Պելճիքայի Ծերակոյտին մէջ 25 Մարտին տեղի ունեցած է «Աշխարհաքաղաքական Զարգացումները Հարաւային Կովկասի մէջ. կիզակէտի վրայ Հայաստանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը/Արցախը» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում: Քննարկումը տեղի ունեցած է ծերակուտական Մարք Տեմըսմեյքըրի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի համագործակցության հետեւանքով, որուն մասնակցած են պելճիքացի խորհրդարանականներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ:
Կլոր սեղանի չորս հիմնական բանախօսները եղած են.
Էլս Վան Հուֆ՝ Պելճիքայի դաշնային խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ
Փօլ Միերթս՝ միջազգային բանակցութիւններու վերլուծաբան եւ Քլինկընտաել հիմնարկի համահիմնադիր
Գեղամ Ստեփանեան՝ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու Իրաւունքներու պաշտպան
Բենիամին Պօղոսեան՝ «ԱՊՐԷ Արմենիա» հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող
Համաժողովի առաջնային նպատակը եղած է համապարփակ վերլուծութեան ենթարկել Սեպտեմբեր 2020 թուականէն ի վեր Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական զարգացումները, մասնաւորապէս՝ Արցախեան հակամարտութեան լոյսին տակ։ Բանախօսները միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային հանրութեան արձագանքի տեսանկիւններով ներկայացուցած են տարածաշրջանային զարգացումները։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացած են միջնորդական ջանքերու կարեւորութեան մասին քննարկումները` անդրադարձ կատարելով յատկապէս Եւրոպական միութեան դերին: Քննարկումին մասնակիցները փորձած են նախանշել ապագայ հեռանկարները, կարելի զարգացումները եւ որոշակի քայլերը՝ Արցախի հայերուն անօտարելի իրաւունքները պաշտպանելու համար:
Նախաձեռնութիւնը սկսած է ծերակուտական Տեմըսմէյքըրի, Եւրոպական Միութեան ՀՀ ներկայացուցչութեան ղեկավարի տեղակալ Վարդան Սարգսեանի և ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի բացման խօսքերով:
Մարք Տեմըսմէյքըր ըսած է. «Այցելելով Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ շրջան՝ անմիջականօրէն տեսած եմ հակամարտութեան ազդեցութիւնը: Ատրպէյճանի յարձակումը եւ Արցախի ցեղային զտումները միանգամայն անընդունելի են։ Մենք պէտք է ճնշում բանեցնենք ԵՄ-ի եւ միջազգային հանրութեան վրայ՝ վերջ տալու անպատժելիութեան: Կարեւոր է՝ Մերձաւոր Արեւելքի և Ուքրանիոյ վրայ կեդրոնացած ըլլալով, չանտեսել Հարաւային Կովկասը: Մենք չենք կրնար անտեսել այս տարածաշրջանի տառապանքն ու անկայունութիւնը»։
Իր խօսքին մէջ Էլս Վան Հուֆ մասնաւորապէս յայտնած է․ «Վերջերս Արցախի խորհրդարանի շէնքին քանդումը կը խորհրդանշէ Ատրպէյճանի կողմէ շարունակապէս «մշակութային զտումը»: Մենք չենք կարնար լռել այս հարցով: ԵՄ-ը պէտք է վերագնահատէ իր յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ եւ օգտագործէ իր քաղաքական գործիքակազմը՝ դադրեցնելու հայերու հիմնարար իրաւունքներու խախտումները: Պատժամիջոցներ կիրառելու տարբերակը պէտք է դիտարկել եւրոպական մակարդակով»:
Իր կարգին Փօլ Միերթս, անդրադառնալով բանակցային գործընթացին, յայտնած է․ «Բանակցութիւնները յաջողութեամբ աւարտելու համար պէտք է համատեքստի փոփոխութիւն տեղի ունենայ։ Ուժն ու բանակցութիւնները միասին կ՛ընթանան: Հայաստան չի կրնար բանակցութիւններու մէջ մտնել թուլցած դիրքերէ։ Այսպիսով՝ Հայաստանի համար հրամայական է ուժեղացնել իր ռազմական կարելիութիւնները եւ ամրապնդել իր դիրքերը բանակցային սեղանի շուրջ տարածաշրջանի կայունութեան համար»:
Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան անդրադարձած է Արցախի ժողովուրդին առջեւ ծառացած շարունակական մարտահրաւէրներուն. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին տառապանքները շարունակուեցան 2023 թուականի Սեպտեմբերի բռնի տեղահանութենէն ետք: Հայաստան ժամանելուն պէս Արցախի ժողովուրդը շարունակեց բախիլ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու՝ անոր կացութեան կարգավիճակէն սկսեալ մինչեւ հասարակական, բնակարանային, սնունդի և աշխատանքի առնչուող խնդիրներ: Սեմինարը արժէքաւոր կարելիութիւն կ՛ընձեռէ անդրադառնալու այս խնդիրներուն եւ լոյս սփռելու Արցախի ժողովուրդի աօրեայ պայքարին վրայ, ինչպէս նաև նպաստելու միջազգային հանրութեան զօրաշարժին՝ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական կարիքներուն եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին»։
Բենիամին Պողօսեան շեշտադրած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու հարցին քննարկումը՝ յայտարարելով. «Կար սկզբունքօրէն թերի տրամաբանութիւն, որ Ատրպէյճանի նկատմամբ հանդարտեցման քաղաքականութիւնը և Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կործանման ընդունումը ճանապարհ կը հարթեն Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համար։ Փոխարէնը, ատիկա միայն ստիպեց Ատրպէյճանը աւելի յարձակողապաշտ ըլլալ Հայաստանի նկատմամբ, եւ այժմ կը բախինք Ատրպէյճանի կողմէ նոր սրումի իրական սպառնալիքի՝ ռազմավարական նպատակ ունենալով բանալ ցամաքային միջանցք Նախիջեւանի և Թուրքիոյ հետ՝ բռնագրաւելով Հայաստանի որոշ հատուածներ»։
Իր խօսքին մէջ Գասպար Կարապետեան երախտագիտութիւն յայտնած է ծերակուտական Տեմըսմէյքըրին, բանախօսներուն եւ ներկաներուն՝ արցախահայութեան իրաւունքներուն իրենց աննկուն հաւատարմութեան համար։ «Այս կլոր սեղանը կարևոր հարթակ կը ծառայէ երկխօսութեան խթանման եւ Արցախի հայ բնակչութեան անքակտելի իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած ջանքերը յառաջ մղելուն: Պելճիքայի եւ Եւրոմիութեան անդամ բոլոր երկիրներուն համար հրամայական է ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի դէմ՝ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղային զտումներուն համար՝ գործնականօրէն վերջ դնելով Ատրպէյճանի անպատժելիութեան: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ՝ Պաքուի մէջ գտնուող բոլոր հայ ռազմագերիներն ու պատանդները ազատ արձակելու համար։ Շարունակական շահերու պաշտպանութիււնը կը մնայ առանցքային՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան, արդարութեան եւ կայունութեան ապահովման համար»:
Քննարկումը աւարտած է հարց-պատասխանի ձեւաչափով, որուն ընթացքին բանախօսներն ու քաղաքական գործիչները քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման և Արցախի հայ բնակչութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան հեռանկարային միջոցները:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ
25 Մարտ 2024