկազարդը կըպահէ իր համն ու հոտը, ամէն ուր որ համրանք մը ունինք։
Ծաղկազարդ եւ Զատիկ միեւնոյն ատեն քննութեան օրեր են ամէնուս համար, քանի որ կը զուգադիպին Հայաջինջ Սարսափներու տարեդարձին։
Արդարեւ, այս օրերուն էր որ Գազանը կը սրէր դանակը եւ կ’ալարէր իւղոտ խեղդկապը, իրականացնելու համար իր դարաւոր երազը,- Կա՛մ դուն, կամ ես…
Անոնք որ վկաներն եղած են հայասպան Արհաւիրքին եւ անոնք որ լսած կամ կարդացած են, անշուշտ կ’ըմբռնեն թէ
Ծաղկազարդը եւ Զատիկը ուրիշ խորհուրդներ ալ ունին, մեզի համար։
Երկու տօները մեզի կը յիշեցնեն ոչ միայն անդարմանելի փլուզումը, այլեւ կ’ուսուցանեն չարիքին տոկալու
իմաստութիւնը։
Այդ իմաստութեան հիմնական տարրերը կը կազմեն քաջութիւնը եւ հաւատքը։
Քաջութիւն՝ հարուածին հարուածով պատասխանելու եւ հաւատք՝ ի հարկին լեռներ սարսելու։
Ա՛յդ կ’ուսուցանէ, նաեւ, մեր դարաւոր պատմութիւնը, իր զարհուրելի ելեւէջներով։
Այլապէս, տժգոյն ձեւակերպութիւն մը դարձած պիտի ըլլային Ծաղկազարդն ու Զատիկը։
Հայ եկեղեցին ազգայնացուցած է շատ մը միջազգային տօներ, անոնց տալով հայաշունչ, ինքնուրոյն եւ աւելի ճկուն բովանդակութիւն։
Ո՜ւր էր որ կարենայինք ըմբռնել այդ նրբութիւնները, աւելի երկար դիմանալու համար օտարութեան փորձութեանց…
Շաւարշ Քրիսեան
3 Ապրիլ 1955