«Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով այցելեց «Եռաբլուր»ի զինուորական պանթէոն:
ՀՀ անկախութեան տօնին առիթով «Եռաբլուր» եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան:
Անոնք ծաղիկներ զետեղեցին սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի գերեզմաններուն եւ ծաղկեպսակ` հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին դիմաց:
Վեհափառը իր կարգին աղօթք մատուցեց: