Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին Մեծ Պահոց չորրորդ Կիրակին կը կոչէ Տնտեսի Կիրակի, համաձայն օրուան Ճաշու Աւետարանի անիրաւ տնտեսի եւ աղքատ Ղազարոսի առակին (Ղկ 16.1-31)։
Մեծ Պահոց օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան Թեմի զանազան եկեղեցիները հերթաբար այցելելով, ներկայ կը գտնուի եկեղեցական արարողութիւններուն եւ օրուան խորհուրդը կը փոխանցէ։ Կիրակի, 7 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հալէպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց Մեծ Պահոց Տնտեսի Կիրակիին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ներկայութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամ տիար Յովսէփ Գասապեանի, եկեղեցւոյ քահանայ Հայրերուն, Թաղական Խորհուրդին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան։ Սուրբ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ղեկավարութեամբ՝ դպրապետ Բարշ. Գօգօ Սրկ. Տէր Վարդանեանի։ Ուրախութիւն էր տեսնել հաւատացեալներու մեծաթիւ ներկայութիւնը Մեծ Պահոց եկեղեցական արարողութեան։ Հաւատացեալներուն հոգիները համակուեցան Պատարագի խորհրդաւոր աղօթքներով եւ շարականներով:
Օրուան քարոզը հաւատացեալներուն ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով անիրաւ տընտեսի առակէն մէջբերուած հետեւեալ խօսքը. «Տուր զհամար տնտեսութեան քո» (Ղկ 16.2)։
Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ երբ այս անցաւոր աշխարհէն բաժնուինք, Տէրը այս բառերով պիտի դիմէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Հետեւաբար, որպէս հաւատաւոր ծառաներ Աստուծոյ պատասխան պիտի տանք, պարզաբանելով, թէ ինչպէ՞ս արժեւորած եւ գնահատած ենք Տիրոջ մեզի տուած կեանքը, ժամանակն ու մարդկային կարողութիւնները։
Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Մեծ Պահոց ժամանակաշրջանին եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանէն կը կարդանք Քրիստոսի եռամեայ առաքելութեան ընթացքին արտասանած առակները, որոնք մարտահրաւէրներ են ո՛չ միայն իր ժամանակին մէջ ապրողներուն, այլեւ 21-րդ դարուն ապրող մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, հետեւելու դէպի յաւիտենական կեանք առաջնորդող ճշմարիտ ճանապարհին։
Մասիս եպիսկոպոս պատմելով ճարպիկ տնտեսին եւ աղքատ Ղազարոսին առակները, եզրակացուց ըսելով. «Երբ մարդ իր նպատակը նիւթականը կը դարձնէ, Աստուած իր կեանքէն կը բացակայի։ Քրիստոնեայ հաւատացեալը կանչուած է կառչելու Քրիստոսի ուսուցանած հոգեւոր հարըստութիւններուն, որոնք են՝ սէր, խոնարհութիւն, խաղաղութիւն, ներողամտութիւն, համերաշխութիւն եւ հաւատարմութիւն Քրիստոսի ուսուցումներուն նկատմամբ»։
Մեծ Պահոց օրհնաբեր օրերուն Սրբազան հայրը մաղթեց, որ անիրաւ տնտեսին նման անդրադառնանք մեր կատարած սխալներուն եւ վերադառնանք Աստուծոյ՝ արժանի դառնալու համար Տիրոջ գովասանքին եւ հաւատարիմ ծառաներ կոչուելով ժառանգելու երկնքի արքայութիւնը։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։