«Երկիր».- 11 Սեպտեմբերին Հայաստանի խորհրդարանին դիմացէն յանուն Ամուլսարի պաշտպանութեան ընթացք առած երթը, որ Ազգային ժողովի հանրային այգիէն անցնելով հասաւ Բաղրամեան, Մաշտոց, Ամիրեան, ապա՝ Հանրապետութեան հրապարակ, իր աւարտին հասաւ: Քայլերթի մասնակիցները չեն բաժնեկցիր վարչապետին հանքը չշահագործելու իրաւական հիմքեր չունենալու կարծիքը:
«Կառավարութիւնը իր լիազօրութիւններով չի գործեր, իրաւական հիմքեր կան այս հանքին գործունէութիւնը դադրեցնելու համար: Կառավարութեան կը պակսի քաղաքական հիմքը», ըսաւ բնապահպաններէն մէկը ու յայտնեց, որ մասնակիցները կառավարութեան կոչ կ’ուղղեն Ջերմուկի բնակչութեան լսելու:
Մասնակիցը աւելցուց նաեւ, որ հանքի դադրեցման համար բաւարար էր Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան բնագիրը: