ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով  յաջողեցաւ 88 – 63 արդիւնքով պարտութեան մատնել Լաթաքիայէն ժամանած Հըթթին խումբը: Մրցումին ներկայ էին մեծաթիւ ՀՄԸՄ-ական համակիրներ, որոնք առաջին վայրկեանէն քաջալերեցին խումբը եւ թափ տուին խաղցողներուն: Մրցումի լաւագոյն խաղցողն էր ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեպուհ Խարաճեան:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Ա. դասակարգի մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի խումբը պարտութեան մատնուեցաւ Պարատայէն՝ 69 – 65 արդիւնքով: Աւելցնենք, որ ՀՄԸՄ-ի կազմը կը պայքարի մնալ ախոյեանութեան Ա. դասակարգին մէջ:
-Սուրիոյ հաւաքականի արժանթինցի մասնագէտ մարզիչ Հիքթոր Քուփըր Շաբաթ օր յայտարարեց անուանացանկը հաւաքականի այն խաղցողներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Մինամարի դէմ տեղի ունենալիք հանդիպումին։ Հաւաքականի գլխաւոր բացականերէն են Օմար Խըրէյպինն ու Օմար Սոման։ Աւելցնենք, որ սոյն կազմին առաջին անգամ ըլլալով մաս պիտի կազմեն Մահմուտ Տաւուտը, Իլիաս Հատայան եւ Նուհ Շամուունը։ Հաւաքականին կը վերամիանայ նաեւ հայ խաղցող Մարտիկ Մարտիկեան, որ վերջին խաղին բացակայած էր՝ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿԻ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉԻ ՎԻՃԱԿԱՁԳՈՒՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ
Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ ֆութպոլի եւրոպական Չեմփիընզ լիկի կիսաեզրափակիչ  վիճակաձգութիւնը: Արդիւնքով հաստատուեցաւ հանդիպումը ուժեղ խումբերու, որոնց գլխաւորը եղաւ Ռէալ Մատրիտի եւ Մանչեսթըր Սիթիի միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը: Սոյն խումբերուն հանդիպումը նախատեսուած էր աւարտականին, սակայն անոնցմէ մէկը միայն մեծ հնարաւորութիւն ունէր հասնելու ախոյեանութեան:
Վիճակաձգումին հետեւանքով արձանագրուեցաւ նաեւ Պարսելոնա ընդդէմ Փարիզ Սան Ժերման հանդիպումը:
Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Պորիսիա Տորթմոնտը, իսկ Արսենալ պիտի մրցի Պայերն Միւնէխի հետ:  Կիսաեզրափակիչի առաջին հանդիպումները տեղի կ’ունենան 30 Ապրիլին եւ 1 Մայիսին, պատասխան հանդիպումները՝ 7 եւ 8 Մայիսին։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան