ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան 74-րդ նիստի շրջագիծէն ներս, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ ալ Մուալլէմ հանդիպումներ ունեցաւ Հնդկաստանի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Իրաքի եւ Սուտանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Ան «Ռուսիա Այսօր» պատկերասփիւռային կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիոյ սուրիական բանակին աջակցութիւնը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ զինուորական գետնի վրայ եւ ռուս-սուրիական համակարգուած աշխատանքներուն շնորհիւ բազմաթիւ հողատարածքներ ազատագրուեցան: Մուալլէմ դիտել տուաւ, որ պատերազմէն վերջ ռուս-սուրիական յարաբերութիւնը պիտի խորանայ:
Անդրադառնալով Իտլիպի թղթածրարին, Մուալլէմ յայտնեց, որ Թուրքիա Սոչիի համաձայնութիւնը չի գործադրեր ու թէեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ «Ճապհաթ ալ Նուսրա» զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումը իր ամբողջական հսկողութեան տակ առած է Իտլիպը, այնուամենայնիւ Սուրիան պիտի ազատագրէ քաղաքը եւ վերահաստատէ շրջանի խաղաղութիւնը: