1 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (այսուհետեւ՝ ԵՏՄ) տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդին ընդլայնուած նիստը:
Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Պելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Խըրխըզիստանի նախագահ Սոորանպայ Ժէենպեքով, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Թոքայեւ եւ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեան:
 Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ԵՏՄ-ի յառաջիկայ աշխատանքները, յաջորդ տարուան ծրագիրները, ԵՏՄ-ի 2018-ի պիւտճէի կատարողականը, ԵՏՄ-ի 2020-ի պիւտճէն, ԵՏՄ-ի միասնական ֆինանսական շուկայի կազմաւորման հայեցակարգը, ԵՏՄ-ի ներքին շարք մը փոփոխութիւններ եւ Բարձրագոյն Խորհուրդի յաջորդ նիստի վայրը:
ՀՀ վարչապետը նիստէն ետք առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Պելոռուսիոյ նախագահներուն, ինչպէս նաեւՍինկափուրի վարչապետին, որոնց հետ արծարծեց տարածաշրջանային եւ տնտեսական, քաղաքական եւ մարդասիրական բազմակողմանի գործակցութեան առնչուող հարցեր: