Որպէս 5-րդ կարգի պատանի, այս տարի ընկերներով մասնակցեցանք «Սիմոն Զաւարեան» բանակումին, որ մեր վերջին պատանեկան բանակումն էր։
Բանակումը կոչուեցաւ «Սիմոն Զաւարեան»՝ Դաշնակցութեան խիղճը խորհրդանշող հիմնադիրին անունով, որպէսզի յիշատակած ըլլանք անոր մահուան 110-ամեակը։
Ինչպէս սովորութիւն դարձած էր տարեկան բանակումներուն, Սուրիոյ տարբեր շրջաններու պատանիներս կրկին համախմբուելով անցուցինք անհամբեր սպասուած բանակումը։
Իւրաքանչիւր օր օգտաշատ գիտելիքներով, յեղափոխական երգերով, զանազան նիւթերու շուրջ զրուցելով կ’ամբողջացնէինք, իսկ օրակարգը մեր պատմութենէն քաղուած դրուագներով, ապա խրախճանքով կը փակէինք՝ վերյիշելով ֆիտայիները, նահատակ ընկերները, որոնք իրենց կեանքը  նուիրեցին հայրենիքի պաշտպանութեան։
Պատանեկան Միութիւնը՝ Դաշնակցութեան առաջին դպրոցը, մեր սերնդակիցները կը կերտէ իբրեւ հայրենասէր ու ընկերասէր մարդիկ։ Միութիւնը իր դաստիարակչական ծրագիրով մեզ իրազեկ կը դարձնէ Հայոց պատմութեան, հայ ազատագրական շարժման, Հայաստանի աշխարհագրութեան, Սփիւռքի պատմութեան եւ կազմակերպ աշխատանքի հմտութիւններուն։
Մեր բանակումի շրջանին Արցախը շրջափակման մէջ էր։ Թշնամին նետած էր ձեռնոցը, բայց վերցնող չունէինք։ Տեղի ունեցաւ պատերազմն ու ցեղասպանութիւնը, յետոյ նաեւ՝ տեղահանութիւնը։ Ամբողջ աշխարհը լուռ մեզ կը դիտէր։
Բայց ափսո՜ս. Աւետարանը կարդացուած էր։
Ճիշդ է, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Սիմոն Զաւարեաններ, Արամ Մանուկեաններ չունեցանք, բայց բոլորս համախմբուելով կրնանք դառնալ մէկ բռունցք ու զիրար նեցուկ կանգնելով յաղթահարել ներկայ իրավիճակը։
Շողեր Տէր Յովհաննէսեան