Javakhkmedia.com կայքը կը հաղորդէ, որ Ախալցխայի հայկական դպրոցը այս տարի իր դռները բացաւ աշակերտներուն համար վերանորոգուած եւ կահաւորուած դասարաններով: Դպրոցի վերանորոգման եւ կահաւորման աշխատանքները ստանձնած էր գործարար եւ բարերար Արտեօմ Սուրմալեան: Դպրոցի բացման արարողութեան եւ ուսումնական տարուան մեկնարկին ներկայ էին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ քաղաքապետի եւ խորհրդարանի պատգամաւորին գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ հիւրեր Ախալցխայէն ու Հայաստանէն:
Դպրոցի ուսումնական տարուան մեկնարկը սկսաւ պետական քայլերգով, տէր հօր օրհնութեամբ ու վրացական պարով, որմէ ետք հիւրերը հանդէս եկան բազմաթիւ ելոյթներով ու ողջոյնի խօսքերով: Ապա յայտագիրը շարունակուեցաւ հայկական եւ վրացական պար-երգերով:
Դպրոցը վերանորոգած բարերար Արտեօմ Սուրմալեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց աշակերտներուն ուսումնական տարուան սկիզբը եւ յայտնեց, որ հեռանալով Ախալցխայէն մտովի անգամ ոչ մէկ պահ հեռացած է այս դպրոցէն, աստեղի հայութենէն ու քաղաքէն: Ան նաեւ ցաւով դիտել տուաւ, որ դպրոցի վերանորոգման ընթացքին ականատես չեղաւ մարդոց, որոնք գային եւ ինքնակամ մասնակցէին իրենց դպրոցի վերանորոգման եւ վերանորոգումէն ետք դպրոցի մաքրութեան աշխատանքներուն:
Հարկ է նաեւ յիշել, որ այս տարի հայկական դպրոց պիտի յաճախէ 52 առաջին դասարանի աշակերտ: Նախորդ տարիներու համեմատ աշակերտներուն թիւը նուազած է, հետեւաբար 3-4 դասարանի փոխարէն այս տարի երկու դասարան պիտի բացուի։