Այսօր՝ Ուրբաթ, 11 Հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէի ժամը 4։00-ին, Գամիշլիի ալ Ղարպիէ թաղամասի Մունիր Հապիպ պողոտան ցնցուեցաւ ականապատուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով։

Գամիշլիի կացութիւնը կը մնայ լարուած։ Կը լսուին մօտակայ շրջաններու մէջ ընթացող բախումներու ձայներ։ Թրքական օդուժը կը հրթիռակոծէ շրջանը երրորդ օրն ըլլալով։
Գամիշլիի հայ բնակչութիւնը զգուշութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն։ Ազգային վարժարանները երրորդ օրն ըլլալով փակ կը պահեն իրենց դռները ապահովական պատճառներու բերումով։