Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Սուրիոյ յատուկ նիստին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծումը կարելի կը դառնայ այն ատեն, երբ երկրին մէջ ապօրինաբար ներկայութիւն դարձած ամերիկեան, բրիտանական, ֆրանսական եւ թրքական ուժերը դուրս ելլեն: Ան վերահաստատեց, որ Դամասկոս պատրաստակամութիւն կը յայտնէ նեցուկ կանգնելու Սահմանադրական Յանձնախումբի աշխատանքին եւ գործակցելու յանձնախումբի աշխատանքներուն հետեւող ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնացին հետ:
Նախապէս, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կոթերէս յայտնած էր, որ Սահմանադրական Յանձնախումբը Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման ուղիին վրայ յաջող քայլ մը կը համարուի:
Ըստ Կոթերէսի, Սահմանադրական Յանձնախումբը իր անդրանիկ ժողովը պիտի գումարէ 30 Հոկտեմբեր 2019-ին: