«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան յայտնած է, որ հայկական արտադրութեամբ թոքերու արհեստական շնչառութեան գործիքները ամբողջութեամբ պատրաստ են քլինիքական փորձարկումներու, վկայագրման եւ արտադրութեան համար: «Նախորդ տարի կառավարութեան ծրագիրի երկրաչափական միութեան հետ միատեղ սկիզբ առաւ Հայաստանի մէջ թոքերու արհեստական շնչառութեան գործիքներու մշակման գործընթացը: Ներկայացուած սարքը բարդ երկրչափական համակարգ է, որ օդի չափի եւ ճնշման ղեկավարումով անհրաժեշտ քանակով կը փոխարինէ մարդու շնչառական համակարգը: Ամերիկեան NASA JPL տարրալուծարանի հետ գործակցութեան հետեւանքով կրնաք տեսնել, որ գործիքներու 5 օրինակներ արդէն պատրաստ են եւ փորձարկումներէ կ’անցնին հետագային վկայագրելու եւ արտադրուելու նպատակով», գրած է Արշակեան: