ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ Պասքեթի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի պասքեթի տղոց խումբը հետաքրքրական յաղթանակ մը արձանագրելով 62 – 56 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Դամասկոսէն ժամանած ալ-Սաուրա խումբը: Մրցումին յաղթանակի հաւանականութիւնը փոխն ի փոխ փոխանցուեցաւ կազմերուն միջեւ, սակայն վերջին վայրկեաններուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն զգոյշ խաղարկութիւնը յաղթանակի արժանացուց խումբը:
-Սուրիոյ հաւաքականի խաղացող Այհամ Ուսո առաջին անգամ ըլլալով իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ Լա-Լիկայի Քատէշ խումբին հետ մրցումին եւ յաջողեցաւ ներկայանալ բարձրորակ  խաղարկութեամբ: Ուսո յաջողեցաւ իր խիտ պաշտպանողականութեամբ արգելք հանդիսանալ մրցակիցին յարձակումներուն:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՌԷԱԼ ՎԵՐԱՆՈՒԱՃԵՑ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐ
Սպանիոյ առաջնութեան 28-րդ փուլի մրցումներուն,  առաջատար  Ռէալ  Մատրիտը հիւրը դարձաւ  Սէլթա Վիկոյին. իտալացի Գարլօ Անշէլոթիի գլխաւորած խումբը 4 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը:  21-րդ վայրկեանին, պրազիլցի յարձակող Վինիսիուս Ժունիըր նշանակեց Ռէալի առաջին կոլը ու հանդիպումը շարունակուեցաւ մինչեւ 80-րդ վայրկեան, երբ Ռէալի  գերմանացի պաշտպան Անթոնիո Ռուտիքէրի հարուածած գնդակով  Սելթաֆիկոյի սպանացի դարպասապահ Վիսենտէ Գուայտա նշանակեց Ռէալի երկրորդ կոլը.  88-րդ վայրկեանին, Վինիսիուսի ուժեղ փոխանցումէն ետք ինքնակոլի հեղինակ դարձաւ նաեւ սպանացի պաշտպան Գարլոս Տոմինկես, որմէ երկու վայրկեան ետք հանդիպումը աւարտեցաւ Ռէալի չորրորդ կոլով: Աւելցնենք, որ Ռէալ 69 կէտով կը գլխաւորէ մրցաշարքի աղիւսակը, 7 կէտի տարբերութեամբ իրեն կը յաջորդէ Ժիրոնան:
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ – ՍԻԹԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՒԱՍԱՐ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ
Անգլիոյ առաջնութեան 28-րդ փուլի մրցումներուն,  Լիվըրփուլ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին: Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ 1 – 1 հաւասարութեամբ: 23-րդ վայրկեանին, Մանչեսթըր Սիթիի անգլիացի պաշտպան Ճոն Սթունզ կատարեց կոլերու բացումը, իսկ 50-րդ վայրկեանին, Լիվըրփուլի կիսապաշտպան Ալեքս Մաք Ալիսթեր տուգանային հարուածով նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Լիվերփուլ  64 կէտով կը գրաւէ աղիւսակի երկրորդ դիրքը, յաջորդելով Արսէնալին, որ նոյն կէտերով կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան