Սուրիոյ Սահմանադրական Յանձնախումբը միջազգային ընտանիքին կողմէ ողջունելի համարուեցաւ: Այս առիթով Ղազախստան յայտնեց, որ մայրաքաղաք Նուր Սուլթանի մէջ Ասթանայի խորհրդակցութիւններու նոր նիստ մը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան ընթացքին: Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան տնտեսական բաձրագոյն խորհուրդի նիստէն ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի խորհրդակցեցան Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին եւ զինուորական վերջին զարգացումներուն շուրջ: Կողմերը յայտնեցին, որ Ռուսիոյ եւ Իրանի նպատակն է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատել: