Զրոյցը սկսաւ ընկերներուս եւ ուսուցչուհիին միջեւ: Դասընկերներս շատ հետաքրքրական կարծիքներ ունէին, օրինակ՝ «Միտք կարդալ». երբ լսեցի գաղափարը մտածեցի որ լաւ կ’ըլլայ եթէ գիտնամ դիմացինին մտածելակերպը, բայց այդ մէկը ճիշդ կ’ըլլա՞յ:
Միւս դասընկերոջս կարծիքն էր «Ժամանակը վերադարձնել»: Երանի այդպիսի կարողութիւն մը ունենայինք, ժամանակը ետ դարձնէինք եւ մեր գործած մանկական սխալները սրբագրէինք, բայց եթէ մեր մանկական սխալները չըլլային ինչպէ՞ս պիտի ուղղէինք մեր մտածելակերպը:
Միւս դասընկերուհիիս կարծիքն էր «Աներեւոյթ ըլլալ»: Եթէ աներեւոյթ ըլլայինք, կրնայինք այցելել մեր ուզած քաղաքը, բայց մենք աներեւոյթ չենք եւ պարտաւոր ենք մեր ծնողքին ընտրած քաղաքը ապրիլ..:
Ետքը ուրիշ մը ըսաւ. «Աշխարհը շրջիլ օդապարիկով մը»: Եթէ աշխարհը շրջէի, կը փափաքէի իմ ազգականներուն այցելել, կարօտս առնել, մինչդեռ երբ բոլորս նոյն քաղաքն ենք, մեր խճողուած առօրեային մէջ պէտք եղած ժամանակը չենք տրամադրեր իրարու:
Գիտութիւն սիրող դասընկերս ըսաւ.
«Ախտաճանաչում ընել»: Եթէ ճիշդ ախտաճանաչման կարողութիւնը ունենայինք, անբուժելի հիւանդութիւններուն ճարը կը գտնէինք, բայց դժբախտաբար մենք այդպիսի կարողութիւն չունինք, որ բոլոր հիւանդութիւններուն բուժումը գտնենք:
Իսկ իմ կարծիքն էր՝ «Բարի պարիկ մը ըլլալ եւ կախարդական գաւազան մը ունենալ»՝ Արցախի տեղահանուած մանուկներուն դէմքին ժպիտ մը գծելու:
Իսկ դուք, սիրելինե՛ր, ի՞նչ կարծիք ունիք: