«Ասպարէզ».-13 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Գրողներու Միութեան (ՀԳՄ) հերթական ժողովը քննարկեց Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանը միութեան «Պատուոյ անդամ» դարձնելու հարցը:
Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան ներկայացուց Զաւէն Խանճեանը՝ իբրեւ գրող, հրապարակախօս, սփիւռքահայ հասարակական, կրթական, եկեղեցական գործիչ եւ մեծ հայրենասէր: Ան ըսաւ, թէ առիթը ունեցած էր հանդիպելու Խանճեանի հետ եւ զրուցելու անոր հետ եւ կարդացած է անոր ստեղծագործութիւններէն՝ «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ Իմս» եւ «Հալէպ. Առաջին Կայարան» գիրքերը եւ մասնակցած անոնց շնորհահանդէսին: «Զաւէն Խանճեանի «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ Իմս» հատորը ամփոփումն է Արեւմտահայաստան այցելութենէն կատարուած անջնջելի տպաւորութիւններու: Անոնք ներկայացուած են հայոց պատմութեան, գրականութեան, ճարտարապետութեան, ընդհանրապէս ընդարձակ մշակութային քարտէսի վրայ: Այդ Զաւէն Խանճեանի իմացութեան լայն դաշտն է, ուր զարմանալիօրէն եւ մանրամասնօրեն ամէն քար ու թուփ, վանք եւ երգ, բանաստեղծութիւն ու վկայագիր թաթախուած են հոգեւոր լոյսով ու յուզիչ ելեւէջներով», ըսաւ Միլիտոնեան:
Այնուհետեւ, քանի մը հարցում-պատասխանէ ետք, միութեան անդամները միաձայնութեամբ ընտրեցին Զաւէն Խանճեանը՝ որպէս միութեան «Պատուոյ անդամ»։