«Ասպարէզ».- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը հաղորդեց, որ Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոսին, Ծերակոյտի Կրթական յանձնախումբը վաւերացուց Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 568 բանաձեւը, որուն նպատակն է հոգալ Հայոց Ցեղասպանութեան առիթով 24 Ապրիլին Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանը փակ պահելու ծախսերը։
Այժմ, բանաձեւը պիտի քննուի նահանգային Ծերակոյտի լիագումար նիստին։
Նախապէս նահանգային Ծերակոյտին Բարձրագոյն ուսման յանձնախումբը վաւերացուցած էր բանաձեւը։
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ այժմու օրէնքներով, նահանգի իշխանութիւնները պիտի չվճարեն այդ օրուան համար նախատեսուած գումարը, եթէ քոլեճը փակ մնայ: Վնասը կը գնահատուի մօտաւորապէս 500.000 տոլարով:
Ծերակոյտի Կրթական յանձնախումբին առջեւ բանաձեւին ի նպաստ վկայութիւն տուաւ Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի քոլեճի փոխտնօրէն Էնթընի Քուլփեփըր, որ նաեւ դրուատեց այս առնչութեամբ Փորթանթինոյի տարած ջանքերը։
Նախապէս, համալսարանի տնօրէն Տէյվիտ Վիար եւս վկայութիւն տուած էր Բարձրագոյն ուսման յանձնախումբին առջեւ, բանաձեւին իր զօրակցութիւնը արտայայտելով:
Փորթանթինօ կը յայտնէ, թէ քոլեճը պէտք չէ նիւթական վնաս կրէ 24 Ապրիլին համալսարանը փակելու որոշումին համար, որուն նպատակն է յարգել Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը, բան մը, որ յոյժ կարեւոր է համայնքի ուսանողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար: