Ռուս-սուրիական համակարգումի կեդրոնը ամերիկեան ուժերէն պահանջեց դուրս գալ սուրիական գրաւուած հողերէն՝ վերացնելու սահմանադրական բարեփոխումներուն եւ  ահաբեկչութեան դէմ պայքարին խոչընդոտները:
Կեդրոնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ մը, յայտնելով որ ԱՄՆ չյարգեց Ռուսիոյ հետ իր համաձայնութիւնը, որուն հետեւանքով ալ 29 Սեպտեմբեր 2019-ին 2000-ի փոխարէն 363 քաղաքացի միայն յաջողեցաւ դուրս ելլել Մուխայամ Ռուքպանէն: