Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ խումբ մը ծերակուտականներ նամակ մը յղած են պետական քարտուղար Անթընի Պլինքընին, պահանջելով Արցախի բանտարկեաներու եւ յատկապէս ղեկավարներ՝ Արկատի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Դաւիթ Բաբայեանի եւ Դաւիթ Իշխանեանի ազատ արձակումը։

Ծերակուտականներ՝ Էտ Մարքի (Դեմոկրատական, Մասաչուսէց), Պիլ Քասիտի (Հանրապետական, Քալիֆորնիա), Թոմ Թիլիս (Հանրապետական, Հիւսիսային Քարոլայնա) եւ Կերի Փիթըրզ (Դեմոկրատական, Միշիկըն) կը տեղեկացնեն, թէ․ «Պայտընի վարչակազմը վճռականօրէն պէտք է, որ պաշտպանէ եւ ապահովէ հայերու` միջազգային երաշխիքներով իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքը: Թէեւ վարչակազմը մի քանի հրապարակային յայտարարութիւններով պաշտօնապէս հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքը, այդուհանդերձ որեւէ շօշափելի գործողութիւն չէ կատարուած` ապահովելու համար այն անվտանգ պայմանները, որոնք անհրաժեշտ են, որպէսզի թոյլատրուի վերադառնալ իրենց տուները եւ ապահովուի նաեւ հետապնդումներէ զերծ մնալը։ ցեղային զտումներուիրականացնողներու մարտավարութիւնը կը շարունակուի»:

Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն` Արամ Համբարեան այս գծով կը շեշտէ, թէ․ «Հայաստանի տարածքներու գրաւումն ու հայ բանտարկեալներու եւ քաղաքական առաջնորդներու շարունակական կալանքի տակ պահելով, Պաքու խաթարած է կայուն եւ արդար խաղաղութեան ապահովման ջանքերը»։