«ՕՍՔԱՐ»-Ի ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ «ՕՊԸՆՀԱՅՄԸՐ» 7 ՄՐՑԱՆԱԿ ՆՈՒԱՃԵՑ

Լոս Անճելոսի մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկեան շարժանկարի ակադեմիայի «Օսքար» շարժանկարներու մրցանակի յանձնումի 96-րդ արարողութիւնը։
Քրիստոֆըր Նոլանի «Օպընհայմըր» տրաման, որ առաջադրուած էր 13 անուանակարգերուն մէջ, նուաճեց 7 մրցանակ, այդ կարգին՝ «Լաւագոյն ֆիլմ», «Լաւագոյն բեմադրիչ», «Լաւագոյն դերասան», «Լաւագոյն մոնթաժ», «Երկրորդ դերի լաւագոյն դերասան» եւ «Լաւագոյն նկարահանման աշխատանք» անուանակարգերուն մէջ։ Ֆիլմը «աթոմային ռումբի հայր» Ռոպերթ Օպընհայմըրի կեանքի եւ աթոմային ռումբի առաջին փորձարկումներու մասին է։
«Լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգին մէջ յաղթեց Էմմա Սթոունը («Խեղճուկրակները» Poor Things) ֆիլմին համար։
«Լաւագոյն հետաքրքրական բեմագրութիւն» անուանակարգին մէջ մրցանակ  շահեցաւ «Անկման անաթոմիա» (Anatomy of a Fall) ֆիլմը։
«Լաւագոյն վաւերագրական ֆիլմ»  անուանակարգին մէջ յաղթեց «20 Օր Մարիուփոլի Մէջ»-ը (20 Days in Mariupol), իսկ «Լաւագոյն կենսունակ ֆիլմ» անուանակարգին մէջ՝ «Տղան Եւ Ձկնակուլը» (Kimitachi wa Dou Ikiru ka)

 ստեղծագործութիւնը։

ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒՀԻՆ՝ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Miss Tourism Continental 2024 մրցումին, Հայաստանի կողմէ մասնակցած է հալէպահայ Մարիա Ղարիպեան։  Մրցումին մասնակցած են տարբեր երկիրներէ ներկայացուցիչներ։ Մարիան նուաճեց «Երեկոյեան Զգեստներու Լաւագոյն Ներկայացնող»-ի մրցանակը։
***
Մեծ Պահքի Յատուկ Ուտեստներ
——————————————

ՇԻՐԻԿՈՎ ԿԱՄ ԹԱՀԻՆՈՎ ՀԱՑ

Բաղադրութիւն
3 գաւաթ ալիւր
Քանի մը դգալ ձէթ
Քիչ մը աղ
1 գաւաթ գաղջ ջուր
Մէկ թէյի դգալ թթխմոր
Մէկ գաւաթ շաքար
3 – 4 ապուրի դգալ գաղջ ջուր
Մէկ գաւաթ շիրիկ
Զարդարանքի համար ՝ փոշի շաքար եւ կասիա
Պատրաստութիւն
Նախ մէկ ապուրի դգալ թթխմորը, շաքարը եւ 3-4 դգալ գաղջ ջուրը խառնել եւ տաք տեղ մը դնել մօտ 10 վայրկեան մինչեւ որ փրփրի:
Այս միջոցին ալիւրը մաղել, աւելցնել աղ եւ ձէթ ու շփելով խառնել, ապա դնել փրփրած թթխմորը եւ խառնել, ապա աւելցնել մէկ գաւաթ գաղջ ջուրը եւ շաղել խմորը: Փոս ամանի մը յատակը ձէթ քսել եւ խմորը դնել այդ ամանին մէջ եւ խմորին երեսին ալ ձէթ քսել, ծածկել մաքուր լաթով մը եւ դնել տաք տեղ մը մօտ մէկ ժամ մինչեւ որ թթուի: Մէկ ժամ ետք խմորէն գունդեր շինել եւ ծածկել լաթով մը, վրան ալ նայլընէ տոպրակ մը դնել  որ խմորը չքարանայ: Քառորդ ժամ հանգչեցնելէն ետք, այդ գունդերը բանալ եւ վրան դգալով շիրիկ տարածել մինչեւ ծայրերէն մօտ կէս սմ? ներս, վրան ցանել շաքար՝ ծածկելով շիրիկը, տեղ-տեղ ցանել նաեւ փոշի կասիա: Ոլորել խմորը եւ յետոյ խղունջաձեւ դարձնել, ծայրը փակցնել եւ գլանով տափակցնել, դնել ձէթ քսուած ափսէի մը մէջ եւ եփել նախապէս տաքցած 180 աստիճան փուռի մէջ մինչեւ որ կարմրի:
Բարի ախորժակ։