Հինգշաբթի, 25 Մարտ 2021-ին, հանդիպում տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի միջեւ, յայտնած է Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մամլոյ բանբեր Արման Մուսինեան: «Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են յետպատերազմեան շրջանին Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ հետագայ հաւանական զարգացումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր», դիմատետրի իր էջով գրած է Մուսինեան: